
ԵՐԵՒԱՆ,– «Արեւմտահայ գրականութիւնն իմ կեանքն է», ըսած է արեւմտահայ գրող Յակոբ Օշականը (Յակոբ Քիւֆէճեան), որուն գրական կեանքի շարք մը հարցերուն անդրադառնալու, ստեղծագործութիւնները գրականագիտական արդի չափանիշներով գնահատելու համար Ապրիլ 28ին Երեւանի Պետական համալսարանին (ԵՊՀ) մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով:
Գիտաժողովին կը մասնակցէին գրականագէտներ Գրիգոր Պըլտեան, Մարք Նշանեան, Պօղոս Սնապեան, Կիմ Աղաբեկեան, Հրաչ Սարիբէկեան եւ այլք:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախագահ Լիլիթ Գալստեան բացման խօսքին մէջ նշեց, որ Օշականը մտքի ու գրիչի վիթխարի հետագիծ ձգած է:
«Ինքն իր մասին դատելիս՝ ինքն իր տողով պիտի ասէր. «Կեանքի պարտէզներէն վռնտուած եմ», եւ չէր սխալուի, քանի որ իր ստեղծագործութիւնն իր կենսագրութիւնն էր, նաեւ մեր ժողովրդի կենսագրութիւնը», ըսաւ Լ. Գալստեան:
Գրականագէտ Մարք Նշանեան իր զեկոյցին մէջ կարեւոր համարեց Օշականի՝ գրականութիւնը իբրեւ վկայութիւն ընկալելու հանգամանքը:
«Օշական գրած է անգրելին, սրբագրած՝ անսրբագրելին, փրկած՝ անփրկելին… Գրողի մօտ կապ կայ սուրբերու հետ, եւ սուրբը գրելու հարց կայ: Օշականը կորուստը անցնել գիտէ», ըսաւ Նշանեան:
ԵՊՀ փրոֆեսէօր Կիմ Աղաբեկեան ալ նշեց, որ ինքնաճանաչման դպրոց է Օշականի ստեղծագործութիւնը: Աղաբեկեանի դիտարկումով՝ Օշականի պատկերած թուրքը միայն դահիճ չէ, այլ նաեւ ողբերգութեան մարդկային վկայութիւնը:
«Անոր ստեղծագործութիւններու հիմնական ատաղձը հայ եւ թուրք ժողովուրդներու յարաբերութիւններն են: Ուշագրաւ է, որ գրողը թուրքի արատաւոր կողմերուն հետ մէկտեղ ներկայացուցած է նաեւ հայերու արատներն ու թերութիւնները», ըսաւ ան, աւելցնելով, որ Օշականը ոչ միայն պատմութեան միջոցով կ՛անցնի, այլեւ՝ պատմութիւնը կը կրէ իր մէջ:
«Առաջարկում եմ գրողի երկերը թարգմանել թուրքերէն, որը պէտք է արուի պետական մակարդակով», նշեց Աղաբեկեան:
Արձակագիր, գրականագէտ Հրաչեայ Սարիբէկեան կը կարծէ, որ ոչ միայն Օշականի, այլեւ հայ գրականութեան լաւագոյն վէպը «Մնացորդաց»ն է:
Անուանի գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեան նշեց կարեւոր հանգամանք մը, որ վէպի արդիական ըմբռնումներուն Օշականը տուած է հայկական լուծում:
«Արեւմտահայ վէպը կը սկսի եւ կը վերջանայ Օշականով: Կայ հայ գրականութիւն եւ կայ Օշականի գրականութիւն, որ նոյնքան ծաւալուն է, որքան հայ գրականութիւնը: Զայն կարդալու համար պէտք է լեզուական իմացութիւն ունենաս, նաեւ զգացականդ զարգացած ըլլայ», ըսաւ Պըլտեան: