
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Արեւմտեան ուժեր «Ոդիսականի արշալոյսը» գործողութեան ծիրին մէջ, Կիրակի, Մարտ 20ի գիշերը դարձեալ հարուածեցին Լիպիոյ օդային պաշտպանութեան համակարգը եւ Երկուշաբթի օր շարունակեցին շրջիլ երկրին վերեւը՝ գործադրելով օդային արգիլեալ գօտի հռչակելու ՄԱԿի անցեալ շաբթուան որոշումը:
Սակայն, անոնց միջամտութիւնը դիւանագիտական լուրջ հարցերու դէմ յանդիման կը գտնուի: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը դատապարտեց «քաղաքայիններու ռմբակոծումը», իսկ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին, որուն երկիրը ձեռնպահ մնացած էր, «Խաչակրութեան» մէկ տարբերակը համարեց այս յարձակումները:
Իրենց կարգին, Լիպիոյ ըմբոստները ողջունեցին միջամտութիւնը, որուն շնորհիւ կասեցուած է Պենկազիի վրայ յարձակումը, սակայն շեշտեցին, թէ պիտի ընդդիմանան օտար ուժերու թափանցումին: Ընդդիմադիրները Երկուշաբթի օր փորձեցին վերագրաւել Աժպատիան, սակայն չյաջողեցան:
Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազաֆի խոստացաւ պարտութեան մատնել «ահաբեկի»չ արեւմտեան ուժերը, եւ յաւելեալ ուժեր ղրկեց Միսրաթա քաղաքը, ուր բուռն բախումներ տեղի ունեցան։
Եւրոպական եւ ամերիկեան ուժերը ռազմական օդանաւերով եւ երկարահաս «Քրուզ» հրթիռներով հարուածեցին Լիպիան: Թիրախներէն մէկն էր Քազաֆիի Թրիփոլիի համալիրը, հակառակ այն պնդումներուն, որ Քազաֆի յարձակումներուն թիրախը չէ:
Օդային արգիլեալ գօտի մը հաստատելու գաղափարին հաւանութիւն տուած Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա յայտնեց, որ այն, ինչ տեղի կ՛ունենայ, չի համապատասխաներ արգիլեալ գօտի մը հաստատելու պահանջներուն։ «Մեր ուզածը քաղաքայիններու պաշտպանութիւնն է եւ ոչ թէ քաղաքայիններու ռմբակոծումը»։
Միացեալ Նահանգներու սպայակոյտի պետ ծովակալ Մայք Մալըն յայտնեց, որ թռիչքներու արգիլեալ գօտին հաստատուած է, սակայն զինուորական գործողութեան վերջնական արդիւնքի պատկերացումը «շատ ստոյգ չէ»։ Ան նշեց, որ քաղաքային զոհերու մասին զեկուցումներ չէ տեսած, սակայն Ռուսիա յայտնեց, թէ նման զոհեր արձանագրուած են: Ըստ Լիպիոյ, 64 քաղաքայիններ սպաննուած են:
Ամերիկա կ՛ուզէ իսլամ երկիրներ եւս ներգրաւել այս գործողութիւններուն մէջ, որոնց հրամանատարութիւնը կ՛ուզէ յանձնել ՆԱԹՕին կամ Ֆրանսա-Բրիտանիա միացեալ մարմինի մը: