ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութեան կողմէ պատրաստուած եւ Թուրքիոյ ի նպաստ քարոզչութիւն կատարող հատորին նորագոյն տարբերակը լոյս տեսած է 11 լեզուներով՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, արաբերէն, ռուսերէն, ճափոներէն, սպաներէն, փորթուկալերէն, չինարէն, պարսկերէն ու վիեթնամերէն:
Թուրքիոյ մասին քաղաքական, տնտեսական, աշխարհագրական, մշակութային ու այլ տեղեկութիւններ փոխանցելու կողքին, գիրքին պարտականութիւններէն մէկն է նպաստել Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին՝ պնդելով, թէ «1915ի իրադարձութեանց մասին հայկական պնդումները անհիմն են»: