Հայաստանի ծառատունկ ծրագիրի (Armenia Tree Project) գործադիր վարիչ Տեֆ Մասսարճեան ու անոր տեղակալը՝ Ճէյսըն Սոհիկեան, Մարտ ամսուան ընթացքին Հարաւային Քալիֆորնիա այցելած են, ծրագիրը ծանօթացնելու եւ դրամահաւաք կատարելու նպատակով:
Մարտ 13ին, Տէյվիտ եւ Մարկրիթ Մկրուպլեաններու տան մէջ տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն մը, որուն մասնակցած են 40 համակիրներ, որոնց տեղեկութիւններ փոխանցուած է 1994էն ի վեր գործող սոյն կազմակերպութեան նորագոյն աշխատանքներուն մասին, որոնց շնորհիւ, ցարդ աւելի քան 850 վայրերու մէջ մէկ միլիոնէ աւելի ծառ տնկուած է:
Ընթրիքը հիւրընկալելու կողքին, Մկրուպլեանները որոշած են իւրաքանչիւր հիւրի անունով ծառ մը տնկել Հայաստանի մէջ:
Մարտ 11ին, ծրագիրի պատասխանատուները այցելեցին նաեւ Քանոկա Փարքի մէջ գտնուող ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեանի վարժարանը՝ աշակերտներուն ծանօթացնելով ծրագիրին աշխատանքները: Խումբ մը աշակերտներու նուիրատուութեամբ կարելի պիտի ըլլայ 55 ծառ տնկել Հայաստանի մէջ:
Այս ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր նիւթապէս օժանդակելու համար, այցելել www.armeniatree.org կայքը: