
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Ապրիլ 28ի յետմիջօրէին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, թէ որոշած է իր պաշտօնէն հեռացող պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյցի փոխարէն նշանակել «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէն Լիոն Փընեթան, որուն փոխարէն, գաղտնի սպասարկութեան ղեկը պիտի ստանձնէ զօր. Տէյվիտ Փըթրէըս, որ առաջնորդած էր Իրաքի ու Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան գործողութիւնները:
Նաեւ, Օպամա Աֆղանիստանի մօտ Ամերիկայի դեսպան նշանակեց Ռայըն Քրաքըրը:
Շատ հաւանական կը նկատուի, որ Ծերակոյտը վաւերացնէ այս նշանակումները: