ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Ապրիլ 24ը Հայոց Մեծ Սպանդին յիշատակութեան օրն է: Ան հոմանիշն է Թուրքիոյ կողմէ պետական մակարդակով ծրագրուած եւ գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայեր, այսինքն գրեթէ կէսը քսաներորդ դարու առաջին քառորդին ապրող հայութեան: Բաց աստի, հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր բնաշխարհի գրեթէ 72 տոկոսը:
Ապրիլ 24ը, իբրեւ տարելիցի օրը մեր Մեծ Եղեռնի նահատակներու, միայն յիշատակութեան օր մը չէ, այլ անոնցմէ մեզի կտակուած Հայ Դատը իր արդար ելքին հասցնելու ուխտի օր մը:
Ապրիլ 24ը քանի մը տասնամեակ շարունակ եղաւ առաւելաբար հանդիսաւոր սուգի եւ ոգեկոչումի թուական մը, բայց 1965ի յիսնամեայ տարելիցէն ի վեր ան հետզհետէ դարձաւ Հայ Դատի հետապնդման ուխտի օր մը՝ երբ հայ ազգի մեծ զանգուածը հոգեպէս վերակազդուրուած՝ սկսաւ իր ձայնը բարձրացնել քաղաքական հրապարակի վրայ իբրեւ պահանջատէր իր անտեսուած իրաւունքներուն:
Ապրիլ 24ը եւ Հայ Դատը իրարմէ անբաժան իրողութիւններ են: Ազգային արդար իրաւունք եւ ինքնավարութիւն՝ Հայրենի հողի վրայ, որ միշտ տենչ ու երազ դարձած էր թրքական լուծի տակ ճնշուած հայ ժողովուրդին, կոչուեցաւ «Հայկական Հարց»: Եւ «Հայկական Հարց»ը տրամագծօրէն հակառակ էր Օսմանեան Թուրքիոյ շահերուն: Ըստ այդ օրերու Օսմանեան կայսրութիւնը վարող թուրք իթթիհատականներուն, «Հայկական Հարց»ը լուծելու միակ կերպը հայերը բնաջնջել էր: Այդ դարձաւ իրենց գաղտնի նշանաբանը:
Ահա այդ նշանաբանին տառացի գործադրութիւնը եղաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, երբ «Երիտասարդ Թուրք Իթթիհատ»ականներ, օգտուելով Առաջին աշխարհամարտին իրենց ընծայուած դիպուկ առիթէն, ի գործ դրին իրենց կանխամտածած ցեղասպանութեան դժոխային ծրագիրը:
«Հայկական Հարց»ը իր էութեան մէջ Հայ Դատն էր, որ ի վերջոյ մարմին առաւ «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան» գաղափար-կարգախօսով:
«Ազատ եւ Անկախ» մակդիրները այսօր իրականացած են շնորհիւ մեր վերածնող հայրենիքին: Կը մնայ «Միացեալ»ը կա՛մ Ամբողջական Հայաստանը՝ ամբողջական հայութեամբ: Մեր հողերու մեծ մասը տակաւին բռնագրաւուած կը մնայ Թուրքիոյ հանրապետութեան կողմէ: Հետեւաբար, մեր դատը իր արդար լուծումը չէ գտած տակաւին: Ուրեմն, Հայ Դատը կապուած է հայ ազգային իրաւունքներու խախտման հետ:
Ամէն ժողովուրդ իրաւունք ունի ամբողջական Հայրենիքի: Հայ Դատի ձեւակերպման սկզբունքն է ամբողջական Հայաստանի ստեղծումը: Այդ կը նշանակէ սփիւռքահայութեան համախմբումը իր ամբողջական հողերուն վրայ:
Սակայն, ինչպէ՞ս կրնայ իրականանալ «Ամբողջական Հայաստանը»: Բնականաբար, ատիկա հնարաւոր պիտի չըլլայ ուժի գործածութեամբ, այլ պիտի ըլլայ բանակցութեամբ, որ հիմնուած է պատմական արդար իրաւունքներու վրայ:
Փոքր Ասիոյ այն հողամասին վրայ ուր գործադրուեցաւ ցեղասպանութիւնը՝ հայկական հողեր եղած են դարեր շարունակ: Այդ հողերուն վրայ ապրեր էր հայ ժողովուրդը երեք հազար տարիներէ ի վեր: Առաջին համաշխարհային պատերազմին եւ անոր յաջորդող քանի մը տարիներու ընթացքին Թուրքերը այդ հողերը հայութենէ պարպեցին, բիրտ ուժով անիրաւօրէն եւ բռնագաղթով: Անոնք Արեւմտահայաստանի բնակչութիւնը կոտորելէ ետք, ուզեցին բնաջնջել նաեւ Արեւելահայաստանը: Բայց, հայ ժողովուրդը իր արեան գնով իսկ պաշտպանեց Հայրենիքը, եւ Սարտարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Աբարանի երեք ճակատներու վրայ թուրք բանակներուն դէմ յաղթանակ տանելէ ետք՝ Մայիս 28, 1918ին անկախութիւն հռչակեց: Յունուար 9, 1920ին Դաշնակից ազգերու գերագոյն խորհուրդը ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն հետեւեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ճանաչումը Ապրիլ 23, 1920ին: Դաշնակից Ազգեր Սան Ռեմոյի ժողովին որոշեցին դիմել ԱՄՆի նախագահ Ուիլսընի, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանները գծէ:
Օգոստոս 10, 1920ին Ֆրանսայի Սէն գետի ափին, Սեւր քաղաքի մէջ ստորագրուեցաւ դաշնագիր մը Դաշնակից ազգերու կողմէ, որ ծանօթ է Սեւրի Դաշնագիր անունով: Սեւրի Դաշնագիրը կառաջադրէր խաղաղութեան համաձայնագիր մը ըլլալ Դաշնակից պետութիւններու եւ պարտեալ Թուրքիոյ միջեւ:
Հայաստան, որ արդէն փաստօրէն գոյութիւն ունէր որպէս ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն, Սեւրի Դաշնագիրով կը ստանար նաեւ միջազգային իրաւական ճանաչում, եւ կը դառնար միացեալ՝ Վուտրօ Ուիլսընի գծած ճշգրիտ եւ վերջնական սահմանագծումներով:
Սեւրի Դաշնագիրը, իր ամբողջութեան մէջ կը բաղկանար 433 յօդուածներէ եւ 13 անջատ գլուխներէ: Առաջին 26 յօդուածները մաս կը կազմէին «Ազգերու դաշնակցութեան յայտարարագրին»: Այս յօդուածները, յետագային հիմը կազմեցին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿի) ուխտին:
Հայ Դատի իրաւունքներու կեդրոնական առանցք կը կազմեն Յօդուածներ 88, 89, 90, 91 եւ 92: Յատկանշական են յատկապէս Յօդուածներ 88 եւ 89, որոնք կը հաստատեն հետեւեալը.
Յօդ. 88.- «Թուրքիա կը յայտարարէ, թէ կը ճանչնայ Հայաստանը իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն:
Յօդ. 89.- Թուրքիա եւ Հայաստան, ինչպէս միւս պայմանադիր բարձր կողմերը, կը հաւանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճռին յանձնել սահմանին որոշումը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի Վիլայէթներուն մէջ, եւ ընդունիլ անոր վճիռը:
Այսպէս, Սեւրի Դաշնագրով եւ Ուիլսընեան սահմաններով մենք պիտի ունենայինք 163,730 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ երկրամաս մը: Շուտով, սակայն, պատմութիւնը իր ընթացքը կը փոխէր: Սեւրի Դաշնագիրը կնքուելէն մէկ ու կէս ամիս ետք, սկսաւ հայ եւ թուրք պատերազմը: Թուրքերը յարձակեցան Կարսի վրայ, գրաւեցին զայն եւ արշաւեցին դէպի արեւելք եւ հասան մինչեւ Երեւանի մօտերը: Դժբախտաբար երէկի դաշնակիցներու Թուրքիան իրենց մէջ բաժնելու քաղաքական հաշիւները մոռացութեան տրուեցան:
Սեփական շահերէ ծագած հակամարտութիւնները պատճառ դարձան, որ պարտուած եւ անդամահատուելու դատապարտուած Թուրքիան՝ վերազինուի նոյնինքն երէկի յաղթականներուն կողմէ: Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ սալին եւ մուրճին ներքեւ մնացող մանուկ Հայաստանը ստիպուեցաւ ստորագրել Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը, Նոյեմբեր 29, 1921ին, եւ մաս կազմել Սովետական Միութեան՝ դառնալով անոր 15 հանրապետութիւններէն մին: Մինչ այդ, Հայաստանի հանրապետութիւնը, որ 1920ի սկիզբները 71,330 քռ. քլմ. տարածութիւն ունէր, հողային մեծ զիջումներ ըրաւ թէ՛ Թուրքերուն եւ ապագային՝ Սովետական Ատրպէյճանի: Այսօր, անոր հողային տարածութիւնն է շուրջ 30,000 քռ. քլմ.
Այնուամենայնիւ, 10 Օգոստոս 1920ին ստորագրուած Սեւրի Դաշնագիրը վաւերագիր մը կամ փաստաթուղթ մըն է, որ իրաւական հիմք կու տայ Հայ Դատին՝ իբրեւ միջազգայնօրէն նուիրագործուած իրաւունք: Այս կը նշանակէ թէ «Ուիլսընեան Հայաստանի» տարածութեան վրայ (163,730 քառակուսի քիլոմեթր), ներկայ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը իրաւական ոչ մէկ իրաւունք ունի եւ Նոյեմբեր 22, 1920էն (Ուիլսընի գծած վերջնական սահմանագծումներու թուականէն ետք) հայկական տարածքները բռնագրաւուած են Թուրքիոյ կողմէ, եւ անոր իշխանութիւնը հայկական հողերու վրայ անօրինական է:
Արդ, միջազգային օրէնքի իրաւարար չափանիշերով եւ Լա Հէյի 81րդ Յօդուածի լոյսին տակ՝ Սեւրի Դաշնագիրը վաւերական է եւ հայ ժողովուրդը կը դարձնէ պահանջատէր: Եւ քանի որ այսօր հայ ժողովուրդը իր ազատ եւ անկախ պետութիւնը ունի, այսինքն ներկայ վերածնած Հայաստանի հանրապետութիւնը, ա՛ն է միակ ատակ միջոցը, որ հանգամանօրէն կրնայ իր ձայնը լսելի դարձնել եւ հայկական բռնագրաւած հողերու պահանջքը միջազգային պատկան օրկաններուն առջեւ դնել:
Ինչ կը վերաբերի արտասահմանի հայութեան, հարկ է հաստատել թէ ան նոյնչափ իրաւունք ունի պահանջատիրութեան, որովհետեւ սփիւռքահայութեան ներկայ սերունդները յաջորդներն են իրենց հողերէն տարագրուած հայութեան:
Որպէսզի մեր հայրենի իշխանութիւնները եւ սփիւռքահայութիւնը մէկ ձայնով եւ միակամ պահանջատիրութիւն ընեն, անհրաժեշտ է որ հայրենի իշխանութիւններ, գուցէ Հայատանի հանրապետութեան նախագահը՝ համահայկական համագումար մը կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը առնէ, որուն որոշումներուն համաձայն հայկական բոլոր կազմակերպութիւնները, եկեղեցական կամ աշխարհական, գործակցաբար աշխատին Հայաստանի հանրապետութեան հովանիին ներքեւ:
Գնահատելի է որ վերջին քանի մը տասնամեակներուն հայ քաղաքական կազմակերպութիւնները որոշ յաջողութիւններ արձանագրած են Հայ Դատի նկատմամբ: Անտարակոյս, անոնք փաստօրէն կտրած են ուղի մը, որ արժանի է գնահատանքի:
Արհրաժեշտ է, սակայն, որ Հայ Դատի հետապնդման պայքարը շատ աւելի ազդու յառաջխաղացքի մէջ դրուի: Անհրաժեշտ է որոնել հայութեան բոլոր ուժերը զօրաշարժի ենթարկելու միջոցներ:
Հայ Դատը համայն հայութեան դատն է, հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ բոլոր հայ յարանուանութիւնները, կուսակցութիւնները եւ կազմակերպութիւնները իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն անոր հետապնդման կենսական գործին մէջ:
Հայ Եկեղեցիներն ալ կրնան, եւ պէտք է դառնան, գործակից Հայ Դատի հետապնդման հարցերուն մէջ: Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց մերօրեայ ճակատներուն վրայ, հայ եկեղեցիները կրնան ծանօթացնել հայութիւնը, հայ քաղաքակրթական ու մշակութային վաստակը, եւ ներկայ մաքառումը ազգային եւ քաղաքական իրաւունքներու: Եթէ անցեալին Հայ Եկեղեցին եղած է արտայայտիչը հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մտաւոր, ազգային եւ քաղաքական տենչերուն, այսօր ալ կրնայ դառնալ, եւ պէտք է դառնայ, կարեւոր ազդակ մը Հայ Դատի հետապնդման:
Եզրակացնելով անգամ մը եւս ըսենք, պէտք է շարունակենք ոգեկոչել Ապրիլ 24ը, բայց ոչ միայն իբրեւ յուշատօն, այլ մանաւանդ ուխտի տօն, թէ պէտք է շարունակենք հետապնդել Հայ Դատը մինչեւ եղեռնագործը ընդունի իր գործած ոճիրը, ներողութիւն խնդրէ եւ հատուցում ընէ: Հայ ժողովուրդը չի կրնար հրաժարիլ հայրենի այն հողերէն, որ իր պապերէն ժառանգ մնացած է իրեն: