ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մեծախորհուրդ եւ ամէնէն սփոփարար պահերէն մէկը կը խորհրդանշէ 1922 թուականի Ապրիլի 17ը, երբ Պերլինի փողոցներէն մէկուն վրայ արդարադատ մահապատիժի ենթարկուեցան Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին, որոնք հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր յղացողներէն, կազմակերպողներէն եւ գործադրողներէն էին։
Յատկապէս բժիշկ Պեհաէտտին Շաքիր ոչ միայն գլխաւոր պատասխանատուն էր Հայասպանութիւնը պետականօրէն կազմակերպելու եւ գործադրելու նպատակով Իթթիհատի կողմէ կեանքի կոչուած «Յատուկ Կազմակերպութեան», այլեւ՝ մտայղացողն էր հայ նորածինները բնաջնջելու գիտական «ոճիրներուն», որոնց ամէնէն ահաւորը եղաւ բազմահազար հայ մանուկներ Տրապիզոնի բացերը՝ Սեւ Ծով թափելու եւ խեղդամահ սպաննելու ոճրագործութիւնը։
Իսկ Ճեմալ Ազմի, որ Իթթիհատի ղեկավար մարմնի անդամ էր եւ Առաջին Աշխարհամարտի ժամանակ ընդհանուր կուսակալն էր Տրապիզոնի, անձամբ նախաձեռնեց եւ հսկեց Պեհաէտտին Շաքիրի յղացած հայ մանուկներու ծովամոյն բնաջնջման Ոճիրին գործադրութեան։
Դաշնակցական երկու երիտասարդներ՝ Արամ Երկանեան եւ Արշաւիր Շիրակեան միասնաբար գործադրեցին թուրք երկու ջարդարարներուն ահաբեկումը, որ մաս կը կազմէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովին (գումարուած Երեւան, 1919ին) որոշած «Նեմեսիս» գործողութեանց շարքին։
Դաշնակցութեան որոշումը, առաջին հերթին, հայ ժողովուրդի բիւրաւոր «նահատակներուն կտակն էր», ինչպէս որ հետագային Արշաւիր Շիրակեան ի՛նք պիտի ընդգծէր՝ իր յուշերը հրատարակութեան յանձնելով։
Դաշնակցութեան կայացուցած «Նեմեսիս»ի որոշումը նաեւ քաղաքական քայլ էր, որովհետեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, յաղթական Դաշնակիցներու կողմէ կեանքի կոչուած Պոլսոյ Պատերազմական Ատեանը, Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուները դատելով եւ անոնց դէմ մահապատիժի դատավճիռ արձակելով հանդերձ, երբեք քաղաքական կամքը չցուցաբերեց դատավճիռը գործադրելու։ Իսկ յանցապարտները իրենք փախուստ տուին Պոլիսէն, անուն եւ հասցէ փոխելով ու… անհետանալ փորձելով։
Դաշնակցութիւնը չէր կրնար այդպէ՛ս անպատիժ ձգել Հայաստանի հայաթափման եւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան պատասխանատու թուրք եղեռնագործները։
«Նեմեսիս»ի առաջին հարուածը չեղաւ Պ. Շաքիրի եւ Ճ. Ազմիի ահաբեկումը։ Ընդհակառակն՝ եղաւ վերջին գործողութիւններէն մէկը, որովհետեւ ինչպէս որ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի 19 Ապրիլ 1922ի համարով լոյս տեսած ահաբեկման թղթակցութիւնը կ՚ընդգծէ, մեծապետական հետախուզական սպասարկութիւնները արդէն սկսած էին կռահել, որ «Նեմեսիս»ի գործողութիւնները կը վերահսկուին Մ. Նահանգներէն գործող կեդրոնի մը կողմէ…
«Նեմեսիս»ի առաջին հարուածը Հայասպանութեան պատասխանատու ջարդարարներուն փաստօրէն տրուեցաւ 15 Մարտ 1921ին, նոյն Պերլինի մէջ, երբ Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռամբ ահաբեկուեցաւ իթթիհատական պարագլուխ եւ Եղեռնի օրերուն ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան։
17 Ապրիլ 1922ին էր, որ կարգը հասաւ Մեծ եղեռնի «գլխաւոր ճարտարապետ» Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Տրապիզոնի հայոց սպանդը անձամբ գլխաւորած կուսակալ Ճեմալ Ազմիի։
«Նեմեսիս»ի 17 Ապրիլ 1922ի գործողութիւնը ամէնէն յանդուգն էր։ Ոչ միայն այն պատճառով, որ միաժամանակ երկու թիրախի դէմ կ՚ուղղուէր՝ երկու ահաբեկիչներու ուղղակի մասնակցութեամբ։ Ոչ միայն այն պատճառով, նաեւ, որ Պեհաէտտին Շաքիր եւ Ճեմալ Ազմի իրենց ընտանիքներու մեծ խումբով բանուկ փողոցէ մը կ՚անցնէին ահաբեկման գործողութեան պահուն։ Այլեւ ու մանաւանդ այն պատճառով, որ Թալէաթի ահաբեկումէն ետք Պերլինը դժուար ռազմադաշտ դարձած էր ահաբեկչական գործողութեանց համար։
Բայց Արմէն Գարոյի, Շահան Նաթալիի, Գրիգոր Մերճանոֆի, Հրաչ Փափազեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Արամ Երկանեանի եւ գործողութեան մասնակից դաշնակցական միւս գործիչներուն համար անյաղթահարելի բան չկար։ Մահապատիժի որոշումը տրուած էր եւ «Նեմեսիս»ի գործողութեանց շղթային այս օղակն ալ պէտք է իրականացուէր։ Եւ յանդուգն ահաբեկումը գործադրուեցաւ՝ հակառակ խանգարող պարագաներու առաջացումին, յատկապէս Արշաւիր Շիրակեանի սայթաքելով գետին իյնալուն, թուրքերու խումբին մէջ գտնուող Թալէաթի այրիին կողմէ գետին ինկած Շիրակեանի ատրճանակը անոր ձեռքէն խլելու ճիգին եւայլն։ Պէտք է կարդալ ե՛ւ Արամ Երկանեանի «Այսպէ՛ս սպաննեցինք», ե՛ւ Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն էր նահատակներուն» յուշերուն համապատասխան հատուածները, խորաչափելու համար տարողութիւնը թէ՛ ահաբեկչական գործողութիւնը յաջողութեամբ պսակած յանդգնութեան, թէ՛ ահաբեկիչները անպարտելի դարձնող արդարադատութեան ներքին կրակին։
Փաստօրէն Արշաւիր Շիրակեան, ըլլալով առաջին կրակողը, Ճեմալ Ազմիին գլխուն մահացու փամփուշտը տեղաւորելէ ետք՝ Պեհաէտտին Շաքիրի այտոսկրին հասցուցած էր ոչ–մահացու հարուածը եւ Արամ Երկանեանի արագ միջամտութեան շնորհիւ էր, որ ճիւաղը ստացած էր օրհասական փամփուշտը։
Պեհաէտտին Շաքիր եւ ճեմալ Ազմի տեղւոյն վրայ մահացան։
Զոյգ ահաբեկիչները կրցան, դէպի օդը կրակելով, խուճապի մատնել անցորդները եւ փախուստ տալ ու իրենց հետքը թաքցնել հետապնդողներէն։
Ահա «Այսպէ՛ս Սպաննեցինք» եւ իրագործեցինք Դաշնակցութեան որոշումով թուրք հայասպանները մահապատիժի ենթարկելու «Նեմսիս»ի հատու հարուածը, որ ըստ ամենայնի «Կտակն էր Նահատակներուն», հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն։
Եւ ո՛ւր ալ գտնուինք եւ ի՛նչ ժամանակներու մէջ ալ ապրիք, Հայե՜ր, յիշէ՛ք 1922ի Ապրիլ 17ի մեծախորհուրդ Օրը։