
UCLA-ի Նարեկացիի անուան հայագիտական ամպիոնի բարեկամներու միութիւնը՝ համալսարանի կողմէ ճանչցուած իբրեւ հայ համայնքի հետ կամրջող օղակ, իր յառաջիկայ Ապրիլ 3ի հանդիսաւոր ճաշկերոյթին, Նարեկացիի անուան շքանշանով պիտի պարգեւատրէ խմբավար, մեկնաբան, հետազօտող եւ արտակարգ երաժշտագէտ Վաչէ Պարսումեանը՝ առ ի գնահատանք հայ երաժշտական մշակոյթի զարգացման մէջ իր բերած բազմակողմանի եւ բացառիկ նպաստին։
Պարսումեան հասակ առնելով Պէյրութի մէջ, մօտէն ծանօթացած ու ներքաշուած է այդ օրերու լիբանանեան ու հայկական երաժշտական ճոխ առօրեայէն ներս, ուր լիբանանահայ արուեստագէտները, խմբավարներն ու երաժշտահանները աչքառու դեր խաղցած են երկրին երաժշտական կեանքի զարգացման մէջ, յատկապէս Արեւմտեան արուեստի ճաշակը եւ բազմաձայն երգչախումբի աւանդութիւնը արմատաւորելու գործընթացի ճամբով։ Այս միջավայրին մէջ աճելով, Պարսումեան, աւարտելէ ետք Լիբանանի երաժշտանոցը, կը սկսի երաժշտութիւն դասաւանդել Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ, Ամերիկեան համալսարանէն ներս, Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական հաստատութենէն ներս, ինչպէս նաեւ Պէյրութի Համալսարանական քոլեճին մէջ։
Վ. Պարսումեան, արհամարհելով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ պայմանները, կը շարունակէ իր երաժշտական գործունէութիւնը, 1984ին հիմնելով «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, համագործակցութեամբ Համազգային մշակութային միութեան։ Ի վարկաւորումն Վաչէ Պարսումեանին, երաժշտանոցը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը 25 տարիներէ ի վեր։
Տեղափոխուելով Միացեալ Նահանգներ, Վ. Պարսումեան իր մասնագիտական ուսումը կը կատարելագործէ Փրինսթընի (Նիւ Ճըրզի) Westminister Choir College-ին մէջ՝ նախքան Քալիֆորնիա տեղափոխուիլը։ Այստեղ, ան ձեռնամուխ կ՛ըլլայ աւելի խոստմնալից աշխատանքի մը, մեկնարկելով Կլենտէյլի ԼԱՐՔ Երաժշտական ընկերակցութիւնը 1989ին, որ հետզհետէ ծաղկունք ապրելով, աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր հոմանիշը դարձած է հայկական դասական երաժշտութեան հիմնարկութեան մը Մեծն Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ, հաստատ անուն մը ապահովելով իրեն համար հայ եւ ոչ-հայ դասական երաժշտութեան ունկնդիրներու մէջ՝ իր ներկայացուցած բարձրորակ կատարումներով։ Կարելի է հաստատօրէն ըսել թէ յաջորդաբար նորովի մեկնաբանութեամբ բեմ հանուած, հայ օփերայի հիմնադիր Տիգրան Չուխաճեանի երեք օփերեթները, որոնք կարծես թէ շուրջ դարէ մը ի վեր մոռացութեան էին մատնուեր, կրկին վերադարձան հայ դասական արուեստի գանձարանը։ Արդարեւ, ՀԲԸ Միութեան Արտաւազդ թատերական ընկերակցութեան հետ սերտ գործակցութեամբ ներկայացուած «Զուարթ» (2003), «Լէպլէպիճի Հոր-Հոր Աղա» (2006) եւ «Զեմիրէ» (2009) օփերեթթները լաւագոյն վկայութիւնն են Վ. Պարսումեանի երաժշտական բեղուն գործունէութեան։ Այս վիթխարի աշխատանքը գլուխ հանելու նպատակով Վ. Պարսումեան ճամբորդած է Թուրքիա եւ Հայաստան՝ կարելի եղածին չափ վաւերական նիւթեր հաւաքելու համար կապուած բնագրի հետ։
Ներկայիս ԼԱՐՔը իր երաժշտական գործունէութիւնը ծաւալած է եօթը ուղղութիւններով, որոնցմէ են՝ Աւագներու երգչախումբը, «Ծիածան» մանկական երգչախումբը, Ժողովրդական գործիքներու համոյթը եւ «Տաւիղ» պարային խումբը։ 2006ին այս վերջիններուն միացաւ նաեւ «Դիլիջան» Երաժշտական Խումբը՝ ղեկավարութեամբ UCLA-էն ներս ջութակի փրոֆեսէօր Մովսէս Պօղոսեանի։
Պէտք է արժանի գնահատական տալ Վ. Պարսումեանին նաեւ ԼԱՐՔէն ներս «Դրազարկ» հրատարակչութիւնը հաստատելուն համար։ Այս ծրագիրի շնորհիւ հնարաւոր եղած է հրատարակել շարք մը կարեւոր երաժշտական մենագրութիւններ հայ երաժշտական դէմքերու եւ պատմութեան վերաբերեալ։ Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ է Մեծն Կոմիտասի յօդուածներու հրատարակութիւնը՝ նուիրուած հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութեան առանձնայատկութիւններուն, զորս Վ. Պարսումեան ներկայացուցած է անգլիախօս լայն հասարակութեան՝ իր գրաւիչ ու հեզասահ անգլերէնով։
Օժտուած ըլլալով երաժիշտները եւ ունկնդիր հասարակութիւնը խանդավառելու մեծ տաղանդով, տեսիլքով եւ անխոնջ ներուժով, Պարսումեան 2001ին արժանացած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի պատուոյ փրոֆեսէօրի կոչումին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին (2005) եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան շքանշանին 2008ին։
Նարեկացիի անուան հայագիտական ամպիոնի բարեկամներու միութեան հանդիսաւոր ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ UCLA.ի Faculty Center-ին մէջ (Westwood, Hilgard եւ Westholme փողոցներ), Կիրակի, Ապրիլ 3ին։ Ընդունելութիւնը ժամը 6էն սկսեալ, իսկ ճաշկերոյթը՝ ժամը 7ին։ Տոմսերու համար հաճեցէք հեռաձայնել հետեւեալ հեռաձայնի թիւերուն (310)704-4353 կամ (818)249-3330: