(Մահուան Քառասունքին Առթիւ)
ԼԵՒՈՆ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

Քառասուն օրեր առաջ էր, երբ խոր կսկիծով կ՛իմանայինք քուէյթահայութեան հանրածանօթ եւ գաղութին նուիրեալ ազգայիններէն Վիգէն Շաղզոյեանի մահուան գոյժը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 18 Փետրուարին, Լոս Անճելըսի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, ուր յաճախակի կերպով դարմանումի կ՛ենթարկուէր:
Երկար տառապանքէ ետք, Վիգէնը չկրցաւ դիմադրել իրեն վիճակուած ճակատագիրին, անզօր կերպով մաքառեցաւ իր կեանքին սպառնացող մահուան դէմ, ի վերջոյ իյնալու համար գիրկը յաւիտենութեան: Ցաւն ու վիշտը արիւնոտած էին բոլոր հարազատներուն սրտերը, իր անմխիթար կողակիցին՝ Գոհարին, երեք որդիներուն՝ Արմէնին, Վահէին, Վաչէին, եւ անոնց ընտանիքներուն:
Քուէյթահայ գաղութը՝ ընդհանրապէս, եւ աշխարհացրիւ նախկին քուէյթահայերը՝ մասնաւորաբար, սգացին կորուստը այս մեծ հայորդիին:
Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին, Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան որոշումով, ազգային թաղում կատարուեցաւ Շաբաթ, 26 Փետրուարին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ թաղման կարգը՝ Հոլիվուտ Հիլզի Ֆորեսթ Լոն գերեզմանատան մէջ, ուր հողին յանձնուեցաւ ընկերոջ մարմինը:
Ընկեր Վիգէն քուէյթահայութեան ոսկեդարու պատմութիւնը կերտեց՝ դպրոցին, եկեղեցիին, կաթողիկոսարանին, Հայ Դատին եւ ազգային այլ կառոյցներու նկատմամբ իր ցուցաբերած անսակարկ նուիրումով, բարերարութիւններով եւ օգնութիւններով:
1980ի Փետրուարին, թոքերու գործողութեան ենթարկուեցաւ Լոնտոնի մէջ, ուր իր թոքերէն կարեւոր մաս մը կորսնցուց: Իրեն արտօնուած չէր այլեւս անապատային փոշիախառն օդը շնչել: Ձմեռնային եղանակը ընդհանրապէս Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի շրջանին մէջ կ՛անցընէր, եւ հոն ունէր իր ընկերութեան մէկ մասնաճիւղը, իսկ ամառները՝ Լոս Անճելըսի մէջ:
Թուելու համար անոր անգնահատելի ծառայութիւնները՝ տասնամեակներ ամբողջ քուէյթահայ գաղութին մէջ, յետադարձ ակնարկ մը պէտք է նետել 60ական թուականներէն սկսեալ, երբ ազգային-հասարակական կեանքի կողքին, սկսաւ իր ազգանուէր ծառայութիւնները՝ գաղութի ծաղկումին եւ յառաջդիմութեան համար:
Քուէյթի քարիւղի կեդրոն Ահմատիի շրջանին մէջ հաստատուած «Ալի Ալ Սայեղ» գործարարական իր ընկերութիւնը վարեց տարիներով: Մեծ վարկ ու հեղինակութիւն կը վայելէր հայ համայնքին մէջ, ինչպէս նաեւ քուէյթցի ականաւոր անձերու եւ գործարարներու մօտ:
Ձերբազատուելու համար Ազգ. վարժարանի վարձու առնուած հին շէնքէն, Ազգային վարչութիւնը (որուն մաս կը կազմէր ան) յանդուգն նախաձեռնութեամբ մը, 1972ի գարնան կ՛որոշէ սեփական հողի վրայ վարժարան մը կառուցանել՝ 800 հայ աշակերտներ հաշուող գաղութին համար: Ծրագիրը մեծ էր եւ վճռական:
Հանգանակիչ յանձնախումբեր նշանակուեցան հայ ընտանիքներ ընդգրկող բոլոր շրջաններուն համար, որոնք անմիջապէս ձեռնարկեցին հանգանակային աշխատանքներու, որոնք գոհացուցիչ կերպով արդիւնաւորուեցան: Կը մնար հողաշերտի պարագան:
Վիգէն Շաղզոյեան, քուէյթցի իր ընկերոջ երաշխաւորութեամբ եւ հողի գնման համար անոր նիւթական աջակցութեամբ (իբրեւ փոխատուութիւն), հողաշերտը գն-ուեցաւ եւ շուտով սկսան կառուցման աշխատանքները: Վ. Շաղզոյեան իր ընկերութենէն մեծ քանակութեամբ շինանիւթեր եւ մեծ թիւով գործաւորներ տրամադրեց, որպէսզի շինարարական աշխատանքները չկաղան: Նորակառոյց Ազգային վարժարանը (Մանկապարտէզէն մինչեւ Միջնակարգ ու յետագային՝ Երկրորդական) իր դռները բացաւ 1973ի Սեպտեմբերին՝ 800 հայ աշակերտներով: Ընդհանուր գոհունակութիւն կը տիրէր գաղութին մէջ, ի տես հայութեան ճակատը բարձրացնող նորակառոյց այս վարժարանին: Երջանկայիշատակ Խորէն կաթողիկոս Բարոյեան իր շքախումբով Քուէյթ ժամանեց 1974ի Փետրուար 24ին:
Յաջորդ օրը՝ Փետրուար 25ին (Քուէյթի Անկախութեան օրը), վեհափառը պաշտօնական բացումը կատարեց նորակառոյց վարժարանին, ընդհանուր խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ: Առ ի գնահատանք ընկեր Վիգէնի բարերարութիւններուն եւ ազգասիրական բազմապիսի ծառայութիւններուն, վեհափառը «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանով պարգեւատրեց զինք:
Նկատի ունենալով Քուէյթի հայ գաղութի բնակչութեան յարաճուն վերելքը, Վիգէնը եւ երէց եղբայրը՝ Արշաւիրը, նպատակայարմար եւ հրամայական գտան գաղութը օժտելու Առաջնորդական թեմով մը: Ուստի, Պէյրութի մէջ վեհափառ Խորէն կաթողիկոսին ներկայանալով՝ իրենց փափաքը յայտնեցին: Ազգ. վարչութիւնը, իր կարգին, 1979ին հանգամանօրէն քննելով այս հարցը՝ պաշտօնական դիմում կատարեց վեհափառին եւ դրական պատասխան ստացաւ: 1981ի Սեպտեմբերին, Օշական Ծ. վրդ. Չօլոյեան ուղարկուեցաւ՝ իբրեւ կաթողիկոսական փոխանորդ Քուէյթի Հայոց թեմին: Մինչ այդ, կաթողիկոսական թեմի հոգեւոր հովիւ Պարոյր Ա. քհնյ. Սարգիսեան տարիներու իր եկեղեցաշէն ծառայութեամբ եւ փորձառութեամբ մեծ վաստակ եւ ներդրում ունեցած է եկեղեցւոյ, դպրոցի, գաղութի, ազգային եւ մշակութային կազմակերպչական բնագաւառներուն մէջ:
Եկեղեցւոյ նկատմամբ իր զանազան նիւթաբարոյական օժանդակութիւններով, Վիգէն Շաղզոյեան 1979ին սատար հանդիսացաւ եկեղեցւոյ, առաջնորդարանի եւ ժողովասրահի բարենորոգումի ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն: Այլ բարերարութիւններու շարքին, աւելցնենք նաեւ, որ գեղատեսիլ Լիբանանի մայրիներու շուքին տակ, լիբանանահայութեան միջնաբերդ Պուրճ Համուտի մէջ կը կանգնի ընկերներ Վիգէնի եւ Արշաւիրի բարերարութեամբ կառուցուած «Շաղզոյեան» կեդրոնը:
Աւելի քան 50 տարիներ առաջ ճանչցած եմ զինք եւ Շաղզոյեան ընտանիքը: Ազգային-հասարակական կեանք ունեցած ենք միասին: Մեծ հեղինակութիւն էր ինք, եւ արժէքաւոր՝ իր խորհուրդներն ու կարծիքները:
Վերջին անգամ զինք տեսայ Լոս Անճելըս, 2005ին, քուէյթահայ երկու նախկին ընկերներու հետ: Շատ բծախնդիր եւ հաւատաւոր կուսակցական էր, եւ հաւատարիմ հետեւորդը՝ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան:
Շաղզոյեան ընտանիքը պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուած են բազմաթիւ տարիներով, Քուէյթի հայ գաղութի բոլոր կառոյցներուն մէջ, ազգային կեանքի կազմութեան առաջին իսկ օրէն:
Տեսնելու բան էր, թէ ինչպէ՛ս գաղութը ստեղծուեցաւ 50ական թուականներուն, երբ ազգասէր հայորդիներ քով-քովի գալով՝ կազմեցին այսօրուան պատուաբեր մեր գաղութը, որ մի՛շտ ալ հիացմունքի արժանացած է տեղացի քուէյթցիներուն կողմէ:
Այս տարուան Մայիսին, երբ Քուէյթի հայ համայնքը կը տօնէ իր դպրոցի հիմնադրութեան 50ամեակը, Վիգէն Շաղզոյեանի անունը ոսկի տառերով պիտի գրուի քուէյթահայութեան պատմութեան էջերուն վրայ:
Աւա՜ղ, ընկեր Վիգէն, կորուստդ ահաւոր եղաւ: Անապատին մէջ ծաղկած գաղութի մը ամբողջ պատմութիւնը հետդ առած՝ մեկնեցար այս նամարդ աշխարհէն, դէպի յաւիտենութիւն:
Քաղցրահամբոյր ժպիտդ, բարեմասնութիւններդ եւ յիշատակներդ միշտ վառ պիտի մնան բոլոր ընկերներուդ սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ: Չեմ մոռցած ամէնէն մօտիկ եւ մտերիմ ընկերոջդ՝ Մայիլին, հոգեվիճակը՝ հեռաձայնին ընդմէջէն:
Գլխագիր յարգանք եւ պատիւ քեզ, ով Վանայ ծովու կարօտով տառապած անմոռանալի ընկեր Վիգէն:
Հողը թեթեւ գայ վրադ: Պտղունց մը խունկ ու աղօթք՝ անթառամ յիշատակիդ:
ԳԱՆԱՏԱ