ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հակառակ նախագահ Օպամային ուղղուած ամերիկահայերուն յամառ յորդորներուն՝ խուսափելու համար Ապրիլ 24ի ամէնամեայ իր ուղերձին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան փոխարէն «Մեծ Եղեռն» բառեզրը օգտագործելէն, երեք տարի անընդմէջ ան կը շարունակէ նոյն ձեւով վարուիլ:
Ըստ երեւոյթին, թրքական ժխտողական վարչակարգի կամակատարները եւ անոնց ամերիկեան կողմնակիցները կրցած են պարտադրել Միացեալ Նահանգներու նախագահին խուսափիլ «genocide» կամ անոր համարժէք հայերէն «ցեղասպանութիւն» եզրի որեւէ յիշատակումէ: Այլապէս, ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ամերիկեան հասարակութեան պէտք է դիմէր քիչերու համար հասկնալի՝ օտար լեզուով: Հայերէն լեզուով «Մեծ Եղեռն» բառերուն օգտագործումը պարզապէս նպատակ ունի խաբել որոշ դիւրահաւատ ամերիկահայերը: Ասիկա աժան հնարք մըն է, որ չի հարիր նախագահի արժանապատուութեան:
Նախագահ Օպամա անցած երեք տարիներուն ընթացքին, իր գործելակերպը շտկելու եւ «Մեծ Եղեռն» եզրի օգտագործումէն հրաժարելու փոխարէն, ճիշդ հակառակն է որ կ՛ընէ: Անհաւատալիօրէն, այս տարուան Ապրիլ 24ի ուղերձին մէջ, ան այդ եզրը կ՛օգտագործէ ոչ թէ մէկ կամ երկու, այլ՝ երեք անգամ: Նախագահը, առանց ամչնալու, կը շարունակէ իր նախորդներուն անհեթեթ եւ վիրաւորական բառախաղերը, զորս ան խստօրէն քննադատած էր ժամանակին, Ցեղասպանութիւնը ներկայացնելով մեղմացուած ձեւով մը՝ իբրեւ «սարսափելի դէպքեր», «վայրագութիւններ», «ջարդեր» կամ «աղիտալի իրադարձութիւններ»:
Այս ամսուան սկիզբը, նախագահ Օպամա յայտարարեց նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը անգամ մը եւս դնելու մասին, եւ ամերիկացիներէն խնդրեց վերընտրել զինք՝ յաջորդ չորս տարիներուն համար: Իմ կարծիքով, ան, որ բացայայտօրէն կը խախտէ սեփական խոստումները թէ՛ հայկական, եւ թէ ոչ-հայկական հարցերու շուրջ, անոնց շարքին նաեւ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ, արժանի չէ վերընտրուելու: Դժուար է պատկերացնել, որ ինքզինք յարգող ոեւէ հայ մարդ կրկին անգամ քուէարկէ Օպամայի օգտին:
Նախագահ Օպամայի դրժած խոստումներուն հանդէպ իրենց վրդովմունքը արտայայտելու համար, հազարէ աւելի ամերիկահայեր Ապրիլ 24ի նախօրէին աղմկոտ ցոյց կազմակերպած էին Քալվըր Սիթիի «Sony Studios»ին դիմաց, նախագահի օգտին դրամահաւաքի մեծ վայրը: Անոնց սրտնեղած ուղերձը լայնօրէն տարածուեցաւ ամերիկեան եւ միջազգային լրատուամիջոցներով: Գրեթէ բոլոր լուրերու սփռումներուն մէջ ընդգծուած էր ցուցարարներուն անվստահութիւնը նախագահ Օպամայի հանդէպ՝ ստուեր ձգելով անոր նախընտրական քարոզարշաւի խանդավառութեան վրայ:
Ցուցարարներու ուղերձին արձագանգը շեշտելու գործին կը նպաստէր «System of a Down» հանրայայտ խումբի մեներգող Սերժ Թանգեանը, որուն ներկայութիւնը ու կրակոտ ելոյթը կ՛ոգեւորէին ամբոխը՝ գրաւելով մեծ թիւով լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը:
