
– Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ Ուրբաթ օր սպառնաց չստորագրել Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի առաջադրած Եմէնի տագնապի լուծման ծրագիրը՝ Քաթարը ամբաստանելով Եմէնի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ ամբողջ արաբական աշխարհի մէջ քաոսային վիճակ սերմանելու յանցանքով։ Ան նշեց, որ Քաթար ներկայ պէտք չէ ըլլայ ստորագրութեան արարողութեան։ Սալեհ նաեւ ամբաստանեց Եմէնի ընդդիմութիւնը, յայտնելով, որ անիկա կ՛ուզէ ծրագիրէն առնել միայն այն, ինչ կ՛ուզէ, ընդգծելով, որ Ծոցի ծրագիրը մէկ ամբողջութիւն մը կը կազմէ:
– Ըստ պետական նորագոյն տուեալներուն, 2000էն 2010 երկարող տասնամեակին ընթացքին, Չինաստանի բնակչութեան աճը 5.84 տոկոս եղած է՝ 2010ի վերջաւորութեան երկրի բնակչութեան թիւը հասցնելով 1.34 միլիառի: Քաղաքներուն մէջ միայն մէկ երեխայ ունենալու իրաւունք տուող օրէնքին հետեւանքով եւ նկատի ունենալով, որ քաղաքաբնակներուն համեմատութիւնը բարձրացած է հասնելով 49.7 տոկոսի՝ բնակչութեան տարեկան աճը միայն 0.57 տոկոս եղած է սոյն տասնամեակին: Միաժամանակ, 60 տարիքը բոլորած քաղաքացիներուն համեմատութիւնը զգալիօրէն աճած է՝ հասնելով 13.6 տոկոսի:
– Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստ եւ ամէնէն աղքատ ընտրատարածքները կը գտնուին Նիւ Եորքի մէջ, եւ իրարմէ միայն 0.75 մղոն հեռու են: Մինչ նահանգին 14րդ ընտրատարածքը ամենահարուստն է (բնակիչներուն տարեկան միջին եկամուտը 60,099 տոլար է), 16րդ ընտրատարածքը ամէնէն աղքատն է (17,995 տոլար):
– Ըստ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան տուեալներուն, անցեալ տարուան ընթացքին հարուստ երկիրները 128.7 միլիառ տոլարի օժանդակութիւններ տրամադրած են թերաճ երկիրներուն: Ամերիկա, Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Ճափոն գլխաւոր նուիրատուներն են, սակայն եթէ օժանդակութիւնները նկատի առնուին տուեալ երկրի մը տնտեսութեան համեմատութեամբ, ապա Նորվեկիա, Շուէտ եւ Հոլանտա կը գրաւեան առաջին երեք դիրքերը:
– Միացեալ Նահանգներու Ընկերային ապահովութեան ծրագիրէն պետական օժանդակութիւն ստացած առաջին քաղաքացին եղած է Իտա Մէյ Ֆուլըր, որ 100 տարեկանին մահանալէ առաջ, 22,888.92 տոլար ստացած էր այս ծրագիրէն, հակառակ այն իրողութեան, որ իր ամսականներէն միայն 24.75 տոլար վճարած էր այդ ծրագիրին: