ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Ապրիլ 24ին տեղի ունեցած Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւնը, արկածով կամ դիտումնաւոր, կը շարունակէ մելան հոսեցնել թրքական եւ հայկական մամուլին մէջ, ինչ որ բնական երեւոյթ է միջադէպին անսովոր ու բազմակնճիռ ըլլալուն պատճառով: Տեղի ունեցածը որեւէ բանակի մը մէջ պարզ արկածի մը հետեւանքով սպանութիւն մը չէ միայն, այլ դահիճ ազգի մը բանակին մէջ ծառայող զոհ ազգի մը զաւակին սպանութիւնն է, այդ ալ՝ ազգին Ցեղասպանութեան տարելիցին:
Հարցին անտարբերութեամբ դիտող, կամ ամենակրաւորական առնչութիւն ունեցող անհատն իսկ յանցաւոր կարելի չէ նկատել, եթէ նոյնիսկ ան կասկածաւոր մօտեցում ունենայ միջադէպին նկատմամբ:
Սակայն, երբ ի յայտ կը դառնայ, որ Սեւակը ճնշումի ենթարկուած էր ու նոյնիսկ պարտադրուած էր բանակին ներկայացուցած իր արդար բողոքագիրը ետ քաշելու, ապա նման կասկածներ կը սկսին արմատաւորուելու՝ յարմար հող գտնելով: Կասկածելի է նաեւ այն պնդումները, թէ վկաներ չկան միջադէպին, հակառակ այն իրողութեան, որ Սեւակ իբրեւ թէ պահակ կեցած էր պատնէշ մը նորոգողներու, իսկ Սեւակը սպաննող զինուորը այդքան շուտ ազատ արձակելը վստահութիւն չի ներշնչեր ոճիրի հետապնդման արդարացիութեան նկատմամբ:
Մինչեւ այն ատեն, որ համայնքը գործ ունի իր պատմութիւնը ուրացող եւ իր ժողովուրդին տարրական իրաւունքները զլացող կառավարութեան մը հետ, որ ի հարկին, ժողովուրդին այդ արդար իրաւունքներուն յանձնումը իբրեւ «թանկարժէք նուէրներ» շնորհելու արարք կը ներկայացնէ, կասկածելի պիտի թուի որեւէ արկած, որ այլապէս կրնայ սովորական համարուիլ: