ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Եթէ Հայոց թուխ Արամազդը՝ Աւետիս Ահարոնեան այսօր ողջ ըլլար, պիտի ահազանգ հնչեցնէր ու համայն հայութեան ըսէր. «Թուրքերը մեր դռներուն են»:
94 տարիներ առաջ, երբ նորաստեղծ Խորհրդային Միութիւնը Թուրքիոյ հետ կնքած Փրես Լիթովսքի դաշնագիրին համաձայն կովկասեան ռազմաճակատի ռուս բանակի զինուորները տուն կը բերէր, իսկ թրքական բանակը կը ներխուժէր Երզնկա-Մուշ-Վան ընդարձակ ռազմաճակատի հայկական վտիտ ուժերուն վրայ: Հայոց Ազգային խորհուրդի նախագահ Աւետիս Ահարոնեան, 1918ի Փետրուարի վերջերուն, Անդրկովկասի մայրաքաղաք Թիֆլիսէն հայութեան ուղղուած ահազանգ մը կը հնչեցէր:
Յիշելով առասպելը, որուն համաձայն, հռովմեյացի քաջարի զինուոր մը նախքան Քրիստոս երրորդ դարուն, տեսնելով Կարդակենի զօրավար Աննիբալի զինուորները հասած են արդէն Հռոմի մատոյցներուն եւ կը պատրաստուին ներխուժելու քաղաք, նախազգալով գալիք վտանգը, կը բարձրանայ քաղաքի մէկ աշտարակին վրայ եւ «Hannibal ad portas» (Աննիբալը մեր դրանն է) ահազանգը հնչեցնելով, հռովմայացիները կը հրաւիրէ գօտեպնդուելու, եւ կայսրութեան մայրաքաղաքը պաշտպանելու:
Զինուորին ահազանգն ու մարտի հրաւէրը կը զգաստացնէ անմիաբան, երկպառակտուած հռովմեյացինիները, որոնք կը խմբուին եւ մաիկամ՝ յարձակելով Աննիբալի զօրքերուն վրայ, զանոնք երկրէն դուրս քշելով կը փրկեն մայրաքաղաքն ու երկրին պատիւը:
Աւետիս Ահարոնեան իր ահազանգը կը հնչեզնէր, երբ 1918ի Փետրուարին, թուրք զօրքերը կը խուժէին երզնկայի հայկական դիրքերը, կը խորտակէին հայոց ամրոցները եւ կը շարունակէին իրենց անարգել յառաջխաղացքը դէպի Էրզրում եւ անդին՝ դէպի Արեւելեան Հայաստան:
Իբրեւ բնաբան. «Հայո՛ց աշխարհ, հա՛յ ժողովուրդ, ես ձեզ եմ ասում», խօսքը կրկնելով, ան սրտառուչ կոչ կ՛ուղղէ հարուստին ու աղքատին, ուսուցիչին, մտաւորականին, ուսանողին ու գեղջուկին, եւ մատնանշելով հայութեան վերահաս վտանգը, կ՛ըսէ. «Ահա հազար-հազար մութ ձեռքեր քո Գողգոթայի վրայ եռանդով վիհ են փորում՝ քո նահատակութեան խաչը տնկելու. մայր երկիրն է զրնգում թշնամի բազուկներից… բայց քո խաչը չպիտի տնկուի»:
Հետեւանքը բոլորիս ծանօթ է: Ա. Ահարոնեանի, իր պաշտօնակիցներուն եւ այդ օրերու հայ ղեկավարներուն հնչեցուցած ահազանգերն ու հայութեան ուղղուած մարտահրաւէրները ապարդիւն չանցան: Մեծ Եղեռնէն, պատեարազմներէն, անանուն ոճիրներէն, սովերէն ու հիւանդութիւններէն վերապրած հայութեան մնացորդացի արի արանցը հաւաքեց իր ուժերը, պրկեց իր ջիղերը, պնդացուց իր մկանները եւ ապրելու իր հզօր տենչէն մղուած, ծառացաւ 20րդ տարու Աննիբալին՝ Թուրքիոյ դէմ, անոր ճիրաններէն խլեց հայաստան աշխարհի փոքրիկ մէկ հողակտորը եւ այնտեղ հաստատեց հայոց նոր պետութիւնը:
Ա. Ահարոնեանի հնչեցուցած ահազանգի թեմայով կը սկսինք հայոց Մեծ Եղեռնի 96ամեակի տարելիցի առթիւ «Ասպարէզ» թերթի ծրագրած յատուկ թիւին համար մեզմէ ակնկալուած գրութիւնը:
Համաձայն ենք թերթին խմբագիր ընկերոջ հետ, որ ներկայի հայ իրականութիւնը «մղձաւանջային» է: Առ այդ, տրամադիր ենք թերթին խմբագրութեան եւ ընթերցողներուն հետ կիսելու մեր մտածումները, զգացումներն ու գնահատականները Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատին վերաբերող հարցերուն մասին:
Հայ Դատի լուծման հարցով վերջին տասնամեակներուն տարուած քաղաքական գործունէութեան առանցքը դարձած Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրին վերաբերեալ հայերուս ակնկալութիւննեը չարդարացան: Ի դերեւ ելան 1915ին թուրքերու գործած ոճիրները իբրեւ ցեղասպանական արարք աշխարհի պետութիւններուն ճանչցնելէ ետք, հայութեան հողային պահանջները Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ), կամ ուրիշ համաշխարհային արդարադատ ատեան մը ներկայացնելու մեր յոյսերն ու ծրագիրները, որովհետեւ՝
1. Անգիտացանք, որ թուրքերը ամէն ժամ եւ ամէնուրեք մեր դռներուն են եւ իրենց անսահման կարելիութիւններով՝ պատրաստ Հայ Դատի լուծման մեր փորձերուն ընդդիմանալու եւ ձախողցնելու.
2. Սփիւռքի հայութիւնը ներքնապէս միակամ չըլլալով, ի վիճակի չեղաւ թրքական միջամտութիւններուն հակադարձելու, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները չհետաքրքրուեցան, կամ կարողութիւնը չունէին Հայ Դատի հետապնդման պատասխանատուութիւնը ստանձնելու.
3. Որովհետեւ ներկայի հայոց ծանրակշիռ, ճնշող, տագնապալի վիճակը ազդու ահազանգով հայ զանգուածներու փոխանցելով, անոնց սիրտն ու միտքը ցնցող, գիտակցութիւնը արթնցնող եւ Հայ Դատի գործին լծող հեղինակութեան տէր Ա. Ահարոնեան մը չունէինք:
Ներկայիս, տագնապալի, յուսահատական վիճակի մատնուած է Հայ Դատի գործընթացը բոլոր ճակատներուն վրայ: Անտիրութիւն, շփոթութիւն, անվճռականութիւն կը տիրէ ամէնուրեք: Յուսահատական այս կացութեան պատասխանատուներն են նախ՝ Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք իմաստութիւն (թերեւս հնարաւորութի՞ւն) չունեցան ստանձնելու Հայ Դատին տիրութիւն ընելու ծանր, բայց պատուաւոր պարտականութիւնը եւ վերջին տարիներուն առիթ տուին թուրքերուն արձակ-համարձակ արշաւելու Հայ Դատի պաշտպանութեան քաղաքական դիրքերուն վրայ եւ ի դերեւ հանելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը աշխարհի պետութիւններուն եւ միջազգային հանրութեան ճանչցնելու մեր բազմաթիւ փորձերը: Հայ Դատը քաղաքական ֆութպոլի մարզադաշտ իջեցնելու Հայաստանի իշխանութեանց անպարկեշտ ու անվայել փորձը ոչ միայն բարոյական ծանր հարուած եղաւ հայ ժողովուրդի սնուցած յոյսերուն, այլ նաեւ նախատինք՝ Հայ Դատի բարոյական լրջութեան՝ յաչս միջազգային հանրութեան:
Հայ Դատի ներկայի ողբալի վիճակին պատասխանատու է նաեւ Սփիւռքի հայութեան ղեկավարութիւնը, որ չփորձեց համասփիւռքեան վարչութիւն մը, համահայկական Ազգային խորհուրդ մը ստեղծելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը աշխարհի պետութիւններուն եւ միջազգային հանրութեան ներկայացնելու: Եւ մեր տնաքանդ ներքին անմիաբանութիւնը ուժ տուաւ մեր դռներուն կանգնած եւ մեր բոլոր շարժումներուն հետեւող թուրքերուն, դաւով ու նենգութեամբ ամլութեան դատապարտելու, վիժեցնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը աշխարհին ճանչցնելու մեր փորձերը: Մեր անմիաբանութիւնը նոյնպէս պատճառ եղաւ, որ մենք չմտածենք, չհամարձակինք խուռներամ երթալու եւ կանգնելու Սպիտակ տան դիմաց եւ Քափիթոլ Հիլի հրապարակին, Ամերիկայի նախագահին եւ Քոնկրեսի անդամներուն երեսն ի վար շպրտելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման իրենց խոստումները դրժելու անամօթ եւ վատաբարոյ արարքները:
Մեծ Եղեռնի 50ամեակի
Հետքերով Դէպի 100ամեակ.
Հայ Դատի ներկայ իրավիճակը մեզ կը յիշեցնէ 1955-1965 տասնամեակի հայութեան ընկճուած, յուսաբեկ եւ տագնապալի կացութիւնը:
ՄԱԿի միջոցով իր կողոպտուած հողերուն, բռնաբարուած իրաւունքներուն տիրանալու 1945-1955 տարիներուն կատարած փորձերուն ձախողութեան պատճառով յուսալքուած՝ ճգնաժամ կ՛ապրէր համայն հայութիւնը: Իր առջեւ փակուած էին աշխարհի արդարութեան պալատներու եւ մարդկային խղճմտանքի բոլոր դռները եւ քաղաքական բեմին վրայ պատուի էր ցեղասպան թուրքը:
Վհատութեան, բարոյալքումի այն օրերուն, իմաստուն հայորդիներ դուրս գալով, յանդգնութիւնը ունեցան տեղատուութեան դիմաց կանգնելու եւ հայութեան յորդորելու սեփական ուժերուն վստահելով, իր կողոպտուած հողերուն եւ բռնաբարուած իրաւուներուն տէր կանգնելու:
Վճիռը արձակուած էր եւ ետդարձ չկար:
Հայոց Մեծ Եղեռնի մօտալուտ 50ամեակը յարմար առիթ նկատելով, աշխարհով մէկ ցրուած հայութիւնը սկսաւ համախմբուիլ եւ 1915ին զոհ գացած մէկ ու կէս միլիոն իր նահատակներուն յիշատակին ոգեկոչումներուն հետ, իր կորսնցուցած հողերը պահանչելու որոշում առաւ: Եւ բեմերէն, մամուլի էջերէն հեղինակաւոր ձայներ, սրտաթունդ գիրքեր (Պարոյր Սեւակ «Անլռելի Զանգակատուն») ու կոչեր համայն դայութեան հրաւէր կարդացին սեփական ուժերուն վստահելով Հայ Դատին տէր կանգնելու: Եւ պատահեցաւ անակնկալը, անսպասելին: Աւելի քան 40 տարիներ, հայոց Մեծ Եղեռնի յիշատակութիւնն անգամ ընելու իրաւունքէն զուրկ Խորհրդային Հայաստանի հայութիւնը, Երեւանի հրապարակներէն, մէկ միլիոն կուրծքերէ թռած «Մեր հողե՜րը, մեր հողե՛րը» աղաղակելով հայոց մեծագոյն ողբերգութեան 50ամեակի յիշատակութեան կարգախօսը հրապարակեցին: Այդ թեմայով ալ յիշատակուեցան Սփիւռքի հայութեան ժողովրդային հաւաքներն ու ցոյցերը:
Եղեռնի 50ամեակը վերջ տուաւ Հայ դատի հետապնդման ճակատին վրայ տիրող տեղատուութեան հոսանքին եւ սկիզբը դրաւ նոր մակընթացութեան: Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ Մոնթեպելլօ՝ եւ աշխարհի բազմաթիւ հայ գաղթօճախներու մէջ յուշարձաններ բարձրացան՝ իբրեւ խորհրդանիշ մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն:
Շարունակելով Մեծ Եղեռնի 50ամեակի դերը հայութեան յոյսերու վերանորոգման, անոր կամք ու կորովի բարձրացման հարցերուն մէջ, յիշենք այստեղ հայրենի բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակի այդ առթիւ գրած պատգամը. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար», եւ կամ Յովհաննէս Շիրազի հրաւէրը. «Մահուան գնով էլ պարտաւոր ենք մենք միացեալ տեսնել հողը հայկական»: Ասոնց արձագանգները կը շարունակուին մինչեւ այսօր եւ պէտք է կրկնուին ամէն անգամ, երբ յուսահատութիւնը փորձէ նստիլ մեր հոգիներուն: Ասոնք եղան եւ պէտք է յետայսու ըլլան կարգախօսներ ու խրախուսանքներ, մեզ ողորմելի, խղճալի վիճակներէ դուրս բերելու եւ պահանջատէրի հպարտ ու պատուաբեր պատուանդանին բարձրացնելու:
Հետեւանքները.
Յիշեալ գործերէն բխած տրամադրութիւններու թելադրութեամբ, Հայ Դատի հետապնդման պայքարը քաղաքական բեմ բարձրացաւ նպատակ ունենալով 1915ին կողոպտուած հայկական հողերու ազատագրութիւնը թրքական գերիշխանութենէն:
Երբ հայերուս այս նպատակը վիժեցնելու համար թուրք դիւանագէտները քաղաքական դաւի եւ նենգութեան դիմեցին, Հայ Դատի պաշտպանութեան նորօրեայ նուիրեալները ամենադաժան միջոցներով հակադարձեցին, ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ աղմուկ բարձրացնելով եւ մարդկութեան ուշադրութիւնը Հայ Դատին վրայ հրաւիրելով:
Ամբողջացնելու համար Մեծ Եղեռնի 50ամեակին վերաբերեալ մեր նկատողութիւններու շարքը, յայտնենք, որ այդ առթիւ հայութեան մեծագոյն նուաճումը եղաւ Ղարաբաղի Անկախութիւնը:
Խորհրդային հասարակակարգի փլուզման նախօրեակին, Ղարաբաղի քաջարի ժողովուրդը, 1965ին Երեւանի հրապարակներու վրայ բարձրացած «Մեր հողե՜րը, մեր հողե՛րը» կանչերու օրինակով, Ստեբանակերտի հրապարակէն «Ղարաբաղը մե՛րն է» յայտարարելով, պայքարի կրկէս իջաւ եւ սխրանքի, խիզախութեան ու նուիրումի իր անօրինակ գործերով հայոց նորագոյն պատմութեան նոր հրաշքը՝ Ղարաբաղի Անկախութիւնը կերտեց, շնորհիւ… Սեփական ուժերու վստահութեան:
Հապճեպ ու հարեւանցի ակնարկներով գծեցինք Մեծ Եղեռնի ու Հայ դատի 1960 տարիներու եւ ներկայի իրավիճակներու զուգահեռները: Տա՛նք հիմա Մեծ Եղեռնի 96ամեակէն մինչեւ 100ամեակ (ներառեալ) ժամանակահատուածին վերաբերող մեր ունեցած մտածումները, խոհերը, հեռանկարներն ու կարելի ընելիքները:
96ամեակի մասին ուշ է կարծիք յայտնել: Վստահ ենք, որ աշխարհի ամէն կողմը, ուր որ հայեր կ՛ապրին, աւանդական կրօնական արարողութիւններով, ոգեկոչական հանդիսութիւններով, ցոյցերով, քաղաքական ելոյթներով, հայութիւնը իր յարգանքի տուրքը պիտի տայ 1915ին զոհուած մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն: Մարդոց զգացական աշխարհին, բարոյականին վրայ միշտ դրական ազդեցութիւն ձգող կրօնական, հոգեւոր ծէսերն ու արարողութիւնները թելադրելի են, որ շարունակուին, վառ պահելու համար հայոց նահատակներուն յիշատակը:
Այս տեսակէտէն յատկանշական է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին առաջնորդութեամբ, ամէն տարի՝ Ապրիլ 24ին առիթով, Տէր Զօրի ուխտագնացութիւնը: Մաղթենք, որ կը շարունակուի վեհափառ հայրապետին այս ծրագիրը:
Տպաւորիչ եւ պատկառելի է նաեւ այս առիթով հարիւր հազարաւոր մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ծաղկեփունջերով երթը Երեւանէն դէպի Ծիծեռնակաբերդ եւ Նահատակաց Յուշարձանին շուքին տակ անոնց խոնարհութիւնը հայոց մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին առջեւ:
Մաղթենք, որ յաջորդ տարիներուն մենք եւս, այստեղ, հարաւային Քալիֆորնիոյ հայերս, կը լրջանանք եւ հին օրերու օրինակով, խմբովին ու խուռներամ կ՛երթանք եւ Մոնթեպելլոյի Հայ Նահատակաց յուշարձանի շուքին տակ, պահուն վայել վեհութեամբ կ՛ոգեկոչենք մեր նահատակ նախնիներու յիշատակը:
Ամփոփելով Մեծ Եղեռնի 96ամեակի առիթով մեր մտածումները, խոհերն ու համուզումները, կու գանք այն եզրակացութեան, որ ազգովին երկպառակտուած ենք եւ Հայ Դատը, հայրենի իշխանութիւններէն լքուած, մարդկութենէն ուրացուած, անօգնական ու անտէր վիճակի մատնուած է եւ չկայ յանդուգն, հեղինակաւոր հայ մը, որ ահազանգ հնչեցնէ եւ բոլորիս յիշեցնէ, որ մեր ազգային դատը վտանգուած է եւ թուրքերը մեր դռներուն են:
Անյոյս ու անապաւէն այս պայմաններուն մէջ, ազգովին ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի չորս տարի ետք, հանգիստ վիճակով դիմաւորենք Հայոց պատմութեան մեծագոյն ողբերգութեան 100ամեակը:
Պէտք է նախ մաքրենք մեր սրտերն ու հոգիները երկպառակութեան, անմիաբանութեան կիրքերէն, պէտք է լուանք ու սրբենք մեր զգայարանքները ոխի ու ատելութեան ախտերէն, եւ … պէտք է ԵՂԲԱՅՐԱՆԱՆՔ, վերանորոգենք մեր յոյսերն ու սպասումները, խաղաղ խղճով դիմաւորենք Մեծ Եղեռնի 100ամեակը եւ վայելչութեամբ ու արժանաւորապէս ոգեկոչենք մէկ ու կէս միլիոն մեր նահատակներուն յիշատակը:
Եւ վերջապէս, պէտք է գօտեպնդուինք, հոգիով, սրտով, հայրենիք Սփիւռքով միանանք եւ ձեռք-ձեռքի տուած, սկսելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնին, խուռներամ բազմութեամբ երթանք աշխարհի բոլոր երկիրներու մայրաքաղաքները, ուր հայեր կ՛ապրին, կանգնինք պետական դարպասներուն դիմաց եւ բարձրաձայն յիշեցնենք իրենց բարոյական պարտքը անիրաւուած հայութեան հանդէպ եւ խնդրենք ու պահանջենք, որ նեցուկ ըլլան հայութեան, իր իրաւունքներուն տիրանալու պայքարին մէջ…
Իսկ թէ ո՞վ պիտի առնէ այս յանդուգն, պատուաբեր, դժուար գործին նախաքայլը: Մեր համեստ կարծիքով, նորին վսեմութիւն հայ մամուլը, նախաձեռնութեամբ «Ասպարէզ» թերթի խմբագրութեան եւ զօրակցութեամբ հայրենաբնակ եւ Սփիւռքի հայութեան, որ միշտ ու ամէնուրեք թիկունք եղած է վեհ ու ազնիւ նպատակներու գործին:
Յարգելի խմբագրապետ «Ասպարէզ» օրաթերթի,
Յուսամ գրութեանս ուշացումը դժուարութիւն չպատճառեց:
Ինչ կը վերաբերի Եղեռնի 100ամեակի գործերուն նախաձեռնութեան մասին գրութեան ըրած վերջին ակնարկիս, յայտնեմ, որ ձեր ըրածը պիտի ըլլայ Սփիւռքի կարեւոր կեդրոններէն ձեր պաշտօնակիցներու (խմբագիրներու) ժողով մը հրաւիրելով Սփիւռքի կուսակցութիւններու, կրօնական, բարեսիրական, կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներէ եւ ազդեցիկ հայերէ բաղկացած, համագումար մը, քոնկրես մը, ուր ընդհանուր գիծերու մէջ որոշելէ ետք գալիք 100ամեակի գործերը, կ՛ընտրուի 100ամեակը կազմակերպող համազգային խորհուրդ մը:
Այդ մարմինը կամ խորհուրդը կրնայ յետագային դառնալ դասական Սփիւռքի իշխանութիւն: Ատկէ ետք, դուք կը վերադառնաք քարոզչական ձեր գործին (կրնաք, եթէ կ՛ուզէք, նաեւ ընտրուիլ «խորհուրդ»ին մէջ):
Մեծ է գործը: Իբրեւ Եղեռնի 50ամեակի եւ 60ամեակի Քալիֆորնիոյ շրջանի գործերուն պատասխանատու, գիտեմ գործին ծանրութիւնը, մանաւանդ 50ամեակի պարագային ԿԿի հերթապահի եւ Հայ Դատի գործերն ալ կը վարէի: Սակայն հիմա, երբ ետ կը նայիմ, գոհունակութեամբ կը յիշեմ այդ օրերը:
Զարմանալի է: Չսպասուած տեղէ նոր ուժեր կը յայտնուէին եւ գործը կը դիւրացնէին: Ասոր ամենապարզ օրինակը Յարութ Սասունեանն է, որ 60ամեակի գործերու ընթացքին ստացաւ իր հանրային կեանքի մկրտութիւնը:
Նման անակնկալներ կարելի է սպասել նաեւ 100ամեակին:
Ներկայի մղձաւանչային, ամուլ վիճակն ալ կրնայ փոխուիլ եւ նոր հրաշքներու ծնունդ տալ:
Աւելցնեմ նաեւ, որ չորս տարի ունինք նախապարտրասուելու համար: 50ամեակին համար հազիւ երկու տարի ունէինք, բայց 5 կամ 6 հատորներ պատրաստուեցան եւ տպուեցան «Հայրենիք»ի տպարանը եւ կարծեմ 3 կամ 4 հատ՝ Պէյրութ:
Մի տարակուսիր: Կողքիդ կ՛ըլլամ:
Անկեղծօրէն,
Յակոբ Մանճիկեան