ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայաստանի ներ–քաղաքական կեանքին մէջ ծանօթ է անունը Դաւիթ Շահնազարեանի։ Թերեւս Հայաստանէն դուրս ալ, նաեւ օտարներու համար, հանրածանօթ անուն է ան, որովհետեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան օրօք, որոշապէս վերջին շրջանին, Դաւիթ Շահնազարեանին յանձնուած էր ղեկը մեր երկրի Պետական անվտանգութեան կոմիտէին ՊԱԿ)։
Տէր Պետրոսեանական ճամբարի ղեկավար խմբակազմին մաս կազմող այս գործիչը երէկ դարձեալ իր վրայ հրաւիրեց մամլոյ եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու լուսարձակները։ Ըստ երեւոյթին իրեն յանձնարարուած էր ընդդիմադիր դաշտի մէջ աշխուժացած ուժերուն «ազդարարութիւն» ուղղելու պարտականութիւնը։
Համացանցի վրայ հրապարակուած լրատուութեանց համաձայն՝ «Դաւիթ Շահնազարեանն այսօր հրաւիրուած ասուլիսին, խօսելով ՀՅԴի ու Ժառանգութեան մասին, յայտարարել է, թէ այդ ուժերը «քաղաքականապէս ճիշտ չեն վարւում՝ փորձելով այրել ՀԱԿի հետ բոլոր կամուրջները: Նրանց այս մօտեցումը կը բերի մարգինալացման. կա՛մ կը յայտնուեն քաղաքական արխիւում, կամ էլ ամբողջութեամբ կը յայտնուեն իշխանութեան դաշտում», ասել է նա»:
Գաղտնիք չէ եւ օրուան լրատուութեանց հպանցիկ հետեւողն անգամ գիտէ, որ ինչպէս իշխանութիւնները, նոյնպէս եւ Տէր Պետրոսեանական ընդդիմադրութիւնը դժգոհ են ինքնուրոյն այն ընդդիմադրութենէն, որ յառաջ կը մղուի թէ՛ Դաշնակցութեան եւ թէ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի գլխաւորած «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան կողմէ։
Այսուհանդերձ՝ ուշադրութեան արժանի անակնկալ մը եղաւ Շահնազարեանի բերնով կատարուած «ազդարարութիւն»ը։
– Նախ՝ այն պատճառով, որ անձնապէս ՊԱԿի երբեմնի պատասխանատուին վիճակուեցաւ ՀԱԿի անունով «ազդարարութիւն»ը հրապարակելու «պատիւ»ը։
Արդեօ՞ք Լեւոն Տէր–Պետրոսեան մտադիր է, իշխանութեան ղեկին վերատիրանալու պարագային, ՊԱԿի սանձերը վերստին յանձնելու իր այս խմբակիցին, որ ատենին բաւական «աշխուժութիւն» ցոյց տուած էր Դաշնակցութիւնը արգելքի տակ առնելու, դաշնակցական գործիչները բանտարկելու եւ Դաշնակցութեան կեդրոններն ու հոն գտնուող գոյքերը բռնագրաւելու, փճացնելու կամ կողոպտելու տխրահռչակ գործին մէջ։
Ինչ որ ալ պատահի վաղը, Լեւոն Տէր Պետրոսեան յայտնուի՞ նախագահական իշխանութեան ղեկին, թէ՞ դատապարտուած մնայ «ընդդիմադրութեան փաստացի նախագահ»ի իր յաւակնութեամբ բաւարարուելու, բացորոշ է, որ շատ բան չէ փոխուած անոր վարքագծէն։ Ո՛չ ձեռք քաշած է իր ընդդիմախօսներուն հետ սպառնալիքի լեզուով խօսելու… փորձութենէն, ոչ ալ հրաժարած է ՊԱԿին հետ իբրեւ սեփական դիրքերուն պահպանման ծառայող մտրակի պէս վարուելու Տէր Պետրոսեանական ամբողջատիրութենէն…
– Երկրորդ՝ Դաշնակցութեան եւ «Ժառանգութեան» ուղղուած Դաւիթ Շահնազարեանի «ազդարարութիւնը» անակնկալ մը եղաւ, նաեւ, իր բառացի բովանդակութեան առումով, որովհետեւ համահունչ էր շաբաթներ առաջ իշխանաւոր ճամբարէն՝ անձամբ Գալուստ Սահակեանի բերնով հրապարակուած «ազդարարութեան»։
Յար ու նման Սերժ Սարգսեանի խմբակիցին, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի խմբակիցն ալ իբր թէ կ՛ապրի ընդդիմադրութեան դաշտէն ներս Դաշնակցութիւնն ու «Ժառանգութիւն»ը յաջողած տեսնելու… հոգը։ Եւ իբր թէ այդ «մեծոգութեամբ», ՀԱԿին չմիանալու եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարութիւնը չընդունելու Դաշնակցութեան ու «Ժառանգութեան» դիրքորոշումը Շահնազարեան կը հռչակէ «ընդդիմութեան հետ բոլոր կամուրջները այրելու մօտեցում», որ զանոնք կը դատապարտէ, եղե՜ր, կա՛մ լուսանցքային ուժի վերածուելու, կա՛մ լրիւ իշխանամէտ ճամբարին մէջ յայտնուելու… վախճանին։
Անշուշտ Փետրուարին իշխանաւոր ճամբարէն հնչած «ազդարարութեան» տարազումը համեմատաբար աւելի կիրթ էր, երեւութապէս նուազ սպառնական կը թուէր, բայց խորքով նոյնքան ազդարարող հեգնանք կ՛արտայայտէր, երբ իշխանաւոր ճամբարի օրինակով ընդդիմադիր նախագահական թեկնածուի մը շուրջ համախմբուելու կոչ կ՛ուղղէր Դաշնակցութեան եւ «Ժառանգութեան»։
Իսկ ՀԱԿի ճամբարէն այս օրերուն հրապարակուած «ազդարարութիւն»ը, փաստօրէն, ընդդիմադրութեան հետ կամուրջները չայրելու համար, նախապայման կը հռչակէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի «նախագահութիւն»ը ընդունելու մօտեցումը…
Այո՛, նախագահական վերջին ընտրութիւններուն պարտադրուած թշնամական բեւեռացումը, որ մեր երկիրն ու հասարակութիւնը հասցուց մինչեւ անդունդի եզրը, ահա ամէն գնով անփոփոխ պահելու հետեւողականութեամբ կը գործեն նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը։
Հայաստանի նախագահը ոչ միայն ամէն գնով կ՛ուզէ նախագահ վերընտրուիլ, այլեւ՝ իր յաջողութեան երաշխիքը կը տեսնէ Հայաստանի անդրանիկ նախագահը մրցակից ունենալու մէջ։ Ինչպէս որ այս վերջինի հաշուարկներով՝ իշխանութեան վերադարձի «յաջողութեան» բանալին ըստ երեւոյթին կը գտնուի ներկայ նախագահին դէմ ընդդիմադրութիւնը քաղաքական մենաշնորհի վերածելու… առաւելութեան մէջ։
Բայց ինչո՛ւ միեւնոյն այս լարին վրայ կը նուագեն, այսպէ՜ս, իշխանութեան աթոռակռուի անհաշտ մրցակիցները, որոնք այլապէս պատրաստ կ՛երեւին իբրեւ սովորական յանցագործի ծանրագոյն հաշուեյարդար տեսնելու հակառակորդին հետ։
Բացատրութիւնը կարելի չէ գտնել մեր ժողովուրդէն դուրս։
Իշխանութեան մրցապայքարը լինել–չլինելու կռուի վերածած երկու կողմերն ալ շատ լաւ կը գիտակցին, որ հաւասարապէս մերժուած են սեփական ժողովուրդին կողմէ, որովհետեւ երկուքն ալ ինքնահաստատման առիթը ունեցած են, բայց միայն յուսախաբութեանց մատնած են մեր ժողովուրդը։
Եւ հաւասարապէս երկու բեւեռներուն ալ կը թուի, որ իշխանութեան ղեկին տէր կանգնելու կամ վերատիրանալու համար, անպայման պէտք է պարտադրեն եւ պահպանեն «չարեաց փոքրագոյնը» ընտրելու ժողովրդավարական պահը՝ յաչս թէ՛ մեր ժողովուրդին, թէ՛ միջազգային հանրութեան։
Բայց արդէն մեր ժողովուրդը կ՛անդրադառնայ թշնամական բեւեռացման այս խաղին վտանգաւորութեան եւ եթէ գտնէ իր մէջ բաւարար ուժը, յատկապէս իսկական փոխընտրութիւն ներկայացնող քաղաքական ուժերը, ի վիճակի է յաղթահարելու իրեն պարտադրուած պատանդի կարգավիճակը։
Տարբեր բացատրութիւն չի կրնար ունենալ իշխանութեան աթոռակռուի անհաշտ մրցակիցներուն այսօրինակ իրարանցումը՝ ի տես թշնամական բեւեռացումը ճեղքելու կամք դրսեւորող քաղաքական ուժերուն աշխուժութեան։
Կը մնայ, որ խմբիշխանական աթոռակռուէն սնուցուող թշնամական բեւեռացումին դէմ յանդիման՝ մեր երկրին ու ժողովուրդին իրաւ ընտրանքին նախանձախնդիր ուժերը աներեր շարունակեն ոչ միայն իրենց քաղաքական եւ քաղաքացիական աշխուժութիւնը, այլեւ հետեւողականութիւն դրսեւորեն երկու բեւեռներէն հաւասարակշռուած հեռաւորութիւն պահելու իրենց վարքագծին մէջ։