
ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Գերմանիոյ Փոցթամ քաղաքին մէջ վերանորոգուեցաւ ու կրկին թանգարանի ձեւով բացուեցաւ գերմանացի Եոհաննս Լեփսիուսի տունը։ Տունը վերաբացուեցաւ իբրեւ «հայ զոհերու ոգեկոչման վայր»։ (Տես նաեւ երէկուան «Ասպարէզ»ը, էջ 4):
Բացման հանդիսութեան մասնակցեցաւ մշակոյթի հարցերով պետական նախարար Պերնտ Նոյման, որ ըսաւ, թէ հակառակ մեծ արգելքներու ու դժուարութիւններու, Լեփսիուս աշխատեցաւ մարդկութեան օգտակար ըլլալու համար։ «Ան 1916ին այս տան մէջ, սպառնալիքներու ու գրաքննութեան ճնշումի տակ գրի առաւ հայ ժողովուրդին այդ օրերու վիճակին մասին տեղեկագիր մը, եւ այսպէս՝ ամբողջ աշխարհին հաղորդեց, թէ օսմանցիները, Ա. աշխարհամարտի օրերուն ինչպիսի՛ վերաբերում ցոյց տուած էին հայ ժողովուրդին նկատմամբ», ըսաւ ան։
Նախարարը աւելցուց, որ 1915ին աւելի քան մէկ միլիոն հայեր իրենց կեանքը կորսնցուցին։ Գերմանիա շատ լաւ ծանօթ է այս իրադարձութեանց եւ այս պատճառով է, որ կը բացուի այս տուն-թանգարանը։ «Նպատակը հայերու ու թուրքերու միջեւ երկխօսութիւնը զարգացնել է», ըսաւ գերմանցի նախարարը։

Միւս կողմէ, «Էն.Թի.Վի.»ն եւս արձագանգ հանդիսացաւ Լեփսիուսի տան բացման, նշելով, որ նախարար Նոյման ըսած է, թէ այս տունը մշակութային հանդիպումներու վայր մը պիտի ըլլայ։ Նախարարը ըսած է նաեւ, հայոց տեղահանութիւնը Գերմանիոյ պատմութեան մէկ բաժինը կը կազմէ։ «Մենք՝ գերմաններս, յանցաւոր ենք, որովհետեւ լուռ կեցանք այս տեղահանութեան դիմաց, պէտք է ընդունինք այս ճշմարտութիւնը», ըսած է նախարարը։
Յայտնենք, թէ Լեփսիուսի պատրաստած տեղեկագիրը գերման իշխանութիւններու գրաքննութեան ենթարկուած էր, հակառակ անոր, որ տեղեկագիրէն 20 հազար օրինակներ բաշխուած էին։ Լեփսիուսի տեղեկագիրը Ցեղասպանութեան հարցով առկայ քանի մը գլխաւոր նիւթերէն մէկը կը նկատուի։
Գերմանական մամուլը բացման լուրին արձագանգ հանդիսանալու ընթացքին դիտել տուաւ, որ մինչ Թուրքիոյ մէջ փլուզումի կ՛ենթարկուի հայկական յուշարձանը )անկարկելով Կարսի արձանին), Գերմանիոյ մէջ նորը կը կառուցուի։
Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ բնակող թուրքերը ճնշում բանեցուցած էին թանգարանին բացումը կանխարգիլելու համար։
Տան նորոգութիւնը կէս միլիոն եուրօ արժած է: