
ՊԵՆԿԱԶԻ, «Ռոյթըրզ».- Քազաֆիի ուժերը Ուրբաթ, Ապրիլ 29ին մուտք գործեցին Լիպիոյ սահմանակից Թունուզի Զուպէյպա քաղաքը, երբ կը հալածէին լիպիացի ըմբոստներ։ Ի տես իր երկրի սահմանի բռնաբարման, թունուզեան բանակը միջամտեց եւ քաղաքի կեդրոնին մէջ Քազաֆիի ուժերուն հետ բուռն բախումներէ ետք, զանոնք ետ մղեց դէպի Լիպիա։ Բախումներուն ընթացքին «քանի մը» զոհ արձանագրուած է եւ վիրաւորուած են 12 ուրիշներ:
Թունուզի կառավարութիւնը յայտնեց, որ խորապէս մտահոգ է եւ լիպիական կառավարութեան փոխանցեց, թէ նման բռնաբարումներ պէտք չէ կրկնուին: