
ԵՐԵՒԱՆ.- Ապրիլ 27ին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնած է, թէ այս տարի Հայաստանը կը տօնէ իր անկախութեան 20ամեակը, եւ այդ ժամկէտին նուիրուած հանդիսութիւնները կը կայանան ամբողջ տարուան ընթացքին:
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ կը մօտենայ Մայիսը՝ հայ ժողովուրդի յաղթանակներու եւ ձեռքբերումներու ամիսը: «Մայիսին մենք տօնում են Հանրապետութեան օրը. տօն, որը լի է դասերով: Մենք կարող ենք եզրակացութիւն անել, որ պառակտումը երբեք չի յանգեցնի լաւ արդիւնքների, չի կարող ապահովել պետութեան հետագայ զարգացումը: Մենք պէտք է կարողանանք յաղթահարել չարութիւնը, քանի որ դա խանգարում է խնդիրների լուծմանը: Իսկ չարութեանը կարող է յաղթել միայն ուժեղը: Այսօր մենք ունենք ուժեղ իշխանութիւն, կայ ընդդիմութիւն, որը թոյլ չի տայ իշխանութիւններին կորցնել զգօնութիւնը: Եւ համագործակցութեան միջոցով կարող ենք ապահովել մեր երկրի յաջողութիւնը: Եւ մենք պատրաստ ենք պիոնէրներ լինել, քայլեր ձեռնարկել իրավիճակի պարպման ուղղութեամբ, եւ ես արդէն համապատասխան յանձնարարականներ եմ տուել արդարադատութեան նախարարին», ըսած է նախագահը:
Սերժ Սարգսեան նաեւ ընդգծած է քաղաքացիական հասարակութեան կայացման միտուած քայլերու արագացման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի երկրին մէջ նուազուի դժգոհողներուն թիւը։
Նախագահի այս ելոյթը մեկնաբանելով՝ կարելի է ենթադրել, որ Մայիս 9ի յաղթանակներու տօնին առթիւ, Սերժ Սարգսեան գետին կը պատրաստէ 2008ի Մարտ մէկի գործով բանտարկուած գործիչները ազատ արձակելու հաւանական իր քայլին: