
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Հոլիվուտի մասնաճիւղը կոչ կ՛ուղղէ Փոքրիկ Հայաստանի հայ համայնքին, Սթիւ Պոտոզեանի կեանքը փրկելու ճիգին միանալու:
Սթիւ կը տառապի արեան քաղցկեղէ, որ կը սպառնայ իր կեանքին: Փրկելու համար Սթիւի կեանքը, ողնածուծի պատուաստում մը պէտք է կատարուի 18-50 տարեկան հայ անձէ մը, որ պատրաստ է պատուաստը նուիրելու: Հինգշաբթի, Մարտ 31ին, Հայկական Ողնածուծի Շտեմարանը արշաւ մը պիտի իրականացնէ՝ յարմար նուիրատուն գտնելու առաջադրանքով:
«Յարմար անձը կրնայ մեր համայնքէն ոեւէ մէկը ըլլալ, այդ իսկ պատճառով, պէտք է ըստ կարելւոյն մեծ թիւով մարդիկ ներգրաւենք այս արշաւին մէջ», յայտարարեց Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի համանախագահ Փօլ Սերայտարեան:
«Քննութիւնը որեւէ ցաւ չի պատճառեր եւ հազիւ ձեր ժամանակէն քանի մը երկվայրկեան կը խլէ, որուն շնորհիւ, սակայն, կրնաք երիտասարդի մը կեանքը փրկելու բերկրանքը ապրիլ», յայտարարեց Սերայտարեան:
Արեան նուիրատուներու արշաւը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 31 Մարտին, երեկոյեան ժամը 5-9, Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցին մէջ, 1420 S. Central Ave., Glendale, CA 91204:
Հոլիվուտի բնակիչները կրնան արշաւի վայրը հասնիլ թիւ 180, 181 կամ 780 հանրակառքերը օգտագործելով: Այդ հանրակառքերը կայաններ ունին Հոլիվուտ, Վըրմանթ եւ Լոս Ֆելիզ պողոտաներուն վրայ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կրնաք հեռաձայնել Արփի Քէսթէնեանին՝ (818)641-8349) թիւով:
——————————————————————————————————————-
ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղը՝ «Փրկենք Փոքրիկ Հայաստանի Երիտասարդ Բնակիչի Մը Կեանքը» յայտարարութիւնը առաւելագոյն թիւով հայորդիներու հասցնելու համար, կը ստանձնէ Փոքրիկ Հայաստանի մէջ թերթին անվճար տարածման ծախսերը:
Շնորհակալութիւն: