ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ Կեդրոնական դրամատան Փետրուարի տեղեկագիրին համաձայն, Յունուար-Փետրուար միջոցին, արտերկրէն Հայաստան փոխանցուած է 82.5 միլիոն տոլար՝ նախորդ տարուան 119 միլիոն տոլարին դիմաց Նուազումը կը կազմէ 30.6 տոկոս:
Յատկապէս, նուազած է Ռուսիայէն փոխանցուող գումարներուն չափը՝ հաշուի առնելով, որ անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին, այդ երկրէն Հայաստան հասած էր շուրջ 90 միլիոն տոլար, մինչ այս տարուան նշեալ երկու ամիսներուն՝ շուրջ 64 միլիոն տոլար:
Առայժմս, պարզ չէ նուազումին էական պատճառը: Փոխանցումները սովորաբար կ՛աւելնան քարիւղի գիներու աճին զուգահեռ, որովհետեւ Ռուսիոյ մէջ եկամուտները կ՛աճին. սակայն այս տարուան Յունուարէն սկսեալ, քարիւղի գիները անընդհատ կը բարձրանան, իսկ Հայաստան հասնող փոխանցումները կը նուազին։ Հաւանական է, որ փոխանցումներու նուազումը պայմանաւորուած ըլլայ Ռուսիոյ արտագաղթի քաղաքականութեան խստացումով, թէեւ պէտք է հաշուի առնել, որ մնացեալ երկիրներէն եւս կրճատումներ արձանագրուած են. օրինակի համար, ԱՄՆէն փոխանցումները անցեալ տարի կազմած էին 8.4 միլիոն տոլար, մինչ այս տարի՝ 6.1 միլիոն տոլար:
Նուազած են նաեւ Հայաստանէն արտասահման փոխանցուող գումարները։ 2010 Յունուար-Փետրուարին, Հայաստանէն արտասահման փոխանցուած է շուրջ 27 միլիոն տոլար, իսկ այս տարի՝ 19.5 միլիոն տոլար: