ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Էլիզապէթ Չուլճեանի տեղեկութիւններով, ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա Ապրիլ 5ին սկսած է նախընտրական քարոզարշաւի, սակայն հայ համայնքի համակրանքին արժանանալու համար, ան պէտք է շատ ջանքեր գործադրէ: Ըստ Չուլճեանի, «գնդակ»ը այժմ կը գտնուի Օպամայի ձեռքերուն մէջ: «ԱՄՆ նախագահը չպահեց 2008ին տուած իր խոստումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու առաւել զարգացման վերաբերեալ: Եթէ նախագահը կը փափաքի ամերիկահայ գաղութին քուէները շահիլ, ապա յստակօրէն պէտք է փոխէ իր ներկայի կեցուածքը», ընդգծեց Է. Չուլճեան:
Անոր հաւաստիացումով, տակաւին պարզ չէ, թէ Օպաման ե՞րբ պիտի հանդիպի ԱՄՆի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, սակայն ամերիկահայերը պատրաստ են իւրաքանչիւր պահու հանդիպելու նախագահին հետ՝ քննարկելու համար Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող հարցերը:
«Օպաման Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ իր քաղաքականութեամբ կը նպաստէ նաեւ թրքական կառավարութեան՝ պատմական իրողութենէն խուսափելուն: Նոր ընտրապայքարի ընթացքին, նախագահը պէտք է յստակ փոփոխութիւններ կատարէ իր այս կեցուածքին մէջ», աւելցուց ան:
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարած է, թէ նախագահական ընտրութիւններէն ետք ան այլեւս պիտի չպաշտօնավարէ: Է. Չուլճեանի խօսքով, ամերիկեան լրատուամիջոցները նոյն պաշտօնին հաւանական թեկնածու կը համարեն Օպամայի օգնական Սամանթա Փաուըրը, որ 2002ին ստացած է «Փուլիթցըր» մրցանակը՝ ցեղասպանութիւններու մասին պատմող իր «A Problem From Hell» գիրքին համար, ուր արձագանգ կայ հայերու, հրեաներու, Քամպոտիայի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւններուն մասին: