Մեծ Պահոց ճիշդ կէսը յատկանշող օրն է Միջինքը, որ զգաստութեան ու ժուժկալ կեանք թելադրող Մեծ Պահքին կէս շրջանը ամբողջացած ըլլալն է, եւ կը նկատուի նաեւ իբրեւ խնդութեան առիթ։ Մեծ Պահոց յատուկ ուտելիքներով հայկական սեղաններ կը պատրաստուին՝ ժողովրդական համախմբումի առիթներ ստեղծելով։ Միջինքը ե-ղած է առաւելաբար հայ կնոջ ուշադրութեան առարկան։ Մասնաւորաբար, հայ կինն է, որ ջանք կը թափէ իր նախնիներուն աւանդութիւնները վերյիշելու, յարգելու եւ պահպանելու:
ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի ընկերուհիները, հաւատարիմ հայ կնոջ յանձնուած առաքելութեան՝ ամէն տարի քով քովի գալով կը պատրաստեն Միջինքի յատուկ համադամ ճաշեր։ Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ, ՀՕՄուհիներու եռուզեռը յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւէր: Օրեր շարունակ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան ու ընկերային յանձնախումբի անդամները անխոնջ աշխատեցան, կարելի դարձնելու համար Միջինքի ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Մարտ 30ին, ժամը 11:30ին, գեղեցկօրէն զարդարուած կեդրոնին մէջ։
Հաճելի էր մթնոլորտը սրահէն ներս. ներկայ էին ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան անդամ Նովա Հինտոյեան, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Միւրոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Խորէն քհնյ. Պապօշեան եւ Տիկնանց միութեան անդամներ, հիւրեր ու ՀՕՄուհիներ։
Բարի գալուստի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ վարչութեան ատենապետուհի Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով ընկերային յանձնախումբի անդամներուն՝ ըսելով. «Ընկերուհիներու ձեռքերով պատրաստուած այս բացառիկ եւ համադամ կերակուրները, մեր պատմական աւանդութիւններու շաղախումն են, որոնք տարուէ տարի կը փոխանցուին մեզի, շատ աւելի համեղցած եւ անուշցած»։
Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Խորէն քհնյ. Պապօշեան, որ նաեւ գնահատեց «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամներուն անսակարկ ծառայութիւնները Փասատինայի հայ գաղութին։
Օրուան յատուկ պատգամը փոխանցեց Միւրոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, շեշտելով Մեծ Պահքի խորհուրդներուն ընդմէջէն զգաստանալու, չափաւոր, ներող եւ բարեսիրտ կեանք ապրելու կարեւորութիւնը, կորով ու քաջալերանք ներշնչելով ներկաներուն, որպէսզի պահեցողութիւնը նոյն ոգիով շարունակեն մինչեւ անոր աւարտը, մինչեւ Ս. Զատիկ։
Ճաշէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ հաճելի անակնկալ մը։ Մասնաճիւղիս երկար տարիներու վաստակաւոր անդամներէն Նովա Հինտոյեան եւ Վարդուհի Սահակեան, ընկերակցութեամբ Կարինէ Բարիկեան-Սէթեանի եւ Արփի Կիցինեանի, ներկայացուցին երգով ու պարրով խառն զաւեշտ մը՝ վերակենդանացնելով մեր ժողովրդական ու աշուղական երգերը։ Զաւեշտի աւարտին ծափողջոյններուն տարափին տակ ներկաները գնահատեցին ընկերուհիներուն անզուգական տաղանդները։
Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ հայկական շուրջ պարերով։ Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ գոհարեղէններու վաճառք, վիճակահանութիւն եւ գնահատելի նուիրատուութիւններ։
Ներկաները ուրախ մթնոլորտի մէջ հրաժեշտ տուին իրարու, դարձեալ հանդիպելու եւ «Սօսէ» մասնաճիւղին յաջորդ ձեռնարկները քաջալերելու խոստումով։
Սոյն ձեռնարկի յաջողութեան համար յատուկ շնորհակալական խօսք ունինք մասնաճիւղիս ընկերային յանձնախումբի անդամներուն, «Տի.Ճէյ.» Կէրիին եւ յայտագիրի մասնակցողներուն։
Վարձքը կատար բոլորին։
(Թղթակցութիւնը վարչութենէն)