ՍԱՆԱԱ, «Ռոյթըրզ».- Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ Երեքշաբթի, Մարտ 5ին ընդդիմութեան կոչ ուղղեց երկիրի քաղաքական տագնապին վերջ տալու նպատակով բանակցելու։ Սալեհ ընդունեց Ծոցի պետութիւններուն կողմէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ընդդիմութեան հետ բանակցելու հրաւէր մը։ Բանակցութեան թուականը դեռ չէ ճշդուած։
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութիւնը կրնայ չբաւարարել հազարաւոր ցուցարարներ, որոնք շաբաթներէ ի վեր Եմէնի տարբեր շրջաններուն մէջ ցոյցեր կը կատարեն՝ պահանջելով Սալեհի հեռացումը։
Մայրաքաղաք Սանաայի մէջ երէկ 3 զոհ եւ 15 վիրաւոր արձանագրուեցան, երբ Սալեհի համակիրներ բախում ունեցան Սալեհի հակառակորդները պաշտպանող բանակէն մէկ զօրաբաժինին հետ: Հարաւային Եմէնի մէջ եւս հարիւրաւոր ոստիկաններ յարձակեցան տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներու վրայ՝ առնուազն 300 վիրաւոր պատճառելով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.