Երիտասարդութի՜ւնը – գաղափարական շարժումներու եւ բոլոր ռիսքոտ ձեռնարկներու յառաջապահ դրօշակակիրը։
Երիտասարդութի՜ւնը – խանդավառութեան եւ հերոսական անձնազոհութեան, յոյսի, հաւատի եւ բոլոր ազնիւ կիրքերու մարմնացումը։
Երիտասարդութի՜ւնը – բռնակալական զնդաններու եւ կախաղաններու մշտնջենաւոր ողջակէզը, ազատութեան հրդեհի յաւիտենական վառելանիւթը։
Միքայէլ Վարանդեան
«Դրօշակ», Նոյեմբեր–Դեկտեմբեր 1930
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանական ոճիրին վրայէն ահա 96րդ տարին ալ անցաւ… առանց որ հայասպան պետութիւնը խոստովանի պատմական ճշմարտութիւնը եւ վերջ տայ ուրացման իր վարքագծին։
Եւ երբ անպատիժ մնացած հայասպանութեան փաստն իսկ ուրանալու պետական ու պաշտօնական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի Ոճրագործին կողմէ, այլեւս ի՜նչ խօսք… քաղաքական արդար հատուցման մասին։
Հայասպանութեան 96ամեակը եւս եկաւ հաստատելու, թէ այսօրինակ թրքական պետութեան մը դէմ յանդիման՝ տակաւին շատ հեռու ենք Հայկական Հարցին քաղաքական արդար լուծում մը գտնելու, հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներն ու Արդարութիւնը վերականգնելու քաղաքակիրթ հնարաւորութենէն։
Փաստօրէն Հայասպանութեան պաշտօնական սկզբնաւորումէն 96 տարի ետք ալ յանցագործը՝ թրքական պետութիւնը կը շարունակէ ուրացման միեւնոյն քաղաքականութիւնը։ Եթէ մօտաւոր անցեալին ի վիճակի էր կտրականապէս հերքելու պատմական ճշմարտութիւնը, այսօր արդէն չի կրնար նոյնը ընել եւ ամէն միջոցի կը դիմէ, որպէսզի կարենայ… չքմեղանքի ու ինքնարդարացման «պատշաճ» տարազով մը շարունակել իր ուրացումը։ Այսօր արդէն սկսած է պնդելու, թէ 1915ին պատահածը կանխամտածուած ոճիր մը չէր, մանաւանդ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած՝ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու եւ Հայաստանը հայաթափելու ցեղասպանական արարք մը չէր, այլ իբր թէ պարզապէս ծանր ողբերգութիւն մըն էր, որուն հետեւանքով հաւասարապէս տուժած են եղեր թէ՛ հայերը, թէ՛ թուրքերը…
Եւ այսպէս, 24 Ապրիլ 1915էն 96 տարի ետք ալ, ոչ միայն տակաւին անպատիժ կը մնայ թրքական պետութեան հայասպանական ոճրագործութիւնը, այլեւ՝ մեծապետական աշխարհը կը շարունակէ… դարպասել յանցագործ ցեղասպանը՝ քաղաքակիրթ երկխօսութեան ճամբով, իբր թէ, անցեալի տխուր էջը փակելու եւ վաղուան յուսադրիչ էջը բանալու անհեթեթ, այլեւ արհամարհական դասեր տալով նոյնինքն զոհին, նահատակ ցեղի վերապրող զաւակներուն։
Յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահը, արդէն երրորդ տարին ըլլալով, Ապրիլ 24ի իր պաշտօնական ուղերձին մէջ առաւելագոյն անհեթեթութեան կը տանի ցեղասպան Թուրքիան դարպասելու մեծապետական այդ վարքագիծը։ Նախագահ Օպամա ոչ միայն խոստմնադրուժ է, ոչ միայն տէր չի կանգնիր Հայասպանութեան ոճիրը բուն անունով կոչելու իր նախընտրական խոստումին, այլեւ՝ անցեալին եւ պատմութեան հետ հաշուի նստելու ընդհանուր կոչերով՝ փաստօրէն հող կը տրամադրէ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւններուն, որպէսզի… 21րդ դարու բառապաշարով դիմայարդարեն իրենց ուրացման քաղաքականութիւնը։
Առնուազն հայ քաղաքական մտքին համար աւելի քան բացորոշ է, որ Սպիտակ Տան այդօրինակ՝ քաղաքական լպրծուն կոչերը լաւագոյնս կը շահարկուին պաշտօնական Անգարայի կողմէ, նորօրեայ «ճարտասանութեամբ» յառաջ մղելու համար թրքական պետութեան ուրացման վարքագիծը։
Բնաւ ալ տարօրինակ չէր, որ Թուրքիոյ վարչապետը, արտաքին գործոց նախարարը եւ Մ. Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպանը նոյնիսկ «դժգոհութեամբ» դիմաւորեցին նախագահ Օպամայի այս տարուան Ապրիլ 24ի ուղերձը… Անոնց հակազդեցութիւններով՝ իբր թէ Սպիտակ Տունը միակողմանի կը ներկայացնէ եղեր պատմական իրողութիւնները, մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու մասին արտայայտուելով։ Բայց այդ «դժգոհութիւն»ը այնքան ձեւական էր ու կեղծ, որ պաշտօնական Անգարան չկրցաւ ծածկել իր գոհունակութիւնը, երբ թիւ 1 Ամերիկացին դարձեալ խուսափեցաւ «Ցեղասպանութիւն» քաղաքական բառեզրին գործածութենէն։ Աւելի՛ն. այդքանն իսկ բաւարար եղաւ Էրտողանի համար, որպէսզի թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին շուկային նորովի հրամցնէ հայեւթուրք երկխօսութիւնը չխոչընդոտելու, մանաւանդ զոյգ ժողովուրդներու ազգային յիշողութեանց մշակումը դիւրացնելու իր… յանկերգի վերածուած կոչերը։
Հայասպանութեան 96ամեակը եկաւ աւելորդ անգամուան մը համար շեշտելու, որ Թուրքիա կառչած կը մնայ ուրացման իր պետական վարքագծին, իսկ մեծապետական աշխարհը, խուսափելով գործուած ցեղասպանութիւնը անպատիժ չձգելու իր պատասխանատուութենէն, կը շարունակէ նոր բառապաշարով համեմել հայեւթուրք յարաբերութեանց իբր թէ բնականոնացման ու հաշտեցման իր անլուրջ կոչերը։
Բայց 96ամեակը նաեւ հիմնական դաս մը տուաւ հայ ժողովուրդի ազգային պահանջատիրութեան ճակատին վրայ։
Ապրիլ 24ի այս տարուան պահանջատիրական ելոյթներուն մէջ յատկապէս մեր երիտասարդութիւնը առաւել ուժականութեամբ դրսեւորեց իր յանձնառութիւնն ու վճռականութիւնը։
Ճիշդ է, երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս, իր սահմանումովն իսկ, գաղափարապաշտ է ու պայքարունակ։ Բայց արդէն կ՛ապրինք դարու մը մէջ, ուր ամբողջ արհեստագիտութիւն մը անընդհատ կը բանի՝ նորահաս սերունդներու ապաքաղաքականացման եւ ապայեղափոխականացման ուղղութեամբ։ Եւ ոչ միայն հայ իրականութեան մէջ, այլեւ՝ աշխարհով մէկ։
Այդ առումով է, ահա՛, որ Հայասպանութեան 96ամեակին ամէնէն ուսանելի դասը մեր երիտասարդութեան դրսեւորած խիտ շարքերով եւ ուժական պահանջատիրութիւնն է։
Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւններու իբր թէ բնականոնացման ու հայեւթուրք հաշտեցման փորձերուն եռամեայ կեղծիքը, փաստօրէն, հայ երիտասարդութեան մէջ փշրեց անտարբերութեան եւ յանձնապաստանութեան շինծու պատնէշները։ Ինչպէս ամէնուր եւ տարբեր ժողովուրդներու կեանքին մէջ, նոյնպէս եւ հայ ժողովուրդի պարագային երիտասարդութիւնը ապրեցաւ մարդկային եւ ազգային իր իրաւունքներուն տէր կանգնելու սթափեցնող ահազանգի ցնցումը։ Եւ պատահական չէ, որ յատկապէս մեր երիտասարդութիւնը շեշտակի զգայնութեամբ կը հակադարձէ եւ կը մերժէ կուլ տալ հայեւթուրք հաշտեցման սնամէջ կոչերու ճարտասանութիւնը։
Հայասպանութեան 96ամեակը եկաւ շեշտելու, որ ժամանակին հետ քայլ պահելու եւ մեծապետական աշխարհի խաղականոնները յարգելու իրատեսութիւնը անպայման չ՛ենթադրեր համակերպումը հզօրներու պարտադրած… ուժի դիրքերուն։ Կ՛ենթադրէ նաեւ իրաւունքի եւ արդարութեան համար պայքարելու վճռականութիւն, որ ինչպէս մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալին, նոյնպէս եւ մեր օրերուն կը շարունակէ հաշուի առնուիլ թէ՛ հակառակորդին եւ թէ, ընդհանրապէ՛ս, աշխարհի ճակատագիրը ըստ կամս տնօրինող ուժերուն կողմէ։
Հայ երիտասարդութիւնը եկաւ հաստատելու, թէ նաեւ այս օրերուն գաղափարական շարժումներուն «յաւիտենական վառելանիւ»չն է նորահաս սերունդը։
Կը մնայ, որ սորվի՜նք… Երիտասարդութենէ՛ն։