Ցոյցին կարեւոր աջակցութիւն բերած էր նաեւ պատկերասփիւռի աստղերէն Քիմ Քարտաշեանը, որ «twitter» ցանցին վրայ հաղորդագրութիւն ուղարկած էր իր 7.2 միլիոն հետեւորդներուն՝ «պլակ»ին (blog) մէջ տեղադրելով հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Այսօր հազարաւոր հայեր պիտի հաւաքուին Լոս Անճելըս բողոքելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ, եւ կոչ պիտի ընեն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յոյսով եմ, որ կը յաջողիմ ուշադրութիւն հրաւիրել ատոր վրայ այսօր»:
«ABC» եւ «FOX» պատկերասփիւռի կայաններէն իմ վերջին ելոյթներուն ընթացքին ես բացատրեցի, թէ ցոյցը նպատակ չունէր աղաչել նախագահ Օպամայէն օգտագործել «ցեղասպանութիւն» բառը: Անիկա աւելի շատ լուրջ պատգամ մըն էր՝ ուղղուած անոր եւ քաղաքական միւս գործիչներուն, թէ ամերիկահայերը այլեւս պիտի չլռեն, երբ ընտրուած պաշտօնեան նախընտրական շռայլ խոստումներ տալով ստանայ անոնց ձայներն ու դրամները, իսկ ընտրութիւններէն ետք անտեսէ զանոնք: Այդ պաշտօնեաները պէտք է քաղաքական մեծ գին վճարեն իրենց երկդիմութեան համար: Ժողովրդավարութիւն գործելու համար, քաղաքացիները պէտք է ամէ՛ն ինչ ընեն, որպէսզի անպարկեշտ քաղաքական գործիչները չվերընտրուին: Մէկ անգամ խաբուած ըլլալը վատ բան է, սակայն իսկապէս աններելի է, եթէ թոյլ տանք, որ մեզ կրկին անգամ խաբեն:
Քալվըր Սիթիի ցոյցը օգտագործելով իբրեւ նախադէպ՝ յառաջիկայ 18 ամիսներուն, ամերիկահայերը պէտք է նախագահ Օպամայի քարոզարշաւային իւրաքանչիւր այցելութեան ընթացքին ցոյցեր կազմակերպեն Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին:
Բացի ատկէ, ամերիկահայերը, իսկապէս կարիք չունին, որ նախագահ Օպաման կրկնէ այն, ինչ երեսուն տարի առաջ յայտարարած է նախագահ Ռեկընը՝ 1981ի Ապրիլ 22ի նախագահական իր հռչակագիրին մէջ՝ յիշատակելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նախագահ Օպամա, դրժելով իր նախընտրական խոստումը՝ վարկաբեկած է ի՛ր բարոյական եւ քաղաքական հեղինակութիւնը, իբրեւ ազատ աշխարհի առաջնորդ:
Չմոռնանք նաեւ այս ափսոսալի հարցին մէջ միւս երկու գլխաւոր մեղսակիցները: Այս օրերուն ո՞ւր թաքնուած է փոխնախագահ Պայտընը: Արդեօք կը մտաբերէ՞ ան, թէ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ՝ Ծերակոյտին մէջ իր երկարամեայ ծառայութեան եւ նախագահի թեկնածութեան ընթացքին: Իսկ Հիլըրի Քլինթընը՞: Ծերակուտական եւ նախագահի թեկնածու եղած ընթացքին ան Ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագովէ մը որքա՞ն արագ վերափոխուեցաւ՝ դառնալով արտաքին գոծրոց նախարար, որ կը պահէ լրատուամիջոցներէն «անձնական» ծաղկեպսակ դնելը Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին, իսկ քոնկրեսականներու շրջանակին մէջ աշխատանք կը տանի Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ քուէարկելու նպատակով:
2012 թուականի ընտրութիւնները հիանալի առիթ են հաշիւներ մաքրելու համար, բոլոր անոնց հետ, որոնք չեն արդարացուցած Ամերիկայի հայ համայնքին վստահութիւնը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմ.՝ Ռ. Աւագեան