ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, վկայակոչելով «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած «Ուիքիլիքս»ի փաստաթուղթերը՝ կը գրէ, թէ Ուաշինկթըն իր դիւանագէտներուն միջոցով, նախքան Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, զգուշացուցած էր Անգարան:
Զգուշացում տեղի ունեցած էր նաեւ նախքան Տրապիզոնի մէջ կաթողիկէ վանական Սանթորոյի սպանութիւնը եւ Մալաթիոյ «Զիրվէ» հրատարակչատան մէջ տեղի ունեցած սպանդը, եւ հետեւանք էր Թուրքիոյ մէջ մտահոգիչ կերպով աճ արձանագրած հակաքրիստոնէական տրամադրութիւններուն։
«Մարտ 11, 2005ին, Թուրքիոյ կրօնի հարցերով վարչութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ տեղ գտած էր «մեր երեխաներու հաւաքը կը գողնան» արտայայտութիւնը։ Այդ տողերը թիրախ կը դարձնէին քրիստոնեայ աւետարանիչները, որուն առնչութեամբ ամերիկացի դիւանագէտները Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ կրօնի հարցերով վարչութեան կոչ ըրած էին փոփոխութեան ենթարկելու այդ յայտարարութիւնը», կը գրէ «Հիւրրիյէ»չ՝ աւելցնելով. «Մալաթիոյ քրիստոնեայ համայնքը Միացեալ Նահանգներու ուշադրութեան կեդրոնն էր։ Ամերիկացի դիւանագէտները «Զիրվէ» հրատարակչատան սպանդէն 18 ամիս առաջ հանդիպում ունեցած էին այդ ոճրագործութեան ենթադրեալ կազմակերպիչ եւ հետախուզութեան ներկայացուցիչ Հուսէյն Եքլիի հետ»։