
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի երեկոյեան, աշխատանքային այցով Լոս Անճելըս գտնուող Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեան, մամլոյ ասուլիս մը ունեցաւ Հայ մշակութային ընկերակցութեան Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ:
Հայկական ուսումնասիրութեանց ազգային ընկերակցութեան, Արարատ տան «Էսքիճեան» թանգարանի եւ Պոլսահայ միութեան կողմէ շրջանս հրաւիրուած դոկտ. Դեմոյեանը ամփոփ կերպով ներկայացուց Թանգարանի ներկայ աշխատանքներն ու անոր դէմ ծառացած խնդիրները: Իր զեկոյցէն ետք, Դեմոյեան պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նախորդող այս քանի մը տարիներուն, Թանգարանը առաւել թափով աշխատելու եւ իր աշխատանքները հայ եւ օտար շրջանակներուն ներկայացնելու ծրագիր մշակած է: Ամէն տարի շուրջ 120,000 այցելու ունեցող Թանգարանը ունի նաեւ յատուկ ցուցահանդէսներով արտասահմանի հանրութեան ներկայանալու ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը ընթացքի մէջ է:
Թանգարանի նորագոյն ձեռնարկը Պաքուի պատմութեան ու այդ քաղաքի զարգացման մէջ հայութեան դերի մասին պատրաստուած կայքէջն է, որ հսկայական ազդեցութիւն ձգած է մանաւանդ ատրպէյճանցի հանրութեան վրայ:
Դոկտ. Դեմոյեան իր զեկոյցին մէջ նաեւ անդրադարձաւ թրքական կառավարութեան ուրացման ու ժխտողական քաղաքականութեան նոր, առաւել կատարելագործուած դրսեւորումներուն, որոնց համապատասխան հակազդեցութիւն մշակելու կարեւորութիւնը ընդգծեց ան նաեւ:
Նախքան ասուլիսը սկսիլը, դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան լրագրողներուն ներկայացուց Դեմոյեանի կենսագրական կարեւոր գիծերը, անոր գիտական ու հասարակական գործունէութեան կարեւորագոյն կէտերը:
Դեմոյեան շրջանս կատարած իր այցելութեան ընթացքին պիտի ունենայ հանրային ելոյթներ, որոնց ժամանակցոյցը կը ներկայացնենք ստորեւ.
– Հինգշաբթի, 24 Մարտին (երէկ), ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենար դոկտ. Դեմոյեանի՝ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին հայկական մարզական կեանքին նուիրուած գիրքին շնորհահանդէսը:
– Ուրբաթ, 25 Մարտ, երեկոյեան ժամը 8, նոյն նիւթին մասին դասախօսութիւն՝ Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ, 19726 Sherman Way, Winnetka, CA., կազմակերպութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ա-րեւմտեան շրջանի գրասենեակին, Պոլսահայ միութեան, Արարատ տան «Էսքիճեան» թանգարանի եւ Հայկական ուսումնասիրութեանց ազգային ընկերակցութեան:
– Շաբաթ, 26 Մարտ, երեկոյեան ժամը 6ին՝ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը. Հարիւրամեակ եւ ոգեկոչման ռազմավարութիւն» նիւթին շուրջ դասախօսութիւն, «Էսքիճեան» թանգարանի մէջ, 15105 Mission Hills Rd., Mission Hills, CA., կազմակերպութեամբ վերոնշեալ միութիւններուն: Ձեռնարկին ծախսերը հոգացած է «Համբարձում եւ Ովսաննա Չիթճեան» հիմնարկութիւնը:
– Կիրակի, Մարտ 27, կէսօրէ ետք ժամը 4ին՝ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը. Հարիւրամեակ եւ ոգեկոչման ռազմավարութիւն» նիւթին շուրջ դասախօսութիւն, վայրը՝ Woodbury University, Fletcher Jones Foundation Auditorium in the School of Business, 7500 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA., կազմակերպութեամբ վերոնշեալ միութիւններուն, որոնց կը միանայ նաեւ Ուուտպըրիի համալսարանի Հայ ուսանողական միութիւնը: