ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր համայնքի այն անդամները, որոնք եկած են Իրանէն եւ որոնք իրենց նախկին բնակավայրին մէջ «Ալիք» օրաթերթին հետ կապուած էին իբրեւ լուրերու կամ ազգային շունչի ու ոգիի աղբիւր, այս Ուրբաթ օր առիթ պիտի ունենան իրենց յարգանքի տուրքը տալու հայկական մամուլի նահապետներէն՝ ութսուն տարիներու վաստակով բեռնաւորուած այդ հրատարակութեան:
Նախ եւ առաջ, «Ալիք»ի ութսունամեակի այս տօնակատարութեան (ծանուցումը տեսնել էջ 3ի վրայ) կազմակերպողները՝ «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը եւ ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, կը հրաւիրեն բոլոր անոնք, որոնք ուղղակիօրէն աշխատած են «Ալիք»ի յարկին տակ, կամ որեւէ հանգամանքով աշխատակցած են անոր, ներկայ ըլլալու այս ձեռնարկին եւ մասնակցելու յայտագիրի վերջին բաժինին՝ տարեդարձի կարկանդակի հատման ու մոմավառութեան արարողութեան: Այդ ալ մեր երախտիքի արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ «Ալիք»ի գոյատեւման նպաստողներուն հանդէպ:
Ապա, այս առթիւ կ՛ուզենք յայտարարել, որ «Ասպարէզ»ը, իբրեւ «Ալիք»ի արժէքային համակարգի բաժնեկիցը, իբրեւ նոյն սկզբունքներուն ու աւանդութիւններուն նախանձախնդիր անոր պաշտօնակիցը, կը փափաքի եւ իր կողմէ որոշ զոհաբերութեան գնով կ՛ուզէ իր ընթերցողներու ցանկին վրայ ունենալ Իրան ապրած միջոցին «Ալիք» կարդացողները: Այդ նպատակով, «Ասպարէզ»ը, «Ալիք»ի ութսունամեակի առիթով 50 տոկոս զեղչով բաժանորդագրութիւն կ՛առաջարկէ «Ալիք»ի նախկին բաժանորդներուն:
Մէկ քայլ եւս առաջ անցնելով՝ «Ասպարէզ» նոյն առաջարկը կը կատարէ մեր միւս պաշտօնակից թերթերու՝ «Ազդակ»ի, «Ազատ Օր»ի, «Արմէնիա»ի, «Յուսաբեր»ի, «Հորիզոն»ի, «Հայրենիք»ի, «Ազդ»ի («Քուէյ»չ), «Գանձասար»ի եւ այլոց նախկին ընթերցողներուն:
Մեր ընթերցողներէն կը խնդրենք այս առաջարկին մասին տեղեակ պահել պայմանը լրացնող իրենց բարեկամները: