ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան մեկնաբանած է ատրպեճանական կողմի այն յայտարարութիւնը, թէ Ղարաբաղ ուղեւորուող օդանաւերը պիտի ոչնչացուին՝ ըսելով, որ Հայաստան ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի «Արցախի երկինքը մաքուր ըլլայ»։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը պատրա՞ստ է Հայաստանի նախագահին հետ նոյն օդանաւով ճամբորդելու Երեւան-Ստեփանակերտ առաջին թռիչքով՝ Սէյրան Օհանեան ըսած է, որ պատրաստ է, սակայն, ըստ արարողակարգի՝ ան չի կրնար նախագահի օդանաւով թռչիլ։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մարտ 31ին, Զուիցերիոյ նախագահին հետ Երեւանի մէջ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած էր, թէ ինք պիտի ըլլայ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ վայրէջք կատարող առաջին օդանաւին առաջին ուղեւորը: Յիշեցնենք նաեւ, որ Ատրպէյճանի քաղաքացիական թռիչքներու պետական աշխատակազմի տնօրէն Արիֆ Մամետով օրեր առաջ յայտարարած էր, թէ ատրպեճանական կողմը բողոքած է Քաղաքացիական թռիչքներու միջազգային կազմակերպութեան՝ ICAO-ին, յայտնելով, թէ Ղարաբաղի օդային տարածքը փակ է եւ թէ Ատրպէյճան պիտի ոչնչացնէ այդ տարածքին վրայ վայրէջք կատարող օդանաւերը։
Ղարաբաղի վերանորոգուած օդակայանը պիտի սկսի գործելու յառաջիկայ Մայիսին։