
ՍԱՆԱԱ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Մարտ 21ին, մինչ բանակային հրասայլեր եւ զրահապատ մեքենաներ մայրաքաղաք Սանաայի մէջ տեղակայուեցան, Եմէնի բանակէն երեք բարձրաստիճան հրամանատարներ միացան նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հրաժարականը պահանջող ընդդիմութեան։ Անոնք Սալեհի նման անդամ են հաշիտ ցեղախումբին, որ իր զօրակցութիւնը յայտնեց ընդդիմութեան միացած հրամանատարներուն: Ցեղախումբը մէկ օր առաջ նախագահին հրաժարելու կոչ ուղղած էր:
Ընդդիմութեան միացողներուն շարքին էին նաեւ Քուէյթի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Սպանիոյ եւ Չեխիոյ, ՄԱԿի եւ Լիբանանի մօտ Եմէնի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Ատենի նահանգապետը։ Ընդդիմութեան միացան նաեւ իշխող կուսակցութենէն 30 երեսփոխաններ։
Սակայն, Եմէնի նախագահը յայտարարեց, որ ինք իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ, իսկ պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ բանակը նախագահ Սալեհի կողքին է։
Տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ Կիրակի օր մաս կազմեցին իշխանամէտ զինեալներու կողմէ Ուրբաթ օր սպաննուած 44 ցուցարարներու յուղարկաւորութեան, որմէ ետք Եմէնի ամենազդեցիկ կրօնական ղեկավարները եւս նախագահին կոչ ըրին հրաժարելու, իսկ երկրին մարդկային իրաւանց նախարարը յայտարարեց, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն։