
ՄԱՔՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
96 տարիներ, անհատաբար, հաւաքաբար, մենք ողբացինք, մոմ վառեցինք, աղօթեցինք եւ պատգամներ յղեցինք յայտնի-անյայտ, մեծ ու փոքր պետութեանց, որ ճանաչում շնորհեն 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան, եւ հատուցում՝ հայ ժողովուրդի արդար Դատին:
Հաւաքական մեր ճիգին՝ Հայ Դատի տքնանքին իբրեւ արդիւնք, ոմանք դրական պատասխանեցին մեր կանչին, ուրիշներ քաղաքական, շահադիտական հաշուարկներով դրժեցին, իսկ դահիճի ժառանգորդները մինչեւ այսօր, Օսմանեան ցեղասպան նախնիներուն մեղքը շալկած՝ անբարտաւան ու մեծամիտ, երկրէ-երկիր, քարոզչական իրենց ստայօդ արշաւներով կ՛ուզեն հաւաստիացնել, մինչեւ իսկ, եղելութեան խորապէս իրազեկ պետութիւնները, թէ ցեղասպանութիւն չէ կատարուած, այլ տեղահանութիւն՝ հայ ժողովուրդի կեանքի ապահովութեան համար: Եւ այսպէս, քաղաքական, տնտեսական, այլ եւ այլ շահերու, հաշիւներու ճնշման տակ լռութեան մատնուած է նոյնիսկ հարցին գիտակ պետութիւններու խիղճը, իսկ մարդկութեան խիղճը կը մրափէ տակաւին…:
Այնպէս կը թուի, թէ 96 տարիներու պահանջատէրի մեր կանչը, արդարութեան հասնելու երազը, կորչելու վտանգին ենթարկուած է, մարդկային խղճի անգթութեան, աւելի ճիշդը՝ անգոյութեան պատճառաւ: Ինչ ալ եղած ըլլան այդ պատճառները, պատմական ճշ-մարտութեան հանդէպ եղած անտարբերութիւնը, լռութիւնը, ընդվզեցուցիչ է եւ դատապարտելի, նաեւ՝ մեղսակցութիւն յանցագործութեան: Յանկարծ կ՛անդրադառնամ ցաւով ու ցասումով, թէ միայն չորս տարիներ կը բաժնեն մեզ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն: Կը մտածեմ եւ հարց կու տամ ես ինծի. ձեռնունա՞յն պիտի դիմաւորենք մեր նահատակներուն խնկելի յիշատակի հարիւրամեակը:
Բայց ի՛նչ կ՛ըսեմ. յուսահատական միտքեր արտայայտելու, յատկապէս արձանագրելու իրաւունք չունինք: Չորս տարիներու ընթացքին շատ հրաշքներ կրնան կատարուիլ, քաղաքական տեղաշարժներ կը պատահին: Կենսականը, մենք ազգովին, միասնական ու վճռական Հայ Դատի շուրջ բոլորուելով՝ թեւ ու թիկունք կանգնինք հայրենի պետութեան, որպէսզի Սփիւռք-հայրենիք ձեռք-ձեռքի, միասնաբար, նոր ռազմավարութեամբ, նորանոր ծրագիրներով, ճարտարարուեստի ընձեռած բոլոր միջոցները օգտագործելով՝ թափանցենք բազմամիլիոն թուրք հասարակութենէն ներս, անոնց թմբիրի մէջ եղող խիղճը արթնցնելու, հոգեփոխելու ու յիշեցնելու, թէ իրենց յանցագործ նախնիներու ահաւոր մեղքին պատճառով, իրենց ճակատին քսուած սեւ մուրը մաքրելու, ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնելու ժամը հնչած է, թէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն առաջ դեռ առիթ ունին ոտքի կանգնելու եւ տողանցելու Թուրքիոյ չորս ծագերէն՝ գիւղերէն ու քաղաքներէն դէպի մայրաքաղաք՝ Անգարա, Պոլիս, եւ պարտադրելու սեփական կառավարութեան մաքրագործել անցեալի պատմութեան այդ ոճրահոտ սեւ էջը, նաեւ ազատագրուելու Ցեղասպանութիւն բառի առթած տասնամեակներու ճնշուածութենէն, ահաբեկուած վիճակէն, հոգեփոխուած՝ ճանչնալու իրենց ժառանգած ու ճիտի պարտք Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում տալու հայ ժողովուրդին:
Հաւանաբար պիտի ըսեն, թէ կ՛երազեմ: Սակայն, առանց երազի չկայ իրականութիւն: Չորս տարիներու ընթացքին ինչե՜ր-ինչե՜ր կրնան պատահիլ. ժողովրդային շարժումներ, քաղաքական խլր-տումներ եւ Ցեղասպանութիւնը ընդունող թուրք մտաւորականներ կրնան այդ շարժումները գլխաւորել: Կրնայ պատահիլ նաեւ անսպասելին. Օսմանեան կայսրութիւնը վերակերտելու Թուրքիոյ նորելուկ ղեկավարներու աշխարհակալ դառնալու փառատենչ ու անհաշիւ քայլերուն հետեւանք, կրնայ փուլ գալ Թրքական հանրապետութիւնը՝ ինչպէս փուլ եկաւ հզօր Խորհրդային Միութիւնը: Ի վերջոյ, երկրագունդի վրայ կայուն ոչինչ կայ: Կարեւորը, ի պահանջեալ հարկին, հարիւր եւ աւելի տարիներ եւս կարենանք ազգովին հաւատարիմ մնալ մեր նահատակներու կտակին ու զայն սերունդէ սերունդ փոխանցելով՝ վառ ու կենդանի պահենք մեր եւ մարդկութեան յիշողութեան մէջ: Ինչպէս 96 տարիներ, քանի՜-քանի՜ սերունդներ յամառօրէն ու տեւաբար պայքարեցան եւ Հայ Դատը եկեղեցիներու բակերէն, սգահանդէսներէն, համայնքային-գաղութային միջոցառումներէն, ցոյցերէն ու հաւաքներէն դէպի միջազգային բեմահարթակ բարձրացուցին. հայն ու Հայաստանը աշխարհի տէրերուն ու ժողովուրդներուն ծանօթացուցին, եւ այս բոլորը՝ հայոց պետականութեան բացակայութեան եւ առանց պետական օժանդակութեան:
Ճիշդ է, որ 96 տարիներու անսպառ եւ ծանր աշխատանքով, վախճանական իր նպատակին չէ հասած հայոց գերխնդիրը, սակայն, հսկայաքայլ յառաջդիմած ու տակաւին երթը կը շարունակուի: Պատի՛ւ համահայկական կառոյց՝ «Հայ Դատ»ին, ու անոր հովանիին ներքոյ գործող նուիրեալներուն, նաեւ հայկական այլ կազմակերպութիւններու: Պայքարը կը շարունակուի, առանց յոգնելու եւ յուսահատելու: Թող յոգնածներն ու յուսահատները առնուազն լուռ մնան, չբարձրաձայնեն նահանջի իրենց երգը, զոր պարբերաբար խռպոտ ձայնով լսելի կը դարձնեն հետեւեալ ընդվզեցնող ու ազգավնաս արտայայտութեամբ. «Թող տան նայինք այդ հողերը, ո՞վ պիտի երթայ»: Կը զարմանամ, թէ ինչպէ՛ս հայ մարդու լեզուն կրնայ այսքան անփոյթ արտաբերել նման միտք, եւ որքա՛ն հեշտութեամբ ու անտարբերութեամբ կրնայ պարտուողական կեցուածք որդեգրել, մեր պապերուն քրտինքով ու արեամբ շաղախուած հազարամեայ հողին նկատմամբ:
Ոմանք պիտի ըսեն՝ իրապաշտ մօտեցում է այդ: Ես կը պնդեմ, որ պարտուողական դիրքորոշումի ծնունդ է ան: Այդ հողերը պէտք է վերադարձուին բուն սեփականատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին: Իրեն կը մնայ կ՛ապրի՞, թէ չապրիր այդ հողին վրայ, կը մշակէ՞ զայն, թէ խոպան կը թողու, կը ծաղկեցնէ՞, թէ աւերակ կը պահէ: Այդ արդէն կախեալ է հայ մարդու ազգային գիտակցութենէն, արժանապատուութենէն, մասնաւորաբար՝ հայրենասիրութենէն:
Յիշենք, թէ աշխարհի վրայ շատ երկիրներ կան լայնածաւալ տարածքներով, ամայի ու խոպան վայրերով: Բայց ոչ մէկ պետութիւն կը զիջի իր երկիրի չբնակեցուած, չօգտագործուած հողամասերը ուրիշին, առաւել, ոչ ալ դրացի երկիրներ կը յանդգնին ըսելու, թէ՝ «չես օգտագործեր, հետեւաբար պիտի գրաւենք, իւրացնենք»: Պայքարելէ յոգնածներն ու յուսահատները առնուազն լուռ թող մնան, չվարակելու համար շրջապատը: Հայ ժողովուրդը այլոց հողերը գրաւելու, պահանջելու խնդիր չունի: Կը պահանջէ այն հողերը, որոնք ցեղասպանութեամբ բռնագրաւուած են եւ կը սպասեն հարազատ ժողովուրդի վերադարձին: Տուն դարձի համար այժմէն աշխատանք պէտք է տանիլ, հայ ժողովուրդի թմբիրի մէջ եղող հատուածը արթնցնել, ուշքի բերել՝ նշելով, թէ առանց հայրենի հողին, լեզու, մշակոյթ ազգային դիմագիծ կը թառամին, կ՛աղարտուին: Հայ ծնողներ ու դաստիարակներ ճիգ պէտք չէ խնայեն հայրենակարօտ սերունդներ պատրաստելու, սերունդներ, որոնք հայրենիք տենչան ու գիտակցուած հայրենասիրութեամբ սիրեն հող հայրենին, նաեւ յանձնառու ըլլան զոհողութիւններու:
Մեր նահատակներու 96րդ տարելիցին առիթով, իբրեւ 96 տարիներու 70 ապրիլները տեսած, եկեղեցական թէ դպրոցական սգահանդէսներէն ու լսարաններէն, մինչեւ թրքական հիւպատոսարանի դռները թակող ցոյցերուն մասնակից հայուհի՝ այսօր, երբեմնի մաքրամաքուր հաւատքով, մուտք կը գործեմ Հայոց առաքելական եկեղեցիէն ներս, աչքերս վեր բարձրացնելով, «ի խորոց սրտի» պահանջելու պէս խնդրելու տիեզերքի Ամենակալէն, որ ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ, թուրք պետութեան խիղճը արթնցնէ, իսկ հասարակութեան՝ գիտակցութիւնը, որպէսզի ազգովին հոգեփոխուած, մաքրուած, ի լուր աշխարհին յայտարարեն, թէ կ՛ընդունին քսաներորդ դարու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կը հատուցանեն…: Այն ատեն, միա՛յն այն ատեն է, որ հայ եւ թուրք երբ իրարու հանդիպին, իբրեւ բարի դրացնութեան արտայայտութիւն, իրարու աչք նայելով՝ բարեւ կրնան ըսել իրարու: Այլապէս, հայոց գալիք սերունդները, աշխարհի չորս ծագերուն, նոր թափով ու վճռականութեամբ պիտի շարունակեն պայքարը, մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
Այս առթիւ ոչ միայն թուրք պետութեան կը վերաբերի պահանջք-խնդրանքս Ամենակալէն, այլ նաեւ՝ մեր պետութեան, որպէսզի՝
– Աւելի ուժեղ դիրքերէ հակադարձէ թրքական ստապատիր քարոզչութեանց եւ ատրպեճանական սադրանքին:
– Առաւել ճիգ թափէ՝ տիրութիւն ընելու հարազատ ժողովուրդին, որպէսզի անգործութեան, անարդարութեան պատճառով, նաեւ մութ ուժերու կողմէ (թէեւ բացայայտուած են այլեւս) ծրագրուած մեր գոյութեան սպառնացող արտագաղթը կասեցուի եւ ներգաղթի վերածուի:
– Հայաստանը դառնայ օրէնքի ու արդարութեան օրինակելի երկիր, որ հայ մարդը ոչ թէ լքէ իր երկիրը, այլ ձգտի դէպի երկիր, փոխանակ օտար երկիրներ ծաղկեցնելու եւ շէնցնելու, մնայ ու ծաղկեցնէ իրը՝ սեփականը:
– Ցեղասպանութեան ճանաչում, արտագաղթ-ներգաղթ, մեր ազգի ապագան նկատուող երիտասարդներու հոգին խաթարող ու զանոնք այլասերող աղանդներու դէմ պայքար, այս եւ նման շատ հարցեր իմաստութեամբ, հայրենասիրութեամբ լուծելու ակնկալութիւն՝ մեր պետութենէն:
96րդ տարելիցը թող լուսաւորէ սփիւռքեան եւ հայրենական ուղիները եւ միաւորուած, միասնաբար, մեր նահատակներու հաւատքով զինուած ու զօրացած՝ մեր խնդիրը լուծուած տեսնելու յոյսով ու վճռականութեամբ քալենք դէպի հարիւրամեակ: