
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յայտնի հրատարակիչ ու հրապարակագիր, ընկերային գործիչ Ռակըպ Զարաքօլու նամակ մը ղրկած է Թուրքիոյ լրագրողներու միութեան վարչութեան, դիտել տալով, որ Յուլիս 24ը ներկայիս Թուրքիոյ մէջ կը տօնուի միայն իբրեւ մամլոյ գրաքննութեան ջնջումի օր, մինչդեռ այս թուականը նախապէս կը տօնուէր իբրեւ Ազատութեան տօն, ինչպէս՝ ֆրանսացիներու Յուլիս 14ը։
Զարաքօլու ապա ցաւով կը նշէ, որ այս երկրին մէջ լրագրողներ սպաննուեցան իրենց գաղափարներուն համար եւ ասոնցմէ վերջինը Հրանդ Տինքն էր, որուն լուսանկարը եւս կախուեցաւ միութեան մէջ, սպաննուած լրագրողներու լուսանկարներուն կողքին։
Զարաքօլու ապա կը յիշեցնէ շատ նուրբ ու կարեւոր կէտ մը. ան դիտել կու տայ, որ 1908 թուականէն առաջ հայերն ալ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն մամլոյ աշխարհէն ներս կարեւոր պարտականութիւններ կատարած են, իբրեւ թերթերու խմբագիրներ, գրքի հրատարակիչներ, սրբագրիչներ, տպարանատէրեր, եւ այլն։ Հիմա Թուրքիոյ լրագրողներու միութիւնը ունի շատ ուշացած պարտականութիւն մը, որն է՝ միութեան մամլոյ թանգարանի սրահէն ներս տեղ տալ նաեւ այն հայ լրագրողներուն ու մտաւորականներուն, որոնք 1915ի տեղահանութեան ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցին։ «Այս լրագրողները միայն հայերէն մամուլին չէին ծառայած, այլ նաեւ՝ թրքերէնով հրատարակուած թերթերուն», գրած է Զարաքօլու, աւելցնելով, որ կարելի է նաեւ ճշդել այդ վայրերն ու շէնքերը, ուր անոնք բնակած էին, որպէսզի այդ շէնքերուն վրայ քանի մը տողնոց յիշատակութիւն ալ զետեղուի։
Զարաքօլու իր դիմումնագիրին մէջ դիտել կու տայ, թէ այսպիսի արարք մը շատ լաւ տպաւորութիւն պիտի գործէ, ու կը մաղթէ, որ լրագրողներու միութեան վարչութիւնը մտածէ այսպիսի ձեռնարկ մը իրականացնելու մասին։