ՊԱՔՈՒ, «ՓանԱրմինիըն».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի (ԱԳՆ) պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլհան Պոլուխովը Ապրիլ 1ին յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանը ուժ պիտի չկիրառէ քաղաքացիական կառոյցներու դէմ: Ան տարակուսանք յայտնած է այն իրարանցման վերաբերեալ, որ բարձրացած է այդ հարցին շուրջ: Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Երեւան-Ստեփանակերտ քաղաքացիական թռիչքներուն, զորս խափանելու համար ատրպեճանական իշխանական ամէնէն բարձր ամպիոններէն շարունակ սպառնալիքներ կը տեղային:
Պոլուխով, սակայն, կրկին զգուշացուցած է, որ «Ատրպէյճանի գրաւուած տարածքներուն վրայ թռիչքները ապօրէն են եւ վտանգաւոր»:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Պաքուի մէջ ԱՄՆ դեսպան Մեթիու Պրայզա, անդրադառնալով Ատրպէյաճանի կողմէ հնչած այն յայտարարութեան, թէ իրենք պիտի ոչնչացնեն Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ վայրէջք կատարող օդանաւերը՝ յայտարարած էր, որ քաղաքացիական օդանաւերու ոչնչացումը անթոյլատրելի է: