Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Չորս տարի ետք, պիտի նշենք Հայկական Ցեղասպանութեան դարադարձը։ Հետեւաբար, կրնանք այսօր իսկ ըսել, թէ մօտաւորապէս դար մը անցած է Թուրքիոյ պետութեան ծրագրած ու գործադրած Ցեղասպանութենէն, որ յամենայնդէպս սկիզբ չէր առած 1915ին, որովհետեւ հայութեան դէմ պատմական ոճիրը կը կիրարկուէր նաեւ սուլթանական Թուրքիոյ օրերուն, իսկ իթթիհատականներու իշխանութեան անկումէն ետք ալ, անիկա ցայսօր կը շարունակուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետեւողական ու յամառ ուրացումով, պատմական Հայաստանի մեծ մասին մեզմէ խլուած մնալով, այդ հողերուն վրայ հայութեան հետքերը՝ մշակոյթ ու դարաւոր ժառանգութիւններ ջնջելու ծրագրուած ու հետեւողական քաղաքականութեան հետեւանքով։
Այլ խօսքով, Ցեղասպանութեան ոճիրին համար հաւասարապէս յանցաւոր են Թուրքիոյ իշխանութիւնները, անոնք աշխարհին ու պատմութեան ներկայանան կայսերական, իթթիհատական, քեմալական թէ մերօրեայ հանրապետական պատմուճաններով։
Հայկական գետնի վրայ, նմանապէս մօտաւորապէս կէս դարէ ի վեր, այսինքն՝ Ցեղասպանութեան յիսնամեակէն ասդին, մեր քաղաքական, քարոզչական-տեղեկատուական եւ ուժական աշխատանքներուն հիմնական սեւեռակէտը եղած է ու կը մնայ միջազգային ընտանիքին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումը կանխող տասնամեակներուն, գլխաւորաբար Սփիւռքի մէջ, թէեւ զրկուած՝ պետական կառոյցի ու մեքենաներու յենարանէն, ըստ իս բաւականին յաջող քայլեր առինք Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու ճամբուն վրայ, Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, մինչեւ Եւրոպական Միութիւն ու անհատ երկիրներ, միջազգային վարկ ու հեղինակութիւն վայելող ատեաններ։ Ցեղասպանութեան ճանաչման օղակը այնուհետեւ նոր տարածք գտաւ, մինչեւ իսկ սկսաւ դրական արձագանգներ գտնել թրքական որոշ շրջանակներու մէջ, պատմաբաններ ու մտաւորականներ, նախ ամչկոտ, ապա աւելի համարձակ կերպով սկսան արտայայտուիլ Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան մասին (ցարդ չեն անցած ընդունելու կամքէն անդին, ինչ որ հայութիւնը կը թողու չբաւարարուած վիճակի մէջ)։
Դրական այս զարգացումներուն դիմաց, Թուրքիոյ պետութիւնը, նաեւ կարգ մը հովանաւորներ, քաղաքական ու ռազմա-մարտավարական ծանօթ հաշիւներով, կը տատամսին պատմական ճշմարտութիւնը իր իսկական իմաստով հաստատելու, ինչ որ մեր ամբողջ ճիգը, գոնէ մեծագոյն մասը կը բեւեռէ Ցեղասպանութեան ճանաչում ապահովելու դաշտին մէջ։
Վիճելի չէ, որ այդպէս ալ պիտի ըլլայ, որովհետեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ամբողջականացումը ոչ միայն նախապայման է պատմական ճշմարտութեան ու արդարութեան հաստատման համար, այլ նաեւ համապատասխան անդրադարձ պիտի ունենայ միջազգային ընտանիքի տրամաբանութեան հիմնական բարեփոխման առումով, որովհետեւ հայութեան ու ճակատագրակից ժողովուրդներու դիտանկիւնէն, ճշմարտութեանց ու արդարութեան հաստատումը նախաքայլ պիտի ըլլայ ցեղասպանական ոճիրներու կանխարգիլման եւ ոճրագործները հաշուետուութեան պատին առջեւ կանգնեցնելու համար։ Այս իրականութեան դրժումը կամ ժխտումը միայն ծիծաղելի ու դատապարտելի վիճակի կը մատնէ դրժողն ու աչք փակողը, ով որ ալ ըլլայ ան, մեծ պետութիւն թէ մանկլաւիկ։
***
Շեշտենք։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր հանգրուան է մեր Դատին հետապնդման ճամբուն վրայ, սակայն կայ անկէ անդին։ Ըսել կ՛ուզենք, մեր աչքերը պէտք է սեւեռենք նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հանգրուանէն անդին, որպէսզի հեռահաս ակնարկով դիտենք մեր ապագան, տեսնենք, թէ մեր պետութիւնը, Սփիւռքն ու նոր սերունդները ինչպիսի՛ մարտահրաւէրներու դիմաց կը կանգնին այսօր իսկ, մինչդեռ, մեր հայեացքը նեղցնելով միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջադրանքին վրայ, երբեմն մենք մեզի կը զլանանք քիչ մը աւելի հեռաւոր ապագան դիտելու իրաւունքն ու պատեհութիւնը։
Իբրեւ պետական իշխանութիւն, իբրեւ ընդդիմադիր խմբաւորումներ ու իբրեւ աշխարհատարած հայութիւն, Ցեղասպանութեան ու անոր հետեւող քայլերուն մասին չենք կրնար տարբեր կարծիքներ ունենալ, որովհետեւ այս ոլորտը մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին լինելութեան կորիզն է, այս ծիրին մէջ առանց միասնական ու միացեալ պատկերացումի, մենք մեզ պիտի մատնենք մասնակի կամ լայնածիր խարխափումի, ինչպէս պատահեցաւ երկու տարի առաջ, փրոթոքոլներու տխրահռչակ «փորձանօ»չին առիթով։
Այլ խօսքով, կը կանգնինք մարտահրաւէրի խորք ունեցող հարցականներու առջեւ, իսկ գլխաւոր հարցականը այն է, թէ իբրեւ հայրենիք ու զայն իբրեւ մեր գոյատեւման կիզակէտը նկատող Սփիւռք, ինչե՞ր ունինք ընելիք, քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսա-ընկերային, մշակութային-հայապահպանման ոլորտներուն մէջ, որպէսզի երաշխաւորենք մեր իրաւուքները, բոլո՛ր իրաւունքները, ներարեալ բնական աճի ու զարգացման իրաւունքները։
Կրկնելու գնով արձանագրենք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը հանդիսանայ վճռական հանգրուան ու բանալի՝ բազմաթիւ առաջադրանքներու իրականացման։ Սակայն նոյնպէս՝ կրկնելու գնով արձանագրենք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը վախճանական նպատակ չէ, այլ միայն կարեւոր հանգրուան, որմէ անդին կը կանգնին նոյնքան կարեւոր հանգրուաններ, նոյնինքն մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին ապագան, զայն երաշխաւորող տուեալները։
Թուելու կարգով նշենք, որ յաջորդ քայլերուն շարքին են ամբողջական փոխ հատուցումը եւ իր պատմական հողերուն վրայ մեր ժողովուրդի գոյատեւման, զարգացման ու բարգաւաճման իրաւուքներուն երաշխաւորումը։ Անմիջապէս ընդգծենք, որ երաշխաւորողը, ոեւէ մէկէն առաջ, մենք պիտի ըլլանք, հետեւաբար, մեր աչքերը ուրիշ տեղ չտնկենք…։ Այս երաշխիքներուն ապահովման համար, կենսական են մեր հողային բոլոր իրաւունքներուն ձեռքբերումը, պատմութեան մէջ իբրեւ անվիճելիօրէն հայկական նկատուող բոլո՛ր հողերուն վերադարձը հայութեան, ներառեալ պատմական Կիլիկիան՝ Ցեղասպանութենէն վեց տարի առաջ սպանդի զոհ գացած Ատանայով ու այլ շէներով միասին։ Հողահաւաքը՝ հայկական հողերու իրաւատիրոջ վերադարձը ոչ միայն անհրաժեշտ է պատմական ոճիրին հետեւանքները սրբագրելու իմաստով, այլ մանաւանդ հայութեան բնական աճին ու պատմութեան երթը վերաբնականոնացնելու իմաստով։ Սա կը նշանակէ, որ Հայաստանի այսօրուան քաղաքականութեան մէջ պէտք է արձանագրուի, պատմութեան իրազեկութեան ճամբով, ստեղծուած արտասովոր կացութենէն հիմնական շրջադարձ մը։ Արդարեւ, հայրենալքումի հոսանքները, որոնք իրարու հետ մրցումի մէջ են աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, պէտք է կասեցուին ընկերային, տնտեսական ու արտադրողական մարզերուն մէջ արմատական բարեշրջումով, իսկ իբրեւ աւելի հեռահաս ծրագիր՝ նկատի առնուին մեր հողային անվիճելի իրաւունքներուն հաստատումն ու կենսագործումը, ի խնդիր իսկական հայրենադարձութեան ու Հայաստանի բարգաւաճման։ Այս շրջադարձութիւնը չի սահմանափակուիր միայն Հայաստանով, այլ անոր ընկերակից է ողջ Սփիւռքը։
Յաճախ շշուկով արտայայտութիւն կը գտնէ այն սին վարկածը (եւ քաջալերանք կը գտնէ Թուրքիոյ ու համախոհներուն կողմէ), թէ Արեւմտեան Հայաստանի, Արարատի եւ հայկական այլ հողերու պահանջին վրայէն պէտք է գիծ քաշել, պէտք է բաւականանալ մեր ունեցածով, պահպանել զայն, որովհետեւ, կ՛ըսուի՝ եթէ «հրաշքով մը» այդ հողերը մեզի վերադարձուին ալ, ո՞վ պիտի երթայ բնակելու հոն։
Այո, ունեցածը պահպանելը հրամայական է ու կենսական, սակայն ոչ՝ անսակարկելի իրաւունքներէ հրաժարելու գնով։ Հայութիւնը իր պատմական հայրենիքը կամովին չլքեց. Ցեղասպանութեան նախընթաց դարաշրջանին, Հայաստանի հողը իրերայաջորդ սերունդներու համար հիմնական նշանակութիւն ունէր. պանդխտութիւնն ու սեփական տունը երկար ատեն լքելը արտասովոր բաներ չէին, սակայն Հայրենիքէն հրաժարումը անընդունելի էր. հակառակ անասելի դժուարութեանց ու ճնշումներուն, հող-ժողովուրդ կապը անքակտելի էր, ու յաճախ միայն մահուան գնով տեղի կ՛ունենար այդ բաժանումը, իսկ Զարթօնքի հանգրուանէն ետք, յաճախ հերոսական ինքնապաշտպանութեան գնով։ Ահաւասիկ այս կամքն ու կապն է որ անհրաժեշտ է վերահաստատել հայրենի հողին ու մեր ապրող եւ հասակ առնող սերունդներուն միջեւ, որուն նորագոյն նախընթացը ապրեցանք Արցախի մէջ. իսկ հողահաւաքը այդ կապին վերականգնումի ու ամրապնդման ամէնէն կարեւոր նախապայմաններէն մէկն է։ Պէտք է տեսնել, որ աշխարհը տարբեր հովերու խաղալիք դարձնող հոսանքները ժամանակաւոր են՝ անպայման որ վերջ կ՚ունենան ուշ կամ կանուխ, ինչպէս եղած են անցեալին. հիմնական ու անփոփոխելի արժէքներ, ժողովուրդներու ու անոնց հայրենիքներուն գոյատեւման ու պահպանման գործօնները պէտք չէ զոհ երթան ու տարանջատուին նման փոթորիկներու հետեւանքով, որքան ալ որ աննախընթաց որակենք այսօրուան հովերուն բնոյթն ու սաստկութիւնը։
Ցեղասպանութեան ճանաչում ապահովելու մեր ճիգերէն անդին ուղղելով մեր աչքերը, աւելի յստակ ու համապարփակ պատկերացում պիտի ունենանք «հայապահպանում» հասկացութեան մասին, ըլլա՛յ Հայաստանի, ըլլա՛յ Սփիւռքի մէջ։ Անշուշտ որ մեր դիմագրաւած ամէնէն այլանդակ հարցերէն մէկը՝ նոյնինք Հայաստանի՛ մէջ հայապահպանման հարցն է, անոր տագնապի վերածուիլը, նախ՝ ժողովուրդը հայրենիքի մէջ պահելու առումով, ապա նաեւ մեր արժէքներուն ամբողջական վերականգնումին ու նոր սերունդներուն կողմէ անոնց իւրացումին ճամբով։
Սփիւռքի մէջ հայապահպանման հրամայականը նուազ կարեւոր չէ, եւ արդէն ունի տագնապի իր պատմութիւնը։ Հոն ալ, պէտք է թօթափել այն ինքնախարազանումը, թէ արտերկրի հայութիւնը դատապարտուած է հալելու եւ անէանալու։ Այս տագնապի լուծման բանալին ալ մե՛ր ձեռքին մէջ է ու լուծումները պէտք չէ սպասենք ՄԱԿէն, Ուաշինկթընէն, Մոսկուայէն կամ Փարիզէն…։ Ահա թէ ինչ կ՛ուզենք մատնանշել նաեւ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչում ապահովելու հանգրուանէն անդին նայելու առաջարկով։
Նման հեռահաս դիտարկումով պէտք է մօտենալ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին եւս։ Մեր պատմական իրաւունքներուն հետապնդումը չի կրնար մեզի թելադրել աչքաթող ընել այն բացասական զարգացումները, որոնք մաշումի կը տանին մեր հայրենիքը, մարդագրական, մշակութային թէ տնտեսական ոլորտներու մէջ։ Հայրենի թէ աշխարհասփիւռ հայութեան համար, հաւասարապէս հրամայական են Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ու ընկերային արդարութեան ըստ էութեան վերականգնումը։ Իշխանութիւնը սեփական շահերու ապահովման եւ մենաշնորհներու տարածման գործիք չի կրնար ըլլալ, երբ իսկական ժողովրդավարութեան մթնոլորտ կը ստեղծուի ու կը պահպանուի։ Չարաշահ խմբակցութիւններու եւ ընտանիքներու հետ գործակցութիւն հաստատելը չի կրնար քողարկուիլ չարաշահութիւններէ ետ կանգնելու շրթնային կոչերով, այլ պէտք է հիմնական շրջադարձութիւն տեղի ունենայ յատկապէս այս ոլորտին մէջ։ Տակաւին, ժողովրդավարութիւնը կը հարկադրէ, ու պէ՛տք է երաշխաւորէ ընկերային արդարութիւնը, այսինքն, օր աւուր աշխատանքի ճամբով ընտանիքին բարօրութիւն ապահովելու անհատին կարելիութիւններն ու իրաւունքները։ Առանց նման պայմաններու ապահովման, անյենարան կը մնան մեր քաղաքական, հայապահպանման, հայրենապահպանման ու հայրենաշինութեան բոլոր ճիգերը, նաեւ յումպէտս կը վատնուին… Ցեղասպանութեան ճանաչման նպատակով տարուող աշխատանքները։
Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան մօտակայ ու հեռաւոր ափեր, երբեք ուշ չէ աչքերը սեւեռելու Ցեղասպանութեան ճանաչումի ոլորտէն անդին, առանց ստորագնահատելու անոր կարեւորութիւնը։ Անհրաժեշտ է մանաւանդ վերարժեւորել այս ոլորտէն դուրս ու անդին տարածուող բոլոր այն նախադրեալներն ու կարիքները, որոնք կապ ունին մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին գոյատեւման եւ բարգաւաճման հետ։
Այս բոլորը տեսնելը կարեւոր է, սակայն աւելի կարեւոր է անոր համար համապարփակ ծրագիրներու եւ մարտավարութեանց մշակումը, գործնական հետապնդումը, հեռու՝ քաղաքական ժամանակաւոր հաշիւներէ ու փոխադարձ չէզոքացումի անհեռատես, կործանարար խաղերէ։ Անյետաձգելի հրամայական է մանաւանդ, ի խնդիր այս առաջադրանքներուն, ինքնաճանաչումէ մեկնած՝ հայրենիքին ու ժողովուրդին համար դրապաշտ գործակցութիւնը, հրաժարելով մակերեսային աճուրդներէ ու անվաղորդայն «քաղաքական խաղեր»է։
5 Ապրիլ 2011
Սարգիս Մահսէրէճեան ըստ իս շատ մեղմ կերպով կ՚որակէ որպէս «շշուկ» հիմնականին մէջ ազգային քաղաքականութեան ջլատ հրաժարումը մեր պապենական հողային տարածքներուն պահանջատիրութենէն։ Դարձեալ կը կրկնեմ ինչ որ արտայայտած էի տասնեւմէկ տարիներ առաջ խմբագրականով հրապարակած միտքերովս. Մշակոյթն ու Ազգը կերտող էական տարրեր կան. տարրեր, այսինքն, առանց որոնց «ազգ» չի կրնար գոյանալ ոչ ալ տեւել։ Ասոնցմէ առաջինն ու գլուխն է աշխարհագրական տարածքը։ Առանց բաւարար հողի ուր կարելի ըլլայ ապահովութեամբ ապրիլ եւ ստեղծել եւ սերնդագործել, ժողովուրդ մը ազգ չի կրնար կերտուիլ։ Չէ կարելի երազել անգամ «ազգ»ի մասին, երբ բաւարար հող չունինք մեր կեանքը ապրելու համար։ Բաւարար ՝ մեր ապրուստը հոգալու չափ. բաւարար ՝ մեր ապահովութիւնը հաստատելու չափ. բաւարար ՝ մեր մշակութային ժառանգութեամբ կերտուած ընդունելի սահմաններով. բաւարար ՝ մեր նախնիքներուն արիւնը ծծած սրբութեամբ. բաւարար ՝ արդարութենէ բխող խաղաղութեամբ։ Իբրեւ մարդ եւ իբրեւ անդամ այս ժողովուրդին, իւրաքանչիւր հայու գերագոյն նպատակը բացարձակօրէն եւ առանց այլեւայլի պարտական է ըլլալ ապահովել մեզի բաւարար աշխարհագրական հողը. ապահովել զայն հազարումէկ ձեւերով, իւրաքանչիւրիս հանճարին բերած հազար ու մի խորհուրդով։ Մեր երկիրը, մեր տուները կը կազմեն հողը ուսկից ծնունդ առած է մեր հասարակաց պատմութիւնը, հասարակաց մշակոյթը, հասարակաց բախտը, հասարակաց ցաւը, հասարակաց եղեռնները, հասարակաց քաջութիւնները, եւ այո հասարակաց ախտերը։ Ա ՛յսպէս կապուած ենք իրարու հին դարերէն ի վեր ծաղկած ու գործած մարդիկ ՝ որպէս հայեր։ Ա ՛յսպէս է որ այսօրուան հայը կ՚ընդվզի Մեհրուժան Արծրունիի արարքներուն դէմ. Վասակ անունը կը կապենք դաւաճանութեան անարգական սիւնին. արիւնոտ կը վճռենք սրբազնագոյն հացին խմորն անգամ, երբ ան կու գայ մատնիչին տունէն։