
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- Ապրիլ 5ին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ նուիրուած մայրաքաղաքին մէջ պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) սպայական անձնակազմին համար նախատեսուող բնակելի թաղամասի յատակագիծին եւ հանրապետական բժշկական միաւորման համալիրի շինարարութեան վերաբերող հարցերուն:
Երկրի ղեկավարը հաւանութիւն տուած է նոր բնակելի թաղամասի յատակագիծին՝ նշելով, որ անիկա բոլոր առումներով պէտք է համապատասխանէ ժամանակակից պահանջներու եւ մայրաքաղաքի ընդհանուր ճարտարապետական ոճին:
Նախագահը յստակ յանձնարարականներ փոխանցած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն՝ նշեալ նախագիծերու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ: