
ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Եւրոպական խորհրդարանը երէկ՝ Ապրիլ 7ին, ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունած է է «Եւրոպական Հարեւանութեան Քաղաքականութեան ամփոփում» անունը կրող բանաձեւը, ուր նշուած են այն հիմնական բոլոր ուղղութիւններն ու ծրագիրները, որոնք կ՛իրականցուին Արեւելեան ուղղութեամբ:
Բանաձեւի 47րդ կէտով Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ ԵՄ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կոչ կ՛ուղղուի, հաշուի առնելով ԵՄի գործօն ներգրաւուածութիւնը Արեւելեան հարեւանութեան ծրագրին մէջ՝ անվտանգութեան վերաբերող հարցերու գծով աշխուժացնելու իրենց գործողութիւնները՝ գտնելու համար Մերձտնեսդրեան եւ Հարաւային Կովկասի ձգձգուած հակամարտութիւններու կարգաւորման ճանապարհը՝ միջազգային իրաւունքի, մասնաւորապէս՝ ուժի չկիրառման, ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու հիման վրայ:
Բանաձեւի յաջորդ՝ 48րդ կէտով Եւրոպական խորհրդարանը կոչ կ՛ուղղէ հաշուի առնել գործնական նախաձեռնութիւնները եւ նորարարական մօտեցումները եւ շփումներ հաստատել չճանչցուած պետութիւններու փաստացի իշխանութիւններու (de facto authorities) եւ հասարակութիւններու հետ՝ քաղաքացիական մշակոյթին եւ տեղական համայնքի հետ երկխօսութեան աջակցելու նպատակով: