ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

2004 եւ 2005 թուականներէն ի վեր, երբ «Նիւ Եորք Լայֆ» եւ «AXA» ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ դատական գործընթացը աւարտեցաւ՝ բաւարարելով 37.5 միլիոն տոլարի պահանջը, Ցեղասպանութեան տարիներուն ապահովագրուած անձանց ժառանգորդներուն եւ Հայկական բարեգործական կազմակերպութիւններուն կատարուած փոխհատուցումները երբեք չեն բացայայտուած:
Վերջին տարիներուն, տարաձայնութիւններ ծագեցան իրաւաբաններու միջեւ, որոնք միասնաբար երկու ընկերութիւններու դէմ հայց յարուցած էին: Անցեալ տարի փաստաբան Վարդգէս Եղիայեանը միջնորդութիւն ներկայացուց դատարան՝ անկախ կառավարիչ նշանակելու պահանջով, իր երկու գործընկեր դատապաշտպաններ Մարք Կիրակոսի եւ Պրայըն Քապաթեքի կողմէ կատարուած բաշխումները վերահսկելու նպատակով: Դատաւորը մերժեց Եղիայեանի պահանջը:
Ընթացիկ ամսուան սկիզբը, դիրքերը փոխուեցան, երբ իրաւաբան Կիրակոս եւ Քապաթեք Լոս Անճելըսի Գերագոյն դատարան հայց յարուցեցին Եղիայեանի եւ անոր կնոջ՝ Ռիթա Մահտէսեանի դէմ՝ զանոնք մեղադրելով խարդախութեամբ եւ հայկական բարեգործական կազմակերպութիւններու համար նախատեսուած շուրջ 1 միլիոն տոլարի չափով ապահովագրական վճարումներ իւրացնելու յանցանքով: Եղիայեան կտրականապէս մերժեց մեղադրանքները եւ «Տէյլի Ճըրնըլ»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ ըսաւ, թէ Կիրակոս եւ Քապաթեք «գաղտնաբար աւելի քան 17 միլիոն տոլար կուտակած են փոխհատուցման միջոցներէն» եւ չյաջողեցան «ներկայացնել գումարներու բաշխման հաշուետուութիւնը»:
Համայնքի որոշ անդամներ մտահոգուած էին, որ այս մեղադրանքները կրնան շահագործուիլ թրքական մամուլին կողմէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման պահանջը կասկածի տակ դնելու նպատակով, իսկ ուրիշներ անհանգստացած էր անով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու արդարօրէն պատկանող (նիւթական) միջոցները կրնան ոչ նպատակայնօրէն օգտագործուիլ եւ իւրացուիլ:
Մեկնելով մեր նախնական ուսումնասիրութեան արդիւնքներէն՝ ստորեւ կը ներկայացնենք, թէ մօտաւորապէս ինչպէ՞ս բաշխուած է «Նիւ Եորք Լայֆ» ապահովագրական ընկերութեան կողմէ յատկացուած 20 միլիոն տոլար գումարը (առաւել կուտակուած տոկոսը).
– Շուրջ 9 միլիոն տոլար տրուած է «Նիւ Եորք Լայֆ»ի չհատուցուած 2300 ապահովագրուողներէն 1500ի ժառանգորդներուն: Մնացած 800 ապահովագրուողներուն ժառանգորդները չեն ներկայացած.
– 4 միլիոն տոլար հաւասարապէս բաշխուած է փաստաբաններ Կերակոսի, Քապաթեքի եւ Եղիայեանի միջեւ, իրենց ընտրութեամբ՝ բարեգործական կազմակերպութիւններու յատկացնելու համար:
– Իրաւաբանական ծառայութիւններու վճարումներուն համար 4 միլիոն տոլար յատկացուած է չորս փաստաբաններուն (Կիրակոս, Քապաթէք, Եղիայեան եւ Ուիլեըմ Շերնոֆ), որոնք կը ներկայացնեն հայ հայցուորներուն կողմը՝ սոյն խմբային դատին մէջ:
– 3 միլիոն տոլար նուիրուած է ինը գլխաւոր հայկական բարեգործական կազմակերպութիւններու:
– Շուրջ 1 միլիոն տոլար ծախսուած է վարչական ծախսերու համար, ապահովագրուողներու ժառանգորդներուն գումարները բաշխելու նպատակով: Արդարեւ, Քալիֆորնիոյ ապահովագրութեան հարցերով յանձնակատարին կողմէ ստեղծուած է երեք անդամէ բաղկացած Settlement Fund Boardը՝ ստուգելու համար ապահովագրուած զոհերու ընտանիքներէն կենդանի մնացած անդամներուն կողմէ ներկայացուած փաստաթուղթերը:
Մեկնած նմանատիպ նախնական ուսումնասիրութեան մը արդիւնքներէն՝ ստորեւ կը ներկայացնենք, թէ մօտաւորապէս ինչպէ՞ս բաշխուած է «AXA» ընկերութեան կողմէ յատկացուած 17.5 միլիոն տոլար գումարը (առաւել կուտակուած տոկոսը).
– Շուրջ 8.5 միլիոն տոլար տրուած է «AXA» ընկերութեան 11,000 ապահովագրուած անձանց անյայտ թիւով ժառանգորդներուն:
– 3 միլիոն տոլար երեք փաստաբաններուն կողմէ յատկացուած է Ֆրանսայի հայկական բարեգործական կազմակերպութիւններուն:
– 3 միլիոն տոլար յատկացուած է այս խմբային դատին մէջ հայ հայցուորները ներկայացնող երեք փաստաբաններուն (Կիրակոս, Քապաթէք եւ Եղիայեան), անոնց իրաւաբանական ծառայութիւններու վճարումները փակելու համար:
– 2.85 միլիոն տոլար հաւասարապէս բաշխուած է փաստաբաններ Կիրակոսի, Քապաթեքի եւ Եղիայեանի միջեւ, իրենց ընտրութեամբ բարեգործական կազմակերպութիւններու յատկացնելու համար:
– 150,000 տոլար (կրնայ ըլլալ աւելին) յատկացուած է վարչական ծախսերու, ապահովագրուած անձանց ժառանգորդներուն կողմէ ներկայացուած փաստաթուղթերը ստուգելու կապակցութեամբ:
Հարկ է նշել, որ դաշնակցային դատաւոր Քրիսթինա Սնայտըրի կողմէ հաստատուած Փոխհատուցման համաձայնագիրով կը յանձնարարուի բարեգործական բոլոր կազմակերպութիւններուն, որ «Նիւ Եորք Լայֆ» ընկերութենէն նիւթական միջոցներ ստանալու օրէն մինչեւ վեց ամիս երկարող ժամանակամիջոցին, պէտք է դատարան ներկայացնեն այս հատուցումները ծախսելու մասին համապարփակ հաշուետուութիւն: Յայտնի չէ, թէ արդեօք պահանջուող հաշուետուութիւնները ներկայացուեցա՞ն գումարները ստացողներուն կողմէ: Փոխհատուցման համաձայնագիրին մէջ նշուած է նաեւ, որ Քալիֆորնիոյ գլխաւոր դատախազը իրաւունք ունի պահանջելու այս դրոյթներուն կատարումը, եւ խախտումներու պարագային՝ դատական գործ յարուցելու:
«AXA» ընկերութեան պարագային, Փոխհատուցման համաձայնագիրով կը պահանջուի, որ բարեգործական կազմակերպութիւնները, վեց ամսուան ընթացքին, հաշուետուութիւն ներկայացնեն հայցուորներուն եւ «AXA»ի փաստաբաններուն, իրենց ստացած գումարներու օգտագործման մասին:
Լոս Անճելըսի գերագոյն դատարանը այժմ հնարաւորութիւն ունի վերատեսութեան ենթարկելու փաստաբաններ Կիրակոսի եւ Քապաթեքի կողմէ Եղիայեանին եւ Ռ. Մահտէսեանին դէմ ներկայացուած բոլոր մեղադրանքները՝ որոշելու համար, թէ արդեօ՞ք ապահովագրական հատուցումներուն գումարները նպատակային կերպով օգտագործուած են: Մինչ այդ, ոչ ոք պէտք է որեւէ եզրակացութիւն կատարէ ներգրաւուած կողմերէն ոեւէ մէկուն մեղաւորութեան կամ անմեղութեան մասին:
Իրաւական պահանջներէ անկախ, բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք երկու ապահովագրական ընկերութիւններուն հետ կնքուած համաձայնագիրներէն դրամական միջոցներ ստացած են, ունին բարոյական պարտք՝ Հայկական համայնքին բացայայտելու իրենց ստացած եւ ծախսած գումարներուն չափերը: Նմանապէս, երեք փաստաբանները պէտք է հրապարակեն բոլոր այն փոխհատուցումները, զորս անոնք կատարած են կազմակերպութիւններուն: Աւելին, երեք փաստաբաններուն, ինչպէս նաեւ Settlement Fund Board-ի երկու մարմիններուն եւ անոնց աշխատակազմի տնօրինութեան տակ գտնուող բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին կատարուած վճարումներուն, պէտք է պահպանուին մինչեւ այս դատական գործընթացին աւարտը:
Այն մարդիկ, որոնց վստահուած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն պատկանող գումարները, ունին սուրբ պարտականութիւնը՝ այդ գումարներուն գծով մեծ զգուշաւորութեամբ եւ խնամքով վերաբերելու: Նման վերաբերմունք չցուցաբերելու պարագային, ա-նոնք արժանի պիտի ըլլան դատապարտուելու ամբողջ աշխարհի խղճամիտ մարդկանց կողմէ: