ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Ռուսիոյ իշխող Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան փոխնախագահ Եուրի Շուվալով Հինգշաբթի, Ապրիլ 14ին յայտարարեց, թէ 2012ի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին, կուսակցութեան հաւանական թեկնածուն Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինն է։
Իշխող կուսակցութիւնը, որ խորհրդարանին, ինչպէս նաեւ երկրին բոլոր շրջաններուն օրէնսդիր մարմիններուն մէջ մեծամասնութիւն ապահոված է, 2008ին Փութինը յայտարարած էր կուսակցութեան ղեկավար, թէեւ վերջինս պաշտօնապէս կուսակցութեան անդամ չէ։
Նախագահ Տմիթրի Մետվեւտեւ եւ վարչապետ Փութին կը հերքեն այն տարաձայնութիւնները, թէ իրենց միջեւ մրցակցութիւն կայ, եւ բազմաթիւ անգամներ հրապարակաւ խոստացած են, որ իրենք իրենց միջեւ պիտի որոշեն, թէ ո՞վ պիտի առաջադրուի 2012ի նախագահական ընտրութիւններուն։ Սակայն վերջերս երկու անձերուն միջեւ մրցակցութիւն մը նշմարելի է։
Մետվետեւ Երեքշաբթի օր յայտարարած էր, թէ հաւանաբար պիտի փորձէ վերընտրուիլ եւ այս մասին վերջնական որոշումը պիտի որդեգրուի «բաւական մօտ ապագային»։ Փութին յաջորդ օրն իսկ յայտարարեց, թէ ոչ ինք եւ ոչ Մետվետեւ կը բացառեն իրենց մասնակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն, սակայն այս մասին որոշումը պիտի որդեգրուի խորհրդարանական ընտրութիւններու թուականը մօտենալուն պէս։ Աւելի ուշ, Փութինի բանբերը յայտարարեց, թէ վարչապետին խօսքերը չեն բացառեր նաեւ Մետվետեւի եւ Փութինի ընտրութեանց միաժամանակ մասնակցութիւնը։