
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Հազարաւոր ցուցարարներ, մեծամասնութեամբ կիներ եւ երեխաներ, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13ին փակեցին հիւսիսային Պանիաս քաղաքին մօտէն անցնող երկրի գլխաւոր ազատուղիներէն մէկը՝ պահանջելով շրջանին մէջ վերջին քանի մը օրերուն ձերբակալուած հարիւրաւոր այլախոհներու ազատ արձակումը: Աւելի ուշ, իշխանութիւնները ազատ արձակած են մօտաւորապէս 100 հոգի, սակայն ցուցարարներու մօտիկ աղբիւր մը յայտնած է, թէ ցոյցը պիտի շարունակուի, մինչեւ բոլոր բանտարկեալներուն ազատ արձակումը:
Ըստ ականատեսներու, Չորեքշաբթի օր բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Դամասկոսի ու Հալէպի մէջ: