ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Միացեալ Նահանգներ հաստատուած ատրպէյճանցիներու ներկայացուցիչներ, քոնկրեսականներու նամակներ յղելու նոր արշաւի մը սկսած են՝ այս անգամ մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստանի հիւլէակայանին հարցով:
Նամակներուն մէջ անոնք կը պնդեն, թէ Մեծամորի հիւլէակայանը վտանգ կը սպառնայ Ատրպէյճանի ժողովուրդին, որովհետեւ «երրորդ աշխարհին մաս կազմող» Հայաստանի իշխանութիւնները անտարբերութեամբ կը մօտենան անոր ապահովութիւնը երաշխաւորելու աշխատանքներուն:
Ամերիկայի ատրպէյճանցիները կը պնդեն, թէ Հայաստանի խոստացուած ամերիկեան բոլոր օժանդակութիւններուն յանձնումը պէտք է կապել հիւլէակայանը փակելու նախապայմանին: