
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ամերիկայի Երիտասարդ թուրքերու միութիւնը կը պատրաստուի Ապրիլ 30ին հանրահաւաք մը կազմակերպելու Նիւ Եորքի մէջ։ Ամերիկա բնակող թուրքերուն թիւը մօտաւորապէս 250 հազար է. անոնք ունին աւելի քան 100 միութիւններ։ Միութիւններու աշխատանքին կը հսկեն Թրքական համախմբումը ու Ամերիկայի թրքական միութիւններու դաշնակցութիւնը։
Այս երկու կազմակերպութիւններու հսկողութեան տակ է նաեւ Երիտասարդ թուրքերու միութիւնը, որուն նախաձեռնութեամբ պիտի իրականացուի Ապրիլ 30ի հանրահաւաքը, Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակին վրայ։
Միութեան նախագահ Թոլկա Թեքման կը յայտնէ, թէ իրենց նպատակն է աշխուժացնել Ամերիկայի թրքական համայնքը, «որպէսզի ան «ո»չ ըսելով՝ վերջ դնէ հայկական սուտերուն եւ տէր կանգնի Թուրքիոյ ազգային դատին, ամբողջ աշխարհը տեղեակ պահելով ճշմարտութենէն»։