ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Երբեմն իսկապէս խղճալի վիճակներու կը մատնուին ձախողած այն պատմաբանները, որոնք իրենց օրուան հացը ապահովելու համար ստանձնած են պատմութիւնը «մաքրագործելու» պարտականութիւնը, այս կամ այն երկրին վարկը բարելաւելու նպատակով:
Այս խեղճերէն մէկն է ամերիկացի պատմաբան Ճասթին ՄըքՔարթին, որ տասնամեակներէ ի վեր Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ պայքարին վարձկան մը դարձած է՝ ստանձնելով Անգարայի պաշտօնական տեսակէտները պաշտպանելու դժուար պարտականութիւնը:
Սակայն, ըստ երեւոյթին, ան եւս սկսած է հասկնալու, թէ դժուար է լեզու գտնել կառավարութեան մը հետ, որ հարց ունի պարզ իրականութիւնները ընդունելու:
Արդարեւ, «Մարմարա» կը գրէ, թէ Թուրք-ամերիկեան միութիւններու կողմէ կազմակերպուած համագումարի մը ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ, ան ցաւ յայտնած է, որ Անգարա տակաւին չ՛ընդունիր, թէ թուրքերու մասին անախորժ ու վանողական պատկերը գրեթէ անփոփոխ մնացած է:
«Ամերիկացիները թուրքը կը նկատեն սարսափազդու, կոպիտ ու ոճրագործ մարդ։ Այս ժխտական պատկերը ստեղծուեցաւ ամերիկացի աւետարանիչներու կողմէ, որոնք Ամերիկայի մէջ թուրքերը ծանօթացուցին ժխտական գիծերով՝ օգտագործելով նաեւ հայոց տեղահանութեան հարցը։ Ամերիկայի դպրոցներուն մէջ գործածուած դասագիրքերը միշտ թուրքը ցոյց կու տան իբրեւ յանցագործ, սարսափազդու, կոպիտ, մէջքին վրայ դաշոյնով, ու ֆէսով», ըսած է ան, աւելցնելով, որ Ամերիկայի մէջ բոլորը իրեն կ՛ըսեն, թէ «Ամէն մարդ գիտէ, որ թուրքերը գործած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ու ոչ մէկը հաւատք կ՛ընծայէ, երբ ինք «պատմական տուեալներ» ներկայացնելով՝ կ՛ուզէ փաստել, որ ցեղասպանութիւն չէ կատարուած։
ՄըքՔարթի յանձնարարած է, որ թուրքերը նախ պէտք է ընդունին, թէ իրենց մասին նման ժխտական պատկեր մը տարածուած է, ապա պէտք է պայքարին անոր դէմ։
«Թուրքերը պէտք է ընդունին նաեւ, որ կարգ մը սխալներ գործուեցան պատերազմի այդ օրերուն, եւ մահերը միայն մէկ կողմէն չէ որ պատահեցան», ըսած է ան, միաժամանակ շեշտելով, որ հայկական տեսակէտները ջրելու հարցին մէջ թուրքերը պէտք է «համեստ դիրք չգրաւեն, այլ աւելի համարձակօրէն պաշտպանեն իրենց գաղափարները», եզրա-կացուցած է ան։