
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը Չորեքշաբթի, Մայիս 4ին կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յատուկ թոյլտուութեամբ, Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հետաքննութիւն սկսած է Թուրքիոյ ազգային հետախուզական կազմակերպութեան՝ ՄԻԹի, նախկին աշխատակից Օզել Եըլմազի եւ նոյն կառոյցի աշխատակից կնկայ մը դէմ, որուն անունը չի յիշուիր։
Էրտողան հետաքննութիւն սկսելու վերաբերեալ թոյլտուութիւնը տուած է այս տարուան Յունուար 21ին, սակայն այդ լուրը նոր կը բացայայտուի:
Հրանդ Տինք իր սպանութենէն մէկ շաբաթ առաջ՝ Յունուար 12, 2007ին, իր գրած «Ինչո՞ւ ես թիրախ դարձայ» խորագիրով յօդուածին մէջ տեղեկացուցած էր, թէ Փետրուար 4, 2004ին կանչուած է Պոլսոյ նահանգապետարան, ուր երկու անձեր զինք զգուշացուցած էին, որ «ուշադրութիւն դարձնէ իր հրապարակումներուն»։
Տինք Պոլսոյ նահանգապետարան կանչուած էր, երբ իր յօդուածներէն մէկուն մէջ գրած էր, թէ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի հոգեդուստրը՝ Թուրքիոյ առաջին կին օդաչու Սապիհա Կէօքչեն, հայկական արմատներ ունի։
Որոշ ժամանակ ետք յայտնի դարձած էր, որ նահանգապետարանին մէջ Տինքի սպառնացողները ՄԻԹի աշխատակիցներ եղած են։
«Ռատիքալ»ի տեղեկութեամբ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը նախապէս մերժած էր Անգարայի դատախազութեան՝ ՄԻԹի դէմ Տինքի սպանութեան գործով հետաքննութիւն կատարելու երկու դիմումները։ Ըստ օրաթերթին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի կից գործող Պետական վերահսկիչ պալատի ներկայացուցիչները Ապրիլ 25ին, Տինքի սպանութեան գործին առնչութեամբ հանդիպում ունեցած են անոր ընտանիքի անդամներուն հետ։
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահը ամիսներ առաջ պետական վերահսկիչ պալատին հրահանգած էր ուսումնասիրել Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցը։