
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի եւ Վրաստանի իշխանութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ Ջաւախքը պէտք է վերածուի գործօնի, այլ ոչ թէ գործիքի, երէկ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի անդամ, «Այբ-ինֆօ» միութեան նախագահ Արտակ Գաբրիէլեանը:
Գաբրիէլեան եւ ասուլիսին մասնակից «Լեռնաշխարհ» միութեան նախագահ Վալերի Արաբեան Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին լրջօրէն զբաղիլ æաւախքի խնդիրներով, այդ առնչութէամբ պահաջներ ներկայացնել Վրաստանի իշխանութիւններուն, բարձրացնել æաւախքին ինքնավարութիւն տալու հարցը, ինչպէս նաեւ ջաւախցիներու համար հեշտացնել Հայաստանի սահմանը հատելու ընթացակարգերը: Բանախօսներուն կարծիքով՝ Վրաստանի իշխանութիւնները æաւախքի հայաթափման եւ վրացականացման քաղաքականութիւն կը վարեն:
Արտակ Գաբրիէլեան ընդգծեց, որ այսօր՝ Ջաւախքի մէջ կը տիրէ քաղաքական, ընկերային-տնտեսական առումով շատ բարդ վիճակ: Կը փակուին հայկական դպրոցները, կը կրճատուին հայ մասնագէտներուն եւ հայերէնի դասաժամերը: Անոր հաւաստիացումով՝ Ջաւախքի դպրոցներուն վրայ ճնշումներն ու վախի մթնոլորտը այն աստիճանի հասած են, որ դժուար է պատկերացնել, որ այսուհետեւ դպրոցի մը մէջ հայ ժողովուրդի պատմութիւն կը դասաւանդուի: Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները ցանկութիւն ունենան, ըստ Գաբրիէլեանի, հարցերը լուծում կը ստանան: æաւախքի մէջ իրականացուող վրացականացման իբրեւ արդիւնք, ըստ բանախօսի, չի բացառուիր, որ հայերը Ջաւախքի մէջ ազգային փոքրամասնութեան վերածուին:
Արաբեանը, իր հերթին, նշեց, որ Վրաստանի ոչ մէկ կառավարութիւն, նոյնիսկ շատ ուզելու պարագային, æաւախքը չի կրնար ջնջել աշխարհի երեսէն: «Ջաւախքի ինքնավարութիւնը այլընտրանք չունի», ընդգծեց ան աւելցնելով, որ այսօր, սակայն, Ջաւախքի թեման կ՛արծարծուի միայն ընտրութիւններու նախաշէմին:
«Վերջին շրջանում Հայաստանի իշխանութիւնները դէմքով դէպի գիւղ շրջուելու քաղաքականութիւն են վարում: Միայն պէտք է յիշեն՝ æաւախքն էլ գիւղ է, եւ æաւախքի գիւղացուն պահելու խնդիր, ներդրումներ անելու խնդիր կայ, որ նա չատագաղթի», ըսաւ Արաբեան:
Վալերի Արաբեանը նաեւ նշեց, որ ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք ՍամցխէՋաւախքի մէջ բարձրացուած է առանձին թեմ ունենալու հարց, սակայն ցաւօք՝ Խրիմէան Հայրիկէն ետք մինչ օրս ո՛չ մէկ կաթողիկոս Ջաւախք այցելած է: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի՝ Վրաստան կատարելիք յառաջիկայ այցէն բանախօսները ակնակալիք չունին:
«Եթէ գալիս է Թբիլիսի եւ Ջաւախքով չի անցնելու, նրա այցի իմաստը չկայ: Եթէ ցանկութիւն ունենայ, կաթողիկոսն այցի ընթացքում հարցեր կարող է լուծել», հաւաստիացուցին զոյգ գործիչները:
Նշենք, որ ներկայիս Ջաւախքի մէջ ապրող հայերուն թիւը կը կազմէ շուրջ 200 հազար: