
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Եւրոնեսթ կազմակերպութեան փոխնախագահ ընտրուած է նոյն կազմակերպութեան մէջ Հայկական պատուիրակութեան ղեկավար, ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցիչ Վահան Յովհաննիսեան:
Նշենք, որ «Եւրոնեսթ»ի համանախագահներ դարձած են ուքրանացի պատգամաւոր Պորիս Դարասիվք եւ Քրիստիան Վիկենին՝ Եւրոպական խորհրդարանէն:
«Եւրոնեսթ»ը (Euronest) Եւրոմիութեան «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի խորհրդարանական խորհրդաժողովն է: Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն կը մասնակցին Եւրոխորհրդարանի 60 պատգամաւոր եւ անոնց տասը գործընկերները՝ Ուքրանիայէն, Հայաստանէն, Վրաստանէն, Ատրպէյճանէն, Մոլտովայէն: Հնարաւոր է, որ յետագային անոնց միանայ նաեւ Պելոռուսը: