
ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Տեղի տալով Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հոսնի Մուպարաքի հրաժարումին առաջնորդած ցուցարարներու պահանջներուն՝ Եգիպտոսի դատական իշխանութիւնները Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13ին որոշեցին ձերբակալել նախկին նախագահն ու անոր երկու զաւակները: Մէկ օր առաջ տեղի ունեցած հարցաքննութեան մը ընթացքին անհանգստացած եւ հիւանդանոց փոխադրուած Մուպարաք, Չորեքշաբթի օր Գահիրէի մօտերը գտնուող զինուորական հիւանդանոց մը տարուած է, մինչ անոր երկու զաւակները Գահիրէի բանտերէն մէկը առաջնորդուած են:
Ըստ դատախազին, անոնք առնուազն 15 օրով պիտի բանտարկուին, մինչ զեղծարարութեանց շուրջ հետապնդումներն ու հարցաքննութիւնները կը շարունակուին: Պետութիւնը չարաշահելու յանցանքով ամբաստանուած այլ բարձրաստիճան ղեկավարներ, ներառեալ՝ նախկին վարչապետը, իշխող կուսակցութեան պետը եւ Մուպարաքի անձնակազմին պետը, տակաւին բանտարկուած կը մնան: