ՊՕՂՈՍ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Բոլոր ժամանակներուն ալ, հայերը ունեցեր են ազգասէր, հայրենասէր, ազգանուէր մարդիկ, որոնք անշո՛ւշտ մնացեր են եւ մինչ օրս ալ կը մնան մարդկանց յիշողութեան մէջ, իրենց կատարած քաջագործութիւններով:
2004 թուականին էր, երբ առիթը ունեցայ այցելելու Կիլիկիա եւ Արեւմտեան Հայաստան:
Այցելութեան առաջին հանգրուանը Պոլիսն էր, ուր այցելուներուս հիացուց «Տոլմա-պահչէ»ի հոյակապ կառոյցը, որուն կառուցման բաժինը կը պատկանի հայ ազգի ճարտարապետ Յարութիւն Պալեանին:
Սակայն այստեղ, տխրութիւնը պատեց զիս:
Ահա՛, այս անիծեալ Իսթանպուլ քաղաքն էր, ուրկէ սկսաւ հայ մտաւորականներու աքսորն ու ջարդը:
Մոռնալ… ինչպէ՞ս մոռնալ…
Անոնք նահատակուեցան՝ հայ ըլլալնուն համար…
Վերոյիշեալ հոյակապ կառոյցը կը կոչուէր «Եըլտըզ», որուն մէջ կ՛ապրէր Օսմանեան սուլթաններէն ամէնէն վերջինը՝ սուլթան Համիտ 2րդը, որուն ճիւաղային որոշումով կարգարդուած էր հայերու բնաջնջումը:
1904 թուական…
Սուլթան Համիտի կործանարար ծրագիրը արդէն որոշուած էր, եւ մասամբ կը կատարուէր որոշ հայկական շրջաններու մէջ:
Հայկական տարբեր շրջաններէ կը շտապէին դէպի Պոլիս, ուր ակնյայտ էր շիկացած մթնոլորտը:
Նոյն թուականին Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ կը գումարուէր ՀՅ Դաշնակցութեան 3րդ Ընդհանուր ժողովը, ուր կը ժամանէին տարբեր երկիրներէ պատգամաւորներ:
Սոյն ժողովին նպատակն էր՝ «զգետնել մեծ ոճրագործ, մարդասպան սուլթան Համիտ Բ.ը», որ կ՛ապրէր մայրաքաղաք Պոլսոյ «Տոլմա-պահչէ»ի «Եըլտըզ» պալատին մէջ:
Ժողովականները ոգեւորիչ ճառերով քաջալերեցին ընտրուած յեղափոխական անդամները եւ հնչեցին՝ «Կեցցէ՛ յեղափոխութիւնը, կեցցէ՛ ՀՅ Դաշնակցութիւնը» գոչերը:
Սոֆիայի Ընդհանուր ժողովէն ետք, մեծ շարժում կը նկատուէր երկրի հայաշատ վայրերուն մէջ, իսկ Պոլսոյ մէջ կեանքը մեռած էր՝ «Պանք Օթոման»ի գրաւման դէպքէն ետք, որ տեղի ունեցած էր 1896 թուականին, Բաբգէն Սիւնիի ղեկավարութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ արգիլուեցան բոլոր կարգի ուրախութիւններն ու տօնակատարութիւնները:
Եւ այդ անորոշ, խառն իրավիճակին ժամանակ, յանկարծ դաշնակցական Աշոտը, Քրիստափոր Միքայէլեանէն կը ստանայ նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսուէր. «Չմեկնիս Պոլիս, սպասէ յաջորդ նամակիս»…:
Մինչ այդ, Աշոտ կը հանդիպի խիզախ դաշնակցական Զարեհին, որ «Պանք Օթոման»ի գրաւման ժամանակ մեծ դեր էր կատարեր:
Զարեհը ծնած է Պոլսոյ Սամաթիա կոչուած թաղամասին մէջ: Ան ի ծնէ կրակ ու բոց, կտրիճ բնաւորութեան տէր տղայ մըն էր, որ դեռ 20 տարեկանին սպաննած էր իր թուրք վարպետը: Սակայն, դատապարտուելով 15 տարուան բանտարկութեան՝ Պոլսոյ բանտէն կը փոխադրուի Սինոպի բերդ, իբրեւ աքսորական, ու հոն կը ծանօթանայ յայտնի յեղափոխական Սասունցի Արաբոյին հետ եւ կը մտադրէ զայն փախցնել:
Իրօք, Զարեհը կը փախցնէ Արաբօն:
Այստեղ, Աշոտ կը յայտնէ Զարեհին, թէ Քրիստափորը Պուլկարիայէն Յունաստան պիտի գայ՝ խորհրդակցելու եւ բացատրելու դժոխային մեքենան պայթեցնելու գործին մասին:
Արդէն որոշուած էր սուլթան Համիտի ահաբեկման ծրագիրը:
Ամէն կողմերէն Պոլիս կը փութային անձնուէր դաշնակցականներ, որոնց կարգին էր նաեւ Սիմոն Զաւարեան, որ մտադրած էր Աթէնքէն անցնիլ Լիբանան, այնուհետեւ՝ Կիլիկիա:
«Եըլտըզ» պալատին շուրջը կը վխտային լրտեսներ, որոնք իւրաքանչիւր նորութեան լուրը կը հասցնէին Համիտին:
Պոլիս, Ռամազան՝ թուրքերու եւ համայն իսլամներու ամենամեծ տօնը:
Այդ տօնական օրը, սուլթան Համիտ պէտք էր երթար «Եըլտըզ»ի մզկիթը՝ աղօթելու:
Դաշնակցական հերոսները օգտուելով այդ բացառիկ առիթէն՝ կ՛որոշեն Ռամազանի ամսուան 15ին, օդ հանել սուլթան Համիտը՝ «Եըլտըզ» պալատով միասին:
Դաշնակցական հերոսները, զգալով Աշոտին ներկայութիւնը, որ կը գտնուէր Յունաստան, շտապ կը հեռագրեն, որ շուտով գայ Պոլիս, կարեւոր ծրագիրին կայացման համար:
Քրիստափորը արդէն պատրաստեր էր ռումբերն ու դժոխային մեքենան: Սուլթան Համիտը «Եըլտըզ» պալատին մէջ կորսնցուցեր էր իր հանգիստն ու քունը եւ մահուան ուրուականը կը հետապնդէր զինք ամէն վայրկեան:
1905ին, դաշնակցական գործիչ Վռամշապուհ Քենտիրճեանը Սոֆիայի մէջ կը հանդիպի Քրիստափորին, ռումբերը պայթեցնելու փորձարկման նպատակով:
Սակայն աւա՜ղ, փորձի ընթացքին ռումբը կը պայթի որոշուած ժամանակէն առաջ, եւ անոր զոհ կ՛երթան Քրիստափորն ու Վռամշապուհ Քենտիրճեանը:
Սակայն անոնց անմեղ հոգիները, միանալով հայ քաջ նահատակներուն՝ կը յորդորեն եկող սերունդերը, որ հետամուտ ըլլան հայոց Մեծ ջարդի արդար լուծման:
Պոլսոյ «Տոլմա-պահչէ»ի «Եըլտըզ» պալատին մօտ յանկարծ կը յայտնուի ուժականով լեցուն կառքը:
Յեղափոխականները, լարելով ռումբի պայթեցման ժամացոյցը՝ կը սպասէին Համիտի մզկիթէն դուրս գալուն: Սակայն Համիտ կ՛ուշանար, քանի որ մզկիթի գաւիթին մէջ խօսքի բռնուած էր Շէյխ ըլ Իսլամի հետ:
Եւ… յանկարծ կը պայթի դժոխային մեքենան, առանց Ծրագիրը իր ստոյգ նպատակին հասցնելու:
Երիտասարդ հայ յեղափոխականներուն բուն նպատակը Սուլթանը իր պալատով միասին օդ հանել էր… սակայն…
Յանուն վեհ գաղափարներու, յանուն արդարութեան եւ նպատակի պայքարին, յանուն հայ ժողովուրդի բարօրութեան, կը զոհուին անոնք՝ իրենց ետին թողելով վեհ ու գեղեցիկ անուններ: Անուններ, որոնք կը յիշուին եւ դեռ շատ պիտի յիշուին: