
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները Վիեննայի մէջ, Մարտ 24ին, հրապարակած են Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջաններուն մէջ իրականացուած դիտորդական առաքելութեան արդիւնքները:
«Այդ տարածքներու դաժան իրականութիւնը վերահաստատած է համանախագահներու այն տեսակէտը, որ ներկայ իրավիճակը անընդունելի է եւ որ հակամարտութեան միայն խաղաղ, բանակցային կարգաւորումը կրնայ աւելի լաւ ու հաստատուն ապագայի հեռանկարներ բանալ անոնց համար, որոնք նախապէս ապրած են այդ տարածքներուն մէջ կամ այժմ կ՛ապրին հոն», ըսուած է համանախագահներու յայտարարութեան մէջ:
Անոնք նաեւ տեղեկացուցած են, որ մօտիկ ապագային դարձեալ պիտի այցելեն տարածաշրջան՝ Արցախի տագնապին խաղաղ կարգաւորման հիմնարար սկզ-բունքներուն շուրջ քննարկումները շարունակելու համար՝ օգտուելով Մարտ 5ին, Սոչիի մէջ կայացած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումէն գոյացած դրական տեղաշարժէն:
«Համանախագահները իրենց զրուցակիցներուն հետ կը մշակեն նաեւ յստակ միջոցառումներ, որոնք պիտի արտօնեն կեանքի կոչել Սոչիի մէջ յանձն առնուած պարտաւորութիւնները՝ հրադադարի խախտումներու գծով բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ հետաքննութիւններ անցկացնելու վերաբերեալ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Հերթական անգամ ընդգծելով, որ հակամարտութեան կողմերը պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերեն թէ՛ իրենց քայլերուն եւ թէ հրապարակային կոչերուն ընթացքին՝ համանախագահները «անընդունելի» որակած են ուժի կիրառման սպառնալիքները, ներառեալ անոնք, որոնք կը կատարուին քաղաքացիական օդանաւերու նկատմամբ:
«Այս առումով, համանախագահները խստօրէն կը դատապարտեն սպանութիւններու եւ հակահարուածներու անիմաստ շղթան եւ կը վերահաստատեն իրենց այն դիրքորոշումը, որ կողմերը պէտք է իրենց հասարակութիւնները պատրաստեն խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի», եզրափակած են ԵԱՀԿի համանախագահները: