ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Նոր Օր»ը Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան այս շրջանի պաշտօնաթերթն է, որ կը ծառայէ ոչ միայն ռամկավար կուսակցութեան ու իր համակիրներու շրջանակին, այլ նաեւ մեր համայնքին մէջ կը գրաւէ պատկառելի դիրք՝ իբրեւ հայ մամուլի ընտանիքին կարեւոր մէկ անդամը:
Վստահ ենք, որ «Նոր Օր» կ՛ընթերցեն ոչ միայն ռամկավար կուսակցականները, այլեւ՝ թէքէեանականներ, բարեգործականի անդամներ, անկուսակցականներ, այլ կուսակցութեանց համակիրներ կամ անդամներ:
«Նոր Օր»ի գործունէութիւնը շարունակելը, թերթին հրատարակութիւնը անխափան պահելը, ինչպէս որեւէ հայկական թերթի պարագային, տիտանական աշխատանք ու համայնքի զօրակցութիւնը կը պահանջեն:
Այս մեկնակէտէն «Նոր Օր»ի մէջ լոյս տեսած հաղորդագրութիւն մը իսկապէս ընդվզեցնող անակնկալ մը պարգեւեց մեզի. իսկապէս չէինք պատկերացներ, որ ներքին պայքարներու պատճառաւ ՌԱԿէն խռոված (դուրս դրուած կամ դուրս եկած) անձեր, չարաշահելով վստահութեան վրայ հիմնուած անցեալի մէկ կարգադրութիւնը ու օրէնքի ուժին դիմելով, հայկական թերթ մը՝ իրենց գաղափարներու դրօշակակիրը, դուրս վտարէին իր գրասենեակներէն, իր օճախէն:
ՌԱԿի ներքին պառակտումները ոչ մէկը կրնան ուրախացնել: Հայկական որեւէ կուսակցութենէ ներս արուեստականօրէն սկսած երկփեղկումները, իրենց բացասական ազդեցութիւնը կը թողուն ընդհանրապէս մեր ազգային քաղաքական մշակոյթին վրայ: Ներքին պառակտումներու պատճառաւ դրսեւորուած անհանդուրժողութիւնն ու թոյնը աւերներ կը գործեն, ու այդ աւերիչ, անվայել քայլերէն մէկը՝ «Նոր Օր»ին գլխուն եկածն է:
Մենք կը դատապարտենք զանոնք, ովքեր այս քայլին ետին կը կանգնին, ու կոչ կ՛ուղղենք անոնց դադրեցնելու դատական իշխանութեանց միջոցաւ հայ թերթ մը իր հոգեհարազատ աշխատավայրէն դուրս դնելու գործընթացը:
Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք այս առթիւ ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնը, պատասխանելով վերջերս գաղութիս, եւ ի մասնաւորի՝ շրջանակիս մէջ շրջող բամբասանքներուն եւ ամբաստանութիւններուն՝ կը յայտարարէ հետեւեալը.
Յունուար 31, 2011 թուին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Քալիֆորնիոյ, Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի վարչական «պատահական» ժողովի մը ընթացքին, իրաւաբանական CHANDLER OWEN BARTLETT ESQ., RODNEY T. LEWIN-ի (8665 Wilshire Boulevard, suite 210, Beverly Hills, California 90211-2931) գրասենեակէն (երեսուն օրէն իր գրասենեակներէն դուրս գալու) ազդարարագիրը, օրէնքի պահանջած պաշտօնականութեամբ, յանձնուեցաւ (served) ՌԱԿ շրջանային վարչութեան ատենադպիրին, որպէս ՌԱԿի ներկայացուցիչ, որ ներկայ կը գտնուէր այդ օրուան որոշուած ժողովին։
Ո՞վ, զո՞վ, որո՞ւ տունէն դուրս կը հանէր։
Շրջանային վարչութիւնս անմիջապէս ձեռնարկեց հարցի քննարկման, որովհետեւ փաստացիօրէն եւ օրինական գետնի վրայ, իրաւաբան Chandler O. Bartlett ահազանգ կը հնչեցնէր «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնէն հեռանալու, ապա թէ ոչ՝ օրինական միջոցներ ձեռք պիտի առնուէին այդ ուղղութեամբ։
Այս հարցին առնչութեամբ տեղի ունեցան միջ-ակումբային ժողով մը եւ բազմաթիւ խորհրդակցութիւններ, որոնց իբրեւ հետեւանք՝ շրջանային վարչութեան եւ մտահոգ ընկերներու կողմէ կապ պահուեցաւ համացանցային, գրաւոր եւ բերանացի միջոցներով, Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄի) կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ՝ զիրենք տեղեկացնելով տարակարծութիւններու լուծուման շուրջ երկխօսութեան հանդիպում մը ունենալու շրջանային վարչութեան բարեացակամ պատրաստակամութեան մասին, սակայն առաջարկը մնաց «սառեցուած», մինչեւ ազդարարագիրի վերջին ժամկէտը, զանազան անիմաստ եւ անհեթեթ պատճառաբանութիւններով։
Ազդարարագիրի պայմանաժամի աւարտին, ստեղծուած պարտադրական վիճակէն փրկուելու համար, ստիպողաբար, շրջանային վարչութիւնս դիմեց շարք մը իրաւաբաններու օրինական խորհուրդին, որոնց բոլորին թելադրութիւնը եղաւ՝ «Նախ կանխել օրինական գետնի վրայ կատարուած ազդարարագիրի գործադրութիւնը, ապա անցնիլ երկխօսութեան»։
Իսկ այժմ, ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնը կը մեղադրուի ԹՄՄն դատի տուած ըլլալու «յանցանք»ով։
Սիրելի Ռամկավար Ազատական կուսակցականներ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան անդամներ եւ հայ ժողովուրդ, ձեր դատողութեան կը թողունք անտեղի եւ անիմաստ կերպով ստեղծուած այս արտառոց հարցին վճիռը։
Ռամկավար Ազատական
կուսակցութեան, Արեւմտեան
Ամերիկայի շրջանային վարչութիւն