ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Թարաֆ» պարբերաթերթը կը շարունակէ հրապարակել «Ուիքիլիքս» կայքին կողմէ գաղտնազերծուած՝ Թուրքիոյ վերաբերող ամերիկեան դիւանագիտական հաղորդագրութիւնները, որոնցմէ շատերը նուիրուած են Քրտական բանուորական կուսակցութեան (PKK) ու այն օժանդակութեան, զոր այդ նոյն կուսակցութեան ցուցաբերած են օտար պետութիւններ:
Գաղտնազերծուած փաստաթուղթերուն մէջ է նաեւ ԱՄՆ պետական նախկին քարտուղար Ուորըն Քրիսթոֆըրի 1993 Յուլիս 20 թուագրուած գաղտնի նամակը, որ ուղարկուած է Երեւանի ու Անգարայի մօտ ԱՄՆ դեսպաններուն:
«Այն մեղադրանքները, զորս կ՛ուղղուին պաշտօնական Երեւանին, թէ ան կ՛աջակցի Քրտական բանուորական կուսակցութեան, լրջօրէն կը մտահոգեն Միացեալ Նահանգները», գրած է Քրիսթոֆըր՝ նշելով, որ «Եթէ այս մեղադրանքները հաստատուին եւ ի յայտ գան ապացոյցեր, ապա Երեւանը կը յայտնուի շատ ուժեղ ճնշումի տակ»:
Ուորըն Քրիսթոֆըր ամերիկացի դիւանագէտներուն խորհուրդ տուած է առժամանակ զերծ մնալ այս հարցը թրքական իշխանութիւններուն հետ քննարկելէն՝ աւելցնելով. «Այս խնդիրը մենք պէտք չէ արծարծենք թուրքերու հետ բանակցութիւններու ընթացքին, քանի տակաւին զայն չենք քննարկած հայերուն հետ»:
Ընդհանուր առմամբ, դատելով «Ուիքիլիքս»ի կողմէ գաղտնազերծուած փաստաթուղթերէն՝ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը բաւական մեծ ուշադրութեամբ հետեւած է Քրտական բանուորական կուսակցութեան գործունէութեան, մանաւանդ՝ այդ կազմակերպութեան արտաքին կապերուն:
Ամերիկեան այլ հաղորդագրութեան մը մէջ, օրինակ, ըսուած է. «Քրտաբնակ շրջաններէ դուրս, Քրտական բանուորական կուսակցութիւնը աշխուժօրէն կը գործէ նաեւ Մոսկուայի մէջ, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի հարաւարեւմտեան շրջաններուն մէջ»:
2003-2004ի փաստաթուղթերուն մէջ ամերիկացի դիւանագէտները կը նշեն, թէ թրքական քաղաքական շարք մը շրջանակներու մէջ տարածուած են լուրեր այն մասին, թէ պաշտօնական Ուաշինկթըն աշխուժօրէն կ՛աջակցի Քրտական անջատողական շարժումին:
«Այս լուրերը կը տարածեն Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան կողքին կանգնած լրատուամիջոցները, մանաւանդ՝ «Այտընլիք» թերթը: Թէեւ այս պարբերաթերթին տպաքանակը մեծ չէ եւ կուսակցութիւնն ալ մեծ ժողովրդականութիւն չի վայելեր, այնուհանդերձ, թրքական վերնախաւի եւ մտաւորականութեան զգալի մէկ մասը հակուած է մտածել, թէ այս պնդումները կը համապատասխանեն իրականութեան», 2003ին գրած է Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆի դեսպան Ռապըրթ Փիրսոն:
Ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Տողու Փերինչէքը կը բնութագրէ իբրեւ «ազգայնական ձախ հայեացքներու տէր գործիչ, որ սերտ կապեր ունի բանակին եւ անվտանգութեան ծառայութեան հետ»:
Փերինչէք Թուրքիոյ առաջին քաղաքացիներէն մէկն էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական հետապնդումի ենթարկուեցաւ Զուիցերիոյ տարածքին: