ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀԲԸՄի Ասպետներու համախմբումը կը հաղորդէ, թէ Հինգշաբթի, Մարտ 31ին, Ցեղասպանութենէն վերապրած իրերայաջորդ սերունդներու ներկայացուցիչներ, ձեռնարկը սկսելէ ժամ մը առաջ արդէն շտապած էին UCLA-ի «Պրոտ» հանդիսասրահը, ուր տեղի ունեցաւ համախմբումին կողմէ կազմակերպուած հանդիպում մը թուրք դահիճներու պարագլուխներէն Ահմետ Ճեմալ փաշայի թորան՝ «Միլլիյէ»չ օրաթերթի յօդուածագիր Հասան Ճեմալին հետ:
Վերջինս հայկական շրջանակներու մէջ ծանօթ է իր քաջ ու համարձակ դիրքորոշումով, եւ անով, որ ոչ միայն գիտակ է պատմութեան իրականութեան, այլեւ բարձրանալով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ իր պարտքը կատարած է միլիոնուկէս հայ նահատակներու յիշատակին դիմաց։
Թէ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր այս աննախընթաց հանդիպումը՝ կազմակերպիչ մարմինի ատենապետ Գուրգէն Պերքսանլար հետեւեալ ձեւով ներկայացուցած է զայն. «Այս երեկոյ, մենք՝ ՀԲԸՄի Ասպետներս, ոչ նպատակը ունինք քաջալերելու քաղաքական տեսակէտ մը, ոչ ալ կատարելու քաղաքական հաստատում մը՝ կազմակերպելով նման հանդիպում մը։ Սակայն, մենք պարզապէս կը փափաքինք քաջալերել լայնախոհ մտածելակերպ մը՝ փոխան ռազմագիտականի, ուղղութիւն ստանալով այն իրականութիւններէն, որոնք այսօր կը խաղարկուին քաղաքական դաշտի վրայ։ Մինչ առաջինը կ՛օգնէ մեզի որդեգրելու փոփոխուող իրականութիւններ՝ առաջնորդելով մեզ կատարելու մեր յաջորդ քայլերը, երկրորդը դժբախտաբար ունի խաբուսիկ ազդեցութիւն, այդպիսով արգելք հանդիսանալով հաւասարակշռող կամուրջներու ստեղծումին, որոնք կրնան առաջնորդել մեզ հասնելու համար մեր գերագոյն նպատակին, որ կը կոչուի արդարութիւն»։
Ներկայ էին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, պետական պաշտօնական դէմքեր, հոգեւորականներ, բարեկամ կազմակերպութիւններու եւ լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ, ՀԲԸՄի լայն շրջանակը, համալսարանականներ, ուսանողներ, հայատրոփ սիրտեր։ Բեմին վրայ էին մասնակից երեք հիւրերը, երբ կազմակերպիչ մարմինի ատենապետը կատարեց բացման իր խօսքը։ Ան հանդիպումը նկատեց բացառիկ պատեհութիւն մը՝ դէմ առ դէմ նստելու, լսելու եւ միտքեր կիսելու թուրք մտաւորականի մը հետ։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ասպետներու համախմբումի անդամներուն, որոնք իրենց նուիրատուութիւններով սատարեցին այս հանդիպման յաջողութեան, ու շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ UCLA-ի պատմութեան բաժանմունքին եւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին յատկապէս։
«Բաց զրոյցի հրաւիրելով օրուան երեք հրաւիրեալները՝ նպատակը իրականութեան աւելի մօտենալն է», ըսաւ Պերքսանլար:
Ան հանգամանօրէն ներկայացուց երեք հիւրերը, եւ ապա ձայնը տուաւ Հասան Ճեմալին, որ հայերէնով «յարգելի բարեկամներ» ըսելէ ետք, իր խօսքը փոխանցեց անգլերէնով։ Ան ըսաւ, թէ ներկաներուն դէմքերը ծանօթ են եւ թէ Անատոլուէն ողջոյններ բերած է մեր նախահայրերուն հողէն։ Ան կը զգայ մեր ցաւը եւ կը կիսէ «Մեծ Եղեռնը», զոր նշեց դարձեալ հայերէնով։ Խօսելով իր մասին՝ ան ըսաւ, թէ իր մօրը մայրը վրացի էր, հայրը՝ չերքէզ, իսկ հօրը մայրը՝ յոյն-մակեդոնացի, եւ հայրը՝ Ահմետ Ճեմալ փաշան՝ թուրք։ Իր հայրը ծնած է 1900ին, Սալոնիք։ Շարունակելով խօսիլ իր մասին՝ ան յիշեց 2008ի Սեպտեմբերին տեղի ունեցած իր հանդիպումը Երեւանի մէջ, Արմէն Գէորգեանի հետ, որուն մեծ հայրը՝ Արտաշէս Գէորգեանը, զգետնած է իր մեծ հօր, 1922ին, Թիֆլիսի մէջ։ Նման հանդիպումի մը ի՞նչ պիտի խօսուէր, եթէ ոչ երկխօսութեան կարեւորութիւնը հայերու եւ թուրքերու միջեւ՝ զիրար աւելի լաւ ճանչնալու եւ անցեալը աւելի ճշգրիտ ուսումնասիրելու համար։ Արմէն Գէորգեան իրենց Էրզրումի տան պատկերը ցոյց տալով՝ պատմութեան նոր էջ մը կը բանայ, որպէս իրաւատէրը տունին ու հողին։ Հասան Ճեմալ համարձակօրէն եւ հանդարտօրէն կը խօսի այս բոլորին մասին. կ՛ըսէ, թէ Հրանդ Տինք իր ընկերն էր, իր ուսուցիչը նաեւ, որմէ շատ բան սորված է մտաւորական ամբողջ հոյլ մը Թուրքիոյ մէջ։ Վերադառնալով իր ընտանիքին՝ ան նշեց, որ 1915ի մասին քիչ խօսուած է իրենց տան մէջ։ Իր մեծ հօր սպանութեան մասին երկու տեսակէտ լսած է՝ սպաննուած է հայերու կամ պոլշեւիկներու կողմէ։ Ընդհանրապէս տան մէջ հայերու մասին բան լսած չէ։ Հայ բարեկամներ ունեցած է Պոլսոյ մէջ, բայց ոչ մէկ խօսք եղած է Ցեղասպանութեան մասին։
Նախքան հայահոծ Լոս Անճելըս գալը, Թուրքիոյ իր բարեկամները զգուշացուցած են զինք՝ գնահատելով նաեւ իր համարձակութիւնը, որ պատրաստ է երկխօսութեան ձեռք երկարելու հայութեան։ Ան յիշեց նաեւ թուրք դիւանագէտներու դէմ 1970-80ականներու գործողութիւնները, որոնք Հայ Դատը աշխարհին ներկայացուցին, եւ աւելցուց, որ Թուրքեր եւ աշխարհն ամբողջ լսեցին ու պրպտեցին, թէ ի՞նչ պատահած է 1915ին։ Սակայն մինչեւ 80-90ականները, արգիլուած էր Թուրքիոյ մէջ ազատօրէն խօսիլ կամ գրել այս մասին։ Սակայն այսօր սառոյցը հալած է։ Թաներ Աքչամ եւ շատ ուրիշներ դանդաղօրէն սկսան փոխելու Թուրքիան եւ Ճեմալ նոյնպէս սկսաւ աւելի խոր կերպով ուսումնասիրել 1915ը։ Պոլսահայեր եւս մեծ գործ կատարեցին. անոնցմէ մէկը Հրանդ Տինքն էր, որ բացաւ ժողովուրդին սիրտն ու միտքը, եւ որուն հանդէպ մեծ յարգանքով խօսեցաւ Ճեմալ, իսկ երկրորդը՝ «Արաս» հրատարակչատունն է, որ բազմաթիւ հրատարակութիւններ թրքերէնի թարգմանելով՝ Թուրքիոյ աչքը բացաւ իրականութեան դիմաց։
Վերջապէս, Ծիծեռնակաբերդ բարձրանալով, անմեղ զոհերուն եւ Հրանդ Տինքի յիշատակը յարգելով՝ հայասպանին թոռնիկը աւելի քան 400 հոգիի դիմաց ըսաւ, թէ շատ բան սորվեցաւ Տինքի կեանքէն ու մահէն։ «Այսօր անիմաստ է Ցեղասպանութիւնը մերժելը։ Արմատները չեն կորսուիր», ըսաւ ան։ Եւ թուրք մտաւորականներ 2008ի Դեկտեմբերին սկսան ներողութիւն խնդրելու արշաւի մը։ «Նման դրական փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան այսօր Թուրքիոյ մէջ. աւելի ու աւելի կը խօսուի Ցեղասպանութեան մասին, սակայն դպրոցներէն ներս տակաւին փոփոխութիւն չկայ, երկու երկիրներուն սահմանը փակ է, Տինքի դատը դանդաղ կ՛ընթանայ…», նշեց ան։ Որպէս գործնական քայլ, ան առաջարկեց մերձեցում, զիրար լաւ ճանչնալ, Թուրքիա այցելել ու երկխօսութիւն ստեղծել։
Երկրորդ խօսք առնողն էր Թուրքիոյ մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի թորան դուստրը՝ դոկտ. Փամելա Սթայնըր՝ Հարվըրտի համալսարանէն։ Ան կը զբաղի նաեւ մարդասիրական ծրագիրներով, օրինակ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ հաշտեցման հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ նման հաշտեցման երկխօսութիւններ հրեաներու եւ գերմանացիներու միջեւ։ Դոկտ. Սթայնըր քաջ եւ հմուտ անձ որակեց Ճեմալը։ Ան ըսաւ, որ ամէն բանի կրնանք հաւատալ կամ ոչ, եւ հայ-թրքական յարաբերութեան մէջ ալ նոյնն է։ Սակայն յառաջանալու համար հարկաւոր է, որ հաւատք ստեղծուի իրարու նկատմամբ։ Համարձակութիւն է պէտք՝ նման միջոցառումներ կազմակերպելու։ Ան բաւական երկար օրինակով մը խօսեցաւ հրեաներու եւ գերմանացիներու մասին, եւ շեշտեց, թէ պէտք է զգալ, լսել ու գիտնալ, կիսել անցեալը ու անոր դաժան փորձառութիւնը։
Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անունը ինքնին յատուկ լրջութիւն եւ ծանրութիւն մը կու տայ որեւէ հաւաքի։ Այդ երեկոյ նոյնպէս, ան ինքզինք գերազանցեց՝ տեղին ու պատշաճ ձեւով ակնարկելով նախորդ երկու հիւրերուն կարգ մը մեղմ արտայայտութիւններուն։ UCLA-ի Հայ կրթական հիմնարկութեան արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչը տասնամեակներու իր հրատարակած հատորներով, կազմակերպած գիտաժողովներով ու իբրեւ դասախօս, պատիւ կը բերէ իւրաքանչիւր հայու։ Փրոֆ. Յովհաննէսեան նախ նշեց, որ անցեալին եթէ լարուած կ՛ընթանային հայ-թուրք հանդիպումները, այժմ ժամանակները փոխուած են եւ երկու կողմերն ալ յարգանքով կը լսեն զիրար։ Խօսելով իր մասին՝ ան ըսաւ, թէ ինք վերապրող սերունդի մէջ մեծցած է, բնականաբար՝ ծայրայեղօրէն տրամադրուած։ Թուրքը թուրք էր, եւ վերջ։ Սակայն, իւրաքանչիւր վերապրողի դիմաց թուրք մը, քիւրտ մը, իսլամ մը, մէկը կայ. կարելի չէ նոյնացնել բոլորը։ Իրարմէ հեռու ապրելով՝ բաժնուած են իրարմէ զոհը եւ դահիճը, ըսաւ ան։ Իսկ այդ սրահին մէջ իր խօսքը ուղղելով լրագրող Հասան Ճեմալին՝ ան ըսաւ. «Գիտէ՞ք ինչու այսքան մարդ այսօր հոս է, որովհետեւ դուք Ճեմալ փաշային թոռն էք»։ Դժուար է հաւատալ, նշեց Յովհաննէսեան, որ փաշան իր յուշերուն մէջ գրած է, թէ չէ կրցած կանգնեցնել սպանութիւնները, որովհետեւ ինք զինուորական էր եւ երկիրը քաղաքացիական ուժերու ձեռքն էր։ Ճեմալ փաշա յայտնի է, օրինակ, Լիբանանի մէջ իր բացած որբանոցով, ուր հայ երեխաներ կը թրքացուէին եւ կամ կ՛ոչնչացուէին։ Յովհաննէսեան շեշտեց նաեւ հայերուն զէնքի դիմելը՝ որպէս ինքնապաշտպանութիւն։ «Իսկ այսօր հաշտեցում ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք։ Իւրաքանչիւր կողմ, իւրաքանչիւր անձ, հայ-թուրք մերձեցման մէջ հաշտեցում ըսելով՝ կրնայ տարբեր բան հասկնալ։ Հայու եւ քաղաքացիի մեր իրաւունքները, գոյքը, զոհերը, միթէ՞ նժարի վրայ կարելի է դնել», նշեց ան։
Եզրակացնելով՝ փրոֆ. Յովհաննէսեան ըսաւ, թէ յառաջդիմութիւն կայ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մէջ, բայց առաջին հերթին՝ Ցեղասպանութեան ճանաչում, եւ ապա՝ հաշտեցում։
Պերքսանլար շնորհակալութիւն յայտնելով՝ անմիջապէս անցաւ հարց-պատասխանի բաժինին, ուր ապագայ Ասպետներ ընթերցեցին ներկաներուն կողմէ գրաւոր յանձնուած հարցումները, որոնք մեծ մասամբ ուղղուած էին Հասան Ճեմալին։ «Ինչո՞ւ 1915ը պատահեցաւ» հարցումին, ան պատասխանեց, թէ այդ շրջանին թրքական ազգայնականութիւնը շատ բուռն էր. անոնք երկիրը լեցուցին թուրքերով եւ իրենց համար հայրենիք ստեղծեցին։ Ճեմալի կարծիքով, այսօր շատ կանուխ է խօսելու հողերու կամ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին, սակայն Թուրքիա պէ՛տք է ներողութիւն խնդրէ։ «Ցեղասպանութիւնը ճանչնալը այլ բան է, 1915ի համար ներողութիւն խնդրելը՝ այլ բան», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ փրոթոքոլներու հարցը եւ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու հարցը դժուար բաներ են, սակայն կայ փոփոխութիւն։
Այլ հարցումի մը պատասխանելով՝ Ճեմալ շեշտեց, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան համար հանդարտութիւն պէտք է երկրին եւ դրացի պետութիւններուն մէջ։ Ան յայտնեց, թէ ինք կ՛ուզէ տեսնել աւելի ժողովրդավար Թուրքիա մը՝ զինուորականութեան նուազ ազդեցութեամբ։ Ըստ անոր, Թուրքիոյ Եւրոպա մուտքով այնքան ալ խանդավառ չէ ինք։ Օրինակ մը տալով ան պատմեց, թէ քանի մը տարի առաջ ամերիկահայ պատանի մը չէ ուզած իրեն հետ ձեռնուիլ. ինչպէ՞ս փոխել այս մէկը… «Այսօր Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու մասին ամէն բան չեն գիտեր, նոյնը՝ հայերուն մասին։ Այդ պատճառով ալ ես հոս եմ: Պէտք է մօտենանք իրարու», յայտնեց ան։
Աւարտին, Պերքսանլար մէկական յուշանուէրներ յանձնեց երեք դասախօսներուն։
ՀԱՍԱՆ ՃԵՄԱԼԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հասան Ճեմալ, անցած Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը «Միլլիյէ»չի իր սիւնակին մէջ փոխանցեց իր տպաւորութիւնները՝ Լոս Անճելըս այցելութեան մասին: Շաբաթ օրուան իր յօդուածին մէջ, ան խօսեցաւ Անատոլուէն գացած զանազան հայերու մասին, որոնք կը պատմէին, թէ ինչպէ՞ս զոհուած են իրենց նախնիները։ Ան յիշեցուց, թէ հաւաքոյթին համար հրատարակուած գրքոյկին վրայ տպուած էր այն պատկերը, ուր ինք ծաղիկ կը դնէ Ծիծեռնակաբերդի մէջ, եւ աւելցուց, որ շատ բան սորվեցաւ այս այցելութենէն:
Յօդուածին մէջ Ճեմալ իր տպաւորութիւնները կը պատմէ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան սրահին մէջ կայացած հաւաքոյթէ մը։ Կը կարդանք հետեւեալը.
«Պոլսահայ միութիւն, «Հրանդ Տինք» սրահ։ Հրանդի լուսանկարին տակ շարուած նստած ենք գիշեր մը։ Ներկաներէն մէկը կը մօտենայ ականջիս եւ կ՛ըսէ. «Մեզմէ շատերու սիրտին մէջ մորմոք կայ։ Մենք մեզի հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ եկած ենք այս վայրերը»։
Անկիւնը կը տեսնենք ուտեստեղէններով լեցուն բաց սեղան մը…
Բերնի մէջ հալող ապուխտ, երշիկ, ճերմակ պանիր, պիստակով, շոքոլայով հալվա…։
Պոլսոյ կարօտը կը լսեմ հոն։ Բայց կայ նաեւ Պոլսոյ նախորդող կեանքը։ Այսինքն՝ 1915ի նախորդող կեանքը…։ Արմատները կ՛երկարին մինչեւ Անատոլուի չորս կողմերը։
«æարդէն առաջ, ջարդէն ետք», կ՛ըսեն անոնք։
Կը ծռի դէպի ականջս. «Անատոլուէն եկողները կ՛ըսեն ջարդ, որ Ցեղասպանութեան նուրբ ձեւն է…»։
Անունը Կարապետ է։ Պոլիսէն Ամերիկա գաղթեր է, բայց ատոր նախորդող շրջան մըն ալ կայ։ Երբ կը հարցնեմ, թէ ո՞ւր է իր ծննդավայրը, ան կը պատասխանէ. «Կը հարցնէք, թէ ո՞ւր ծնած եմ: Մայրս ու հայրս Մալաթիացի, Արաբկիրցի են։ Հօրս մայրն ալ, հայրն ալ 1915ին կը բնաջնջուին։ Հայրս եւ հօրեղբայրս մանուկ տարիքով իրենք զիրենք կը գտնեն Փոթուրկէի Ալուշլու գիւղը, քիւրտերու մէջ։ Ես ալ այդ գիւղը ախոռի մը մէջ ծներ եմ։ Այդտեղէն Մալաթիա գաղթեր է ընտանիքս։ Մալաթիոյ մէջ երբ վարժարան յաճախելու սկսայ, քրտերէն կը խօսէի։ Այսօր իսկ շնորհքով հայերէն չեմ կրնար խօսիլ»։ )Կը խնդայ)։
– Ռաքէլին պէս,- կ՛ըսեմ:
Գլխովը կը հաստատէ։
Մալաթիոյ մէջ կօշկակարութիւն սորվելու կը սկսի։ 1959ին Պոլիս, իսկ 1985ին՝ Ամերիկա կը գաղթէ…։
Այնուհետեւ կը հարցնէ անմիջապէս. «Հիմա որտեղացի՞ եմ ես, ըսէ տեսնենք»։
Կարապետ խնդալով կը շարունակէ. «Միշտ գաղթ ու գաղթ… Կեանքս անցաւ գաղթով։ Աստուած ոեւէ մէկը գաղթի թող չդատապարտէ»։
Տոքթ. Մուրատ։ Ծնած՝ 1957ին, Կեսարիոյ ներքին թաղերուն մէջ։ Հայրը ծնած է Սվաս, իսկ մայրը՝ Եոզկատ, Չաթ։ Ընտանիքը Պոլիս կը գաղթէ։ 1969ին Սկիւտարի Սուրբ Խաչ դպրեվանքին մէջ կ՛ուսանի։
– Հրանդ Տինք ինձմէ երկու դասարան վեր էր։ Նազար Պիւյիւմն ալ մեր մեծ եղբայրներէն մէկն է…։ Հայրս 1915ին կ՛որբանայ։ Մօրս կողմէ ջարդի զոհ չենք տուած, բայց հօրս կողմէ տուած ենք։ Գաղթած ենք այստեղ 1975ին…։
Յակոբը ծնած է 1961ին։ Մեծ հայրը Եոզկատցի է։
– æարդէն միայն մեծհայրս եւ իր եղբայրը ազատեր են. մնացեալը ջարդուեր են…։
Ընտանիքը 1961ին Պոլիս եկեր է եւ այդտեղէն ալ՝ Ամերիկա…։
Նուպարը ծնած է Պոլիս։ Մայրն ու հայրը Կեսարիոյ Կեմերէք գիւղէն են։ 1952ին Պոլիս, իսկ 1983ին Ամերիկա գաղթած են…։
Օննիկը 1935ին Պոլիս ծնած է։ Պալեաններու ընտանիքէն կը սերի…։
– Մայրս Կեսարիա Թալասի մէջ ծներ է, հայրս՝ Պոլսոյ Պեշիկթաշի մէջ։ 1963ին՝ Ամերիկա։
Յակոբ։ Հօրը կողմէ՝ Կեսարիայէն, Եոզկատ Չաթէն, մօրը կողմէ՝ Պողազլեանէն։ Ան կը շարունակէ. «Այդ «գայմաքամին» տեղէն…։ 1956ին Պոլիս ծներ եմ։ Հօրս կողմը Էտիրնէցի, մօրս կողմը Սվաս Զառացի է։ 1915ին երբ ջարդը սկսեր է, հօրեղբայրս Պուլկարիա խոյս տուեր է։ Հայրս Պոլիս եկեր է։ Էտիրնէի մէջ ջարդ չկայ ըսեր են, բայց երբ նոր լուրեր հասեր են, անոնք խոյս տուեր են։ Հօրեղբօրմէս լուր չեն ստացեր։ Անոնց աղջիկները ես գտայ Ֆլորիտայի մէջ»։
Պետրոսը ծներ է Գերմանիա։ Մայրն ու հայրը Մալաթիա-Փոթիւրկեցի են։
Արէտը Պոլիս ծնած է։ Հօրը կողմէ Եոզկատցի, մօրը կողմէ՝ Ամասիացի…։
Ռուբէն կը կոչուի։ Ան կը պատմէ. «Մօրս հայրը Սիլիվրիէն է։ Հօրս մայրը Գոնիայէն։ Հօրս հայրը՝ Էսկիշեհիրէն։ Տոքթ. Ռուբէն Սեւակ Չիլինկիրեան, բանաստեղծ էր։ 24 Ապրիլ 1915ին, 105 մտաւորականներու հետ Իսթանպուլէն հաւաքուելով աքսորուած եւ անգամ մըն ալ չվերադարձած հայերէն էր։ Հայրս Տէր Զօր գացեր, բայց դարձեալ վերադարձեր է…»։
Տոքթ. Արթօ։ Ծնած է 1937ին։ Հայրը Էտիրնեցի, մայրը՝ Իզմիթ Պահչեճիքցի։ Կը պատմէ. «1915ին ընտանիքի բոլոր անդամները ջարդի գացեր են…։ Հայրս, որ դեղագործ սպայ եղեր է, ազատեր է…»։
Ուրիշ մը. «Հայրս Կեմերէկցի, մայրս՝ Սեւ Ծով, Չարշամպայէն յոյն մը։ Իմ հայրս եւ տոքթ. Մուրատի մեծհայրը 1915ին զիրար կը կորսնցնեն, իսկ 1950ին, Կեսարիոյ մէջ զիրար կը վերագտնեն»։
Վաճառական Յովսէփ, հայրը՝ Պինկէօլցի։ «73 հոգի հաշուող ընտանիքէն 1915ին միակ փրկուողը հայրս եղեր է…։ Պինկէօլէն Գանատա գաղթեր է…»։
Տիգրան, 1961ի ծնունդ. «Հայրս Իսթանպուլ Էրենգիւղէն, մայրս՝ Գումգաբուէն։ Գումգաբուի մէջ իր անունը կրող համբաւաւոր Քէօր Յակոբ գարեջրատան տէրը մօրս մօրեղբայրն է…»։
Գուրգէն կը կոչուի։ 1955ին ծներ է Պոլիս։ Մայրն ու հայրը պոլսեցի են։ Կը պատմէ. «Մօրս հայրը՝ մեծհայրս, 18 տարեկանին կը յաջողի ջարդէն փրկուիլ։ æարդէն մահացողները հօրս կողմէ են…»։
Ան կը մօտենայ ականջիս եւ կ՛ըսէ. «Ամէն մէկ հայու կեանքը վէպ մըն է…»։
Պոլսեցի Գուրգէն կ՛ըսէ. «Մայրս 80 տարեկան է, առանձին կ՛ապրի Լոս Անճելըսի մէջ։ Միշտ կը գանգատի։ Կ՛ըսէ, որ իր պատուհանին տակէն անցնող ոեւէ մէկը Աստուծոյ համար իսկ բարեւ մը չի տար իրեն»։ Ան կը յայտնէ Պոլսոյ հանդէպ իր կարօտը։
Միւսին ձայնը կ՛արձագանգէ ականջներուս մէջ. «Մեզմէ շատեր կսկիծ ունին իրենց սրտին մէջ։ Մենք մեզի կը հարցնենք, թէ ինչո՞ւ եկանք այս հեռաւոր տեղերը»։
Հրանդ Տինքի լուսանկարին տակ նստած՝ ամբողջ գիշեր լսեցի կսկիծներով, կսկիծները իրենց սրտին կոխելով ապրողները։ Եւ հեռուէն հեռու, «Սարը Կելին» երգը կը հասնէր ականջիս…
Վիպային իրենց կեանքով հայրենակարօտ պոլսահայերը լսել… եւ կամ ցաւերով ապրիլ, ցաւերը իրենց սրտին մէջ թաղելով ապրիլ…
ԹՐՔԱԿԱՆ ԱԿՆՈՑՈՎ
Այս առիթով, «Թիւրքիշ ճըրնըլ» կայքին վրայ Սելչուք Աճար դիտել կու տայ, որ Հասան Ճեմալի սոյն համագումարի մասնակցութիւնը ֆութպոլի դիւանագիտութենէն ետք, երկրորդ ամէնէն կարեւոր քայլերէն մէկը կը նկատուի։ Ըստ յօդուածագիրին, Ճեմալի մասնակցութիւնը ամէն բանէ առաջ ցոյց տուաւ, որ սփիւռքահայութեան մօտ դրական փոփոխութիւն մը կայ։ Ամէն գնով, թուրքերու դէմ ատելութիւն սերմանող հայկական խմբակները առաջուան չափ կարծր չեն այլեւս, անոնք այլեւս պատահարներուն սկսած են նայելու աւելի առողջ եւ մեղմ տեսանկիւնէ, եւ անոնք այլեւս առաջնահերթութիւն կու տան տրամաբանութեան։ Ուստի յառաջիկայ 24 Ապրիլը, այս նիւթին շուրջ անոնց մեծ մէկ քննութիւնը պիտի ըլլայ։
Յօդուածագիրը դիտել կու տայ, որ Հասան Ճեմալի այս համագումարի մասնակցութիւնը ոմանց կողմէ կերպով մը կրնայ մեկնաբանուիլ իբրեւ փաստ այն մասին, թէ այլեւս Ցեղասպանութեան քարոզչութիւնը եւ նոյնինքն Ցեղասպանութիւնը օրինաւոր հիմքերու վրայ նստած է։ Բայց միւս կողմէ ալ, կարելի է պնդել, որ այս այցելութիւնը պատմական նոր քայլ մը կը նկատուի թուրքերու եւ հայերու միջեւ փոխհասկացողութեան մթնոլորտի մը ստեղծման համար։
Հայերը իրենց բազմաթիւ հաւաքոյթներուն ընթացքին, որպէս խոստովանող ակադեմական խօսեցուցած են յայտնի դէմք, պատմաբան Թաներ Աքչամը, բայց Հասան Ճեմալի այս հաւաքոյթին մասնակցութիւնը, անշուշտ որ Աքչամի մասնակցութեան հետ չի բաղդատուիր, այլ աւելի կարեւոր է եւ ցնցիչ լուրի հանգամանք ունի։
Ոմանք թերեւս պիտի մտածեն, որ Թուրքիոյ համար կորուստ մըն էր, որ Ճեմալ փաշայի թոռը այսպիսի համագումարի մը մասնակցելով՝ ընդունած կ՛ըլլայ Ցեղասպանութեան փաստը։ Բայց Հասան Ճեմալ ըրաւ այնպիսի խօսակցութիւն մը, որ տարբեր լոյս կը սփռէ։ Թէեւ Հասան Ճեմալի՝ գիտութեան մարդ ըլլալու հանգամանքը եւ այս նիւթերու շուրջ ունեցած մասնագիտութիւնը վիճելի կրնան ըլլալ, բայց ան հոն, կամայ թէ ակամայ, այնպիսի պարտականութիւն մը կատարեց, որ արդար պիտի ըլլայ ըսել, թէ գովասանքի արժանի է։
Յօդուածագիրը իբր օրինակ կը յիշէ, որ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի նման մէկն իսկ, որ իր կեանքի երեսուն տարիները «հակաթուրք գործունէութեան» եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման յատկացուցած է, այս համագումարէն ետք սկսաւ հարցման նշաններ ապրեցնելու իր գլխուն մէջ, լուրջ կերպով մեղմացուց իր կեցուածքը եւ քայլ առաւ դէպի չափաւոր մտածում եւ հաշտութիւն. «Արդէն ճիշդը այս չէ՞. իրարու բոլորովին հակադիր կողմերու միջեւ երկխօսութիւն մը հաստատելը խելացի լուծումներու ճամբայ չի՞ բանար, հակառակ պարագային՝ ինչի՞ կը ծառայէ իրարու կռնակ դարձնելն ու իրարմէ հեռանալը. ատիկա միայն կռիւն ու բաժանումը սաստկացնելու չի ծառայե՞ր», հարց կու տայ յօդուածագիրը։
Հասան Ճեմալ շինիչ գործունէութիւն ցոյց տուաւ, երբ յայտնեց, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է բնականոն դառնան եւ այլեւս պէտք է վերջ տրուի ատելութեան զգացումին։ Իսկ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ըսաւ, որ առաջուան չափ կարծր չէ այլեւս ինք, եւ այն օրէն ետք, երբ թուրք կառավարութիւնը քայլեր առաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ, ինք ալ սկսաւ սեղմելու թուրքերու ձեռքը։
Հետաքրքրական է նաեւ այն, որ Հասան Ճեմալ իր ճառախօսութեան ընթացքին, երբ յանձնարարութիւններ կ՛ընէր հայերուն, ըսաւ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը երբեք պիտի չընդունի Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումները, ուստի յանձնարարեց, որ այսպիսի ակնկալութիւն մը չունենան։ Ասիկա Հասան Ճեմալի մասնակցութեան շատ արժէքաւոր մէկ առաքելութիւնը եղաւ։ Բայց ան նաեւ յառաջ քշեց իր անձնական տեսակէտը եւ ըսաւ, որ ինք անձնապէս հայերու սիրտը գրաւելու համար կրնայ ներողութիւն խնդրել, եւ ասիկա ալ ուրախացուց Ցեղասպանութեան ճանաչման այն կողմնակիցները, որոնք սրահին մէջ կը գտնուէին։
Երկրորդ բանախօսը՝ ակադեմական Փամելա Սթայնըր, դիտել տուաւ, որ կռիւն ու ատելութիւնը պէտք է իրենց տեղը ձգեն երկխօսութեան։ Երբ ամերիկահայ մը իրեն հարցուց, թէ «Ցեղասպանութիւնը կ՛ընդունի՞ք», ան պատասխանեց. «Ես այս նիւթին շուրջ պարտաւոր եմ անկողմնակալ ըլլալ, այս պատճառաւ ալ չեմ կրնար պատասխանել ձեզի»։
Յօդուածագիրը կ՛եզրակացնէ, որ այսօր հաւաքականութիւնները բան մը չեն կրնար շահիլ, եթէ անոնք իրենց մեծ հայրերուն լաւ կամ գէշ կողմերը սկսին գործածելու իբրեւ նախանիւթ, եւ եթէ անոնցմով ազդեցութիւն գործել ուզեն այսօրուան ուղեղներուն վրայ։ Յօդուածագիրը կը նշէ. «Որքան, որ անիմաստ է մեր մեծ հայրերուն անունով ներողութիւն խնդրելը կամ մէկզմէկու նկատմամբ թշնամութիւն զգալը, այնքան ալ սխալ կ՛ըլլայ Հասան Ճեմալը քննադատել Լոս Անճելըսի պէս տեղ մը այսպիսի համագումարի մը մասնակցած ըլլալուն համար։ Մեր տեսակէտով, ան՝ որպէս մէկը, որ Ճեմալ մականունը կը կրէ, իր անձնական նպաստը բերաւ ընդհանուր հաշտութեան»։