ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Ապրիլ 19ին, Պըրպենքի քաղաքապետութեան կողմէ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցը նշող հռչակագիրի ընթերցման արարողութենէն ետք, անկէ օրինակ մը յանձնուած է Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ժագլին Խոտապախշին: Բանաձեւը կարդացած է Պըրպենքի քաղաքապետ Անիա Ռէյնքէն:
Նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցած են Հայ Դատի յանձնախումբէն Կայծակ Շահպազեան, Ժագլին Խոտապախշ ու Պըրպենքի երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն Արփա Շահիճանեան՝ շեշտելով Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը: Ապա, քաղաքապետարանին առջեւ տեղի ունեցած է մոմավառութեամբ հսկում մը՝ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին ու ՀԵԴ «Վարագ» ուխտին կազմակերպութեամբ:
Ելոյթներ ունեցած են Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին քաղաքական յանձնախումբ ատենապետ Արմոնտ Աղախանեան, իսկ ՀԵԴ «Վարագ» ուխտէն Հիլթըն Սոքարզեան ու Արփա Շահիճանեան:
Մոմավառութեամբ հսկումին ընթացքին Ցեղասպանութենէն վերապրողներէ վկայութիւններ կարդացած են ՀԵԴ «Վարագ» ուխտէն Րաֆֆի Բրուտեանը, Դաւիթ Դաւիթեանը, Դալար Գոսագեանը եւ շրջանի Պատանեկան «Կայծակ» միութենէն Արսէն Չաղլասեանն ու Աւօ Տիշիկրիքեանը:
Այս նախաձեռնութիւնը աւանդութեան վերածուած է քաղաքին մէջ:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը մասնակցած է նաեւ Սաքրամենթոյի մէջ Ապրիլ 14ին կայացած Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն:
Պատուիրակութիւնը մաս կազմած է Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքական յանձնախումբի ատենապետ Արմոնտ Աղախանեան, Կայծակ Շահպազեան եւ Ռուբէն Տանիէլի, որոնք նաեւ հանդիպումներ ունեցած են Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ռիքարտօ Լարայի, Խաչօ Աշաճեանի ու Ֆիլիփ Ֆուէնթեսի հետ